Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Քառասուն Օրեր Առաջ Մեզմէ Յաւերժ Բաժնուեցաւ Խոսրով Քիւրտեանը

$
0
0

Հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ միշտ ալ պիտի տեսնենք, որ ճակատագիրը այսպէս եղած է այն մարդուն, որ որոշած է իր ժողովուրդին մէջ ապրիլ եւ հասնիլ անոր բոլոր կարիքներուն:

Նոյնն է պարագան Խոսրով Քիւրտեանին, որ փոքր տարիքէն եղաւ ժողովուրդին մէջ` ժողովուրդին համար, Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի օրերէն մինչեւ այսօր:

Ծնած էր մուսալեռցի ընտանիքի յարկին տակ, եւ հակառակ միւսներուն նման Այնճարը սիրելուն, ապրեցաւ եւ գործեց Պուրճ Համուտի իր համեստ թաղին մէջ:

Հազիւ երիտասարդական տարիքը բոլորած, յանկարծ բռնկեցաւ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը, եւ ինք արդէն պատնէշի վրայ էր` իր հօրը եւ երկու եղբայրներուն հետ: Ընտանեօք ստանձնեցին թաղամասի պահակութիւնը` այդ օրերու խմբապետ ընկ. Խաչիկ Պասմաճեանի պահակակեդրոնին մէջ: Անոնք ոչ մէկ օր հրաժարեցան այդ պարտականութենէն, այնպիսի դժուարին օրերու, երբ մեր թաղերուն մէջ քալելը նոյնիսկ անկարելի էր:

Ան ռմբակոծումներու ժամանակ նաեւ վիրաւորուեցաւ, բայց Աստուծոյ խնամատարութիւնը զինք փրկեց ստոյգ մահէն:

Երբ քիչ մը խաղաղած էր պատերազմը, Խոսրով նաեւ ինքզինք նուիրեց հայ մշակութային կեանքին եւ թատրոնի ճամբով երկար ատեն ծառայեց հայ բեմին` հանգուցեալ բեմադրիչ Վարուժան Խտըշեանի ղեկավարած «Թատրոն 67» թատերախումբին ընդմէջէն:

Ամուսնացաւ, ունեցաւ երկու զաւակ եւ մասամբ խաղաղ պայմաններու մէջ ապրեցաւ իր ընտանիքին հետ` ճակտի քրտինքով իր օրապահիկը վաստկելով, բարեկեցիկ կեանք մը ապրելու եւ տիպար հայր մը ըլլալու ձգտումով:

Բայց երբ գործը կանչեց, առաջին արձագանգողը եղաւ եւ ընդառաջեց «Սարդարապատ» կոմիտէի բոլոր կոչերուն` տալով իր ժամանակը եւ քրտինքը:

Ան չեղաւ շարքային դաշնակցական, բայց ինչ որ իրմէ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը պահանջեց, կատարեց պարտականութեան բարձր գիտակցութեամբ:

Հիմա մենք հանգիստ խղճով կրնանք ըսել, սիրելի՛ Խոսրով` դուն լիուլի կատարեցիր քու պարտականութիւնդ եւ հաւանաբար կը ցանկայիր ժողովուրդիդ համար զոհուիլ, որովհետեւ քեզի այդպէս սորվեցուցած էր քու դաստիարակդ` ընկ. Խաչիկը, որ ինք այդ այդ ճամբան ընտրած էր եւ այդպէս ալ եղաւ ցանկութիւնդ կատարուեցաւ: Գնա՛, միացի՛ր այն բոլոր տղոց, որոնք նահատակուեցան այս թաղերու ինքնապաշտպանութեան օրերուն կամ Արցախի լեռներուն վրայ, որովհետեւ նպատակը նոյնն էր բոլորին` Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան նպատակներուն եւ գաղափարներուն համար նահատակուիլ:

Հակառակ անոր որ դաշնակցութեան շարքերուն մէջ չեղար, բայց «Սարդարապատ» կոմիտէին եւ ընկերներուն անունով քեզի պիտի ըսենք` հանգի՛ստ ննջէ «ընկեր» Խոսրով, քու գործդ շարունակողները պիտի գան եւ մեր ժողովուրդը շնորհիւ անոնց պիտի շարունակէ իր հանգիստ կեանքը:

Հողը թեթեւ գայ վրադ:

ՀՅԴ «ՍԱՐԴԱՐԱՊԱՏ» ԿՈՄԻՏԷ

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>