ԱՐԱԶ ԳՈՃԱՅԵԱՆ
Երբ անզօր ենք ճակատագիրին կողմէ մեր առջեւ նետուած մարտահրաւէրներուն դիմաց, կ՛ապաւինինք Ամենակալին: Ան մեզի ցոյց կու տայ ճամբաներ, միջոցներ, կերպեր` դիմագրաւելու մեր դժուարութիւնները: Ես կը հաւատամ, որ Ցոլերն ալ Աստուծմէ մեզի ղրկուած պարգեւ մըն էր, որպէսզի Ցոլերին նայելով` փափուկնան մեր սրտերը, զօրանայ մեր հաւատքը եւ սիրենք կեանքը:
Տխրութեան եւ զայրոյթի խառնուրդ է, որ կ՛ապրիմ Ցոլերի ճակատագիրին հանդէպ, բայց նաեւ սէր ու հաւատք` այս կեանքին: Ցոլերին ծանօթացայ ԼԵՄ-ի շարքերուն մէջ: Ժպտադէմ, թեթեւ հոգիով եւ աշխուժ երիտասարդուհի էր: Նոր անցած էի թէ՛ ԼԵՄ-ի շարքերը եւ թէ՛ մասնաճիւղը, երբ Ցոլերին ընկերային վերաբերմունքը ինծի տուաւ ինքնավստահութիւնը` շաղուելու նոր միջավայրիս մէջ: Նախապաշարումներ եւ կանխադատումներ չունէր ընկերներու հանդէպ: Բոլորին կը մօտենար նոյն եռանդով, եւ իր աչքերուն մէջ կ՛արտացոլար արդէն իր անկեղծ մօտեցումը: Կը փայլէին անոր աչքերը, մանաւանդ երբ պատի թերթի յանձնախումբին մէջ աշխատէր ու իր գծագրութեան ձիրքերը ի գործ դնէր աշխատանքի յաջողութեան մէջ: Յանձնախումբի ժողովներուն ընթացքին, երբ անհամաձայնութիւններ կը ծագէին ու վերջ չէին ունենար, յաճախ սրամիտ կատակներով կը կանխէր վիճաբանութիւնները եւ, գրիչը առնելով, խաւաքարտին վրայ գործի կը լծուէր` միշտ յիշեցնելով, որ երկար ժողովները ժամանակի կորուստ էին: Կը զզուէր երկար ժողովներէն, կը նախընտրէր շարժիլ ու գործ արտադրել, քան` նստիլ ու խօսիլ:
Ճիշդ էր, որ Ցոլերին օրուան մեծամասնութիւնը ակումբի գործունէութեան մէջ կ՛անցնէր, բայց շատ ալ կառչած էր իր ընտանիքին` ծնողքին եւ եղբօրը: Ատոր համար Ցոլերը մեզ միշտ իր տունը կը հրաւիրէր: Ցոլերին համար երջանկութիւն էր իր տան մէջ իր ընկերներուն ներկայութիւնը: Բնաւ չէի հանդիպած Ցոլերին պէս հիւրասէր եւ կեանքը սիրող երիտասարդուհիի մը: Նոյնիսկ երբ առողջութիւնը աստիճանաբար սկսաւ դաւաճանել, որեւէ օր ան չդադրեցաւ մեզ իր մօտ հրաւիրելէ: Միշտ կ՛ուզէր շրջապատուած ըլլալ իր ընկերներով: Կեանքին կառչած էր բառին բուն իմաստով:
Բժշկական սխալ բուժումի մը պատճառով Ցոլերը սկսած էր կորսնցնել իր շարժումներն ու խօսելու կարողութիւնը, ատով հանդերձ, ան ոչ մէկ օր գանգատեցաւ, բողոքեց կամ յուսահատեցաւ, ընդհակառակը, լուռ էր իր ցաւերուն մէջ: Նոյնիսկ իր փայլուն աչքերէն արցունքը անձայն կը գլորուէր, որովհետեւ Ցոլերը չէր ուզեր տեսնել իր սիրելիներուն տրտմութիւնը, մանաւանդ` իր մօր, հօր եւ եղբօր, որոնց անձնուէր հոգատարութեան եւ ծով համբերութեան համար միշտ շնորհակալ էր եւ այդ մէկը կ՛արտայայտուէր ժպիտը դէմքին եւ կոպերը քիչ մը աւելի երկար գոցելով:
Օր մըն ալ Ցոլերը իր կոպերը առյաւէտ փակեց, դարձեալ առանց գանգատի, բայց` շնորհակալութեամբ: Ու թէեւ հրեշտակի նման կեանք մը ունեցաւ ան, որուն վերջին տասնամեակը իր առողջութեան տապալումով անցուց, ու թէեւ իր առողջութեան համար իր պայքարը, դժուարութիւններու մէջ իսկ կեանքին հանդէպ սէր ունենալը ինծի շատ բան սորվեցուցին, ու ես հասկցայ, որ ան չի կրնար ըլլալ ուրիշ բան, քան` աստուածատուր նուէր, բայց եւ այնպէս տակաւին չեմ կրնար չդառնանալ կեանքին հանդէպ: Բայց եթէ մէկ բանով կրնանք յաղթահարել ճակատագիրը, այդ ալ այն մխիթարութիւնն է, որ Ցոլերը այլեւս չի ցաւիր եւ երկինքի արքայութեան մէջ կը վայելէ իսկական երջանկութիւնը, որուն արժանի է ան: