Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Արժանաւոր Ընկերուհի Օրդ. Ալիս Գաթրճեանի Յիշատակին

$
0
0

Սուրիահայ տարեգրութեան մէջ անպայմանօրէն պիտի արձանագրուի անունը օրդ. Ալիս Գաթրճեանին, որ եղաւ աշխուժ ներկայութիւն ՍՕ Խաչի, Ազգ. Զաւարեան եւ Ազգ. Սահակեան վարժարաններու, ապա Քարէն Եփփէ Ազգ. ճեմարանին մէջ:

Սիրելի՛ ընկերուհի,

Շիջումդ ընտանեկան պարագաներդ եւ ճեմարանի մեծ ընտանիքը սուգի մատնեց: Սուգի մէջ է նաեւ Սուրիահայ օգնութեան խաչը, որովհետեւ ամբողջ էութեամբդ եղար միութեան ողնաշարը, միութենական արժէքներով, անբասիր էութեամբ ու հայկական մտածողութեամբ: Եղար սերունդներու դաստիարակ ու հայ լեզուի հանդէպ ունեցած սէրդ ու գուրգուրանքդ արտայայտեցիր երիտասարդ օրերէդ սկսեալ:

Չբաւարարուեցար կրթական մարզին նուիրուելով, այլ մասնակցութիւն բերիր ՍՕ Խաչի կազմակերպական կառոյցին` անդամագրուելով Նոր Գիւղի մասնաճիւղին:

Մասնակցեցար ՍՕ Խաչի անդամական ընդհանուր ժողովներուն, Շրջ. պատգամաւորական, ապա Համահայկական պատգամաւորական ժողովներուն` ըլլալով միշտ համեստ, միշտ պարկեշտ, օրէնքի պաշտպան, բծախնդիր ու ճշդապահ:

Մեծ ներդրում ունեցար Նոր Գիւղի դարմանատունէն եւ արծուեբոյնին մէջ: Գուրգուրոտ պահակը դարձար մասնաճիւղիդ գրադարանին եւ նուիրումի օրինակը` արծուիկ խմբապետներուն, որոնք հպարտօրէն քու գլխաւորութեամբդ կը կատարէին «Այցի օր»-ուան հանգանակութիւնը, ինչպէս նաեւ Ս. Ծննդեան  եւ Ս. Յարութեան տօներու բացիկներու բաշխումը` իրենց վիզերէն կախուած Կարմիր խաչի տուփերով:

60 տարի շարունակ ներկայութիւն եղար մասնաճիւղէդ ներս: Մեծ ներդրում ունեցար ՍՕ Խաչի ընկերաբժշկական կեդրոնի շինութեան ու ապա աշխատանքներու կազմաւորման մէջ:

1983-ին ՍՕ Խաչի անունով մասնակցեցար ՀՕՄ-ի Համահայկական պատգամաւորական ժողովին, Փարիզ, ընկերակցութեամբ երկու այլ ընկերուհիներու:

1960 – 1962 տարեշրջաններուն եղար Նոր Գիւղի մասնաճիւղի վարչական, ապա` արծուիկ խորհուրդ:

1967-ին դարձեալ կը հանդիպինք անունիդ` նոյն կազմերուն մէջ:

1971-ին եղար ՍՕ Խաչի Շրջ. վարչութեան անդամ եւ ստանձնեցիր արծուեբոյնի պատասխանատուութիւնը` դարմանատան կողքին:

1983-ին Շրջ. պատգամաւորական ժողովին կողմէ դարձեալ ընտրուեցար Շրջ. վարչութեան անդամ` կատարելով կազմակերպչական եւ ներքին դաստիարակչական աշխատանքներ:

1990-ին արժանացար ՍՕ Խաչի «Կանթեղ» բարձրագոյն շքանշանին:

1995-ին, առ ի գնահատանք բազմամեայ կրթական, մշակութային եւ բարեսիրական ծառայութիւններուդ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին կողմէ պարգեւատրուեցար «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով:

1998-ին ներկայ գտնուեցար Սօսէ Մայրիկի աճիւններու Եգիպտոսէն Հայաստանի Եռաբլուրի պանթէոն փոխադրութեան:

