Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Այլեւս Լռած Է Աշխարհի, Ֆրանսայի Եւ Հայաստանի Խղճի Ձայնը Եղող Շարլ Ազնաւուր

$
0
0

ՔԵՄԱԼ ԵԱԼՉԸՆ

«Ակունք»-ը թրքերէնէն թարգմանաբար իր ընթերցողներուն կը ներկայացնէ Հայոց ցեղասպանութիւնն առաջինը ճանչցած գերմանաբնակ թուրք մտաւորականներէն մէկուն` յայտնի գրող Քեմալ Եալչընի յօդուածը` նուիրուած մեծ շանսոնիէ Շարլ Ազնաւուրի յիշատակին:

Անոր մայրը զմիւռնիացի Քնար Պաղտասարեանն էր, հայրը` ախալցխացի Միքայէլ Ազնաւուրեանը: Իսկական անունը Շահնուր Ազնաւուրեան էր: Ծնած է 1924-ին, Փարիզ: Անոր ճակատագիրը կանխորոշած էին իր ընտանիքին, պապերուն գլխուն եկած մեծ ողբերգութիւնները:

Զմիւռնիան  ճանչցած էր մօր պատմածներու յուշերով: Կը խօսէր ֆրանսերէն, անգլերէն, գերմաներէն եւ հայերէն, իսկ թրքերէնը սորված էր մայրիկէն:

Ան աշխարհին կը դիմէր ֆրանսերէն, անգլերէն, իտալերէն, սպաներէն, գերմաներէն եւ ռուսերէն երգերով: Վաճառուած են անոր 200 միլիոն սկաւառակները, եւ ան խաղցած է 70 ժապաւէնի մէջ:

Մայրը մահացած էր Զմիւռնիոյ հանդէպ կարօտով: Շահնուրը եւս, մօր նման, չկրցաւ Զմիւռնիա երթալ: Անոր ամենամեծ իղձերէն մէկն էր` Թուրքիոյ ու Հայաստանի միջեւ բարեկամութիւն եւ խաղաղութիւն հաստատուի եւ Կարս-Գիւմրի սահմանադուռը բացուի: Մեր աշխարհէն հեռացաւ այդ կարօտը սրտին մէջ, եւ այդ իղձը` չիրականացած:

Ֆրանսայի քաղաքացի դարձաւ: Ֆրանսացիները անոր Շարլ անունը տուին: 1988-ին Հայաստանի Գիւմրի քաղաքին մէջ ուժգին երկրաշարժ եղած էր: Քարը քարին չէր մնացած: 30 հազար մարդ զոհուած էր: Ողջ աշխարհը Հայաստանին օգնութեան ձեռք մեկնեց: Ամենակարճ ճանապարհը Կարսէն գացողն էր, սակայն Թուրքիան Կարսի սահմանադուռը փակե՛ց: Թուրքիան թոյլ չտուաւ, որ երկրաշարժէն տուժածներուն օգնութիւն հասցնողները անցնին այնտեղով:

Շահնուր Ազնաւուրեանը հիմնեց «Ազնաւուրը Հայաստանի համար» հիմնադրամը եւ ջանաց իր ամբողջ հնարաւորութիւնները ուղղել երկրաշարժէն տուժածներու վէրքերը ապաքինելու: Իր այդ ջանքերուն համար Հայաստանի կառավարութիւնը 2004-ին անոր շնորհեց «Հայաստանի Ազգային հերոս» բարձրագոյն կոչումը, իսկ Գիւմրի քաղաքի կեդրոնը տեղադրուեցաւ Ազնաւուրին արձանը:

2008-ին անոր Հայաստանի քաղաքացիութիւն շնորհուեցաւ: 2009-ին Ազնաւուրը նշանակուեցաւ Զուիցերիոյ մէջ Հայաստանի արտակարգ ու լիազօր դեսպան եւ այդ տարիէն սկսած ան դարձաւ նաեւ ՄԱԿ-ի մէջ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ:

Հայ ժողովուրդը, ի նշան երախտագիտութեան անոր կամաւոր աջակցութեան, Երեւանի մէջ գտնուող Քասքատի բարձրունքին  տուն մը նուիրաբերեց անոր: Ազնաւուրը իր այդ տան դռները բացաւ Սուրիոյ պատերազմէն փախած ու Հայաստան փախստականի կարգավիճակ ապրող սուրիահայերուն դիմաց:

Ազնաւուրը կը ցանկար, որ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ 1915-ին Հայոց ցեղասպանութեան հարցը լուծուի` բանական, տրամաբանական եւ պատմական փաստերու քննական լոյսին ներքեւ: Ան շատ ջանքեր գործադրեց ատոր ուղղութեամբ: 2011-ին իր հրատարակած գիրքին մէջ գրեց. «Ցեղասպանութիւն բառը սկսած է անհանգստացնել զիս, ես վրէժխնդրութեան զգացում չեմ տածեր Թուրքիոյ նկատմամբ»:

Շարլ Ազնաւուրը աշխարհի, Ֆրանսայի, Հայաստանի խիղճն էր: Ան նաեւ իմ զմիւռնիացի համերկրացին էր: Յարգանքով կը խոնարհիմ անոր յիշատակին առջեւ: Աստուած հոգին լուսաւորէ: Կը ցաւակցիմ Ֆրանսային եւ Հայաստանին:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>