Սիրելի՛ ընկերուհի,

Սուրիահայ պատմութեան մէջ հին սերունդի պատկառելի նահապետներէն, դասընկերոջդ` ընկ. Երուանդ Փամպուքեանին հետ, տակաւին մօտիկ անցեալին կատարուած հարցազրոյցին, ֆիզիքապէս առողջ էիր, իսկ յիշողութիւնդ` անվթար: Այդ օրերուն լաւատես ու անընկճելի մարդու մը տպաւորութիւնը ձգեցիր բոլորին վրայ, քանի որ վարչական պատասխանատուութիւն ստանձնած օրերէդ ի վեր անթերի կերպով գործող, սկզբունքի տիպար ներկայացուցիչ մըն էիր:

Որքան բծախնդիր էիր մաքուր կենցաղի մը պարտադրած կանոններու կիրարկումին, նոյնքան անզիջող էիր  համոզումներուդ մէջ: Յամառօրէն կը պաշտպանէիր մեր աւանդութիւնները եւ կը պայքարէիր պատեհապաշտութիւններու դէմ:

Ջինջ զգացումներով տոգորուած անձնաւորութիւն մըն էիր, որ իր ապրած տարիներու մեծագոյն մասը յատկացուցած էր կրթական գործին` դառնալով հայերէնի բազմերախտ ուսուցչուհի:

Համեստ ու շնորհալի անձ մըն էիր, տոհմային առաքինութիւններով լեցուն: Քու օրերուդ ուսուցչական ասպարէզը աւելի դժուար էր ու ապերախտ, զուրկ` նիւթական գոհացումէ ու բաւարարութենէ, բայց ի՜նչ փոյթ® շարունակեցիր դասաւանդել ու յաւերժացնել անունդ:

Եթէ նկարագրենք կեանքդ, պիտի ըսենք. կեանք մը ամբողջ նուիրում` քեզի համար եւ մարդկային ընկերութեան համար:

Սիրելի՛ ընկերուհի Ալիս,

Բաւական երկար ժամանակ գործ տարիր մեր բոլորին հետ: Այդ երկար ճամբու ընթացքին առաջնորդեցիր, ղեկավարեցիր, քաջալերեցիր, սերունդներ դաստիարակեցիր եւ մեր մէջ դրոշմեցիր սէր` ծառայութեան նկատմամբ,  նշանաբան ունենալով հայակերտում եւ մարդուժի պատրաստութիւնը:

Հիւանդութեանդ դաժան օրերուն, բարի ժպիտդ դէմքիդ, ուրախութեամբ ընդունեցիր խաչուհիներու այցելութիւնները: Յաղթահարեցիր բազմաթիւ դժուարութիւններ, սակայն ներշնչեցիր մեզ ու սորվեցուցիր անշահախնդրօրէն մօտենալ ազգային գործերուն:

Իւրայատուկ կերպար մըն էիր. օրինակդ ամէնօրեայ ներկայութիւն պիտի ըլլայ քեզ ճանչցող կրթական մշակներուն եւ խաչուհիներուն սրտին մէջ:

Յանուն ՍՕ Խաչի մեծ ընտանիքին` կը խոնարհինք քու վաստակիդ ու յիշատակիդ առջեւ: Բի՜ւր յարգանք քեզի: Երախտապարտ ենք: Մեզի համար կը մնաս մե՛ծ, նոյնիսկ` շիրիմիդ անշունչ լռութեան մէջ:

ՍՕ Խաչի կամաւոր ընկերուհիներս հոծ թիւով պիտի շարունակենք մեր գործը, միշտ պիտի յիշենք քեզ, փորձառութեամբդ իմաստաւորուած, երկարատեւ աշխատանքովդ հարստացած արթո՛ւն պահակ, որ եղար պաշտօնով ղեկավար, սակայն ծառայ` հաւաքական աշխատանքին:

Յարգա՛նք քու վաստակիդ,

Յարգա՛նք քու յիշատակիդ:

ՍՕ ԽԱՉԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

2 սեպտեմբեր 2018


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>