Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Պահը Յաւերժացնող Սամուէլ Թադեւոսեանի Հետ («Յարատեւ Կռիւ» Փաստագրական Ժապաւէնի Ցուցադրութեան Առիթով)

$
0
0

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

Յայտնապէս, պահը, որուն կ՛ակնարկուի, սովորական կամ ընթացիկ կեանքին մաս չի կազմեր: Աւելի՛ն. անիկա այն պահն է, որով ազգ մը ամբողջ կը հպարտանայ, անով կը հարստանայ եւ յիշողութեան արմատները կ՛ամրապնդէ:

Արդ, ո՞վ կը համարձակի ըսել, որ յաղթելու կարողութիւնը, այսպէս ըսած, լոկ ի վերուստ տրուած յատկութիւն, շնորհ մըն է, որ կը պատկանի այս կամ այն ժողովուրդին, ազգին ու պետութեան: Այլ խօսքով, չեն եղած ու չկան յաւերժ պարտեալ կամ յաղթական ժողովուրդներ ու պետութիւններ:

Ընդհակառակն, յաղթանակներ կերտուած են շնորհիւ մարդկային անասելի տառապանքի, նուիրումի ու անմնացորդ զոհողութիւններու, յանուն հայրենիքի ազատագրութեան, ժողովուրդի բարօրութեան եւ գոյութենական պայքարի:

Մեզի` հայութեան համար, դարերու խորերէն հասած ճշմարտութիւն մը յաճախ ինքզինք պարտադրած է: Ճշմարտութիւն, որուն հասանելիութիւնը այդքան ալ հեզասահ չէ եղած, որովհետեւ իբրեւ քաղաքակրթութիւն ստեղծած ազգ, միշտ ալ անտեսած ենք գազան(ացած) մարդու (թշնամի թէ բարեկամ) ներկայութիւնը ամէն առիթի ու միջավայրի:

Եւ ատոր համար ալ շատ սուղ վճարած ենք ազգովին: Այսուհանդերձ, կրցած ենք վերականգնիլ, ամբարել ներուժ, գիտակցիլ ստեղծուած կացութիւններու եւ մարտահրաւէրներու ահաւորութեան, կառչիլ ազգային արժեհամակարգին եւ նետուիլ պատերազմի դաշտ, ամէն անգամ որ մօտալուտ եղած է բնաջնջումի սպառնալիքը:

Այո՛, նման յաղթանակի ու հրաշալի սխրանքներու ականատես եղանք մենք, եւ ապա` մարդկութիւնը համակ, երբ հայը յաղթեց զազրութեամբ բնորոշ թուրք-ազրպէյճանցիին եւ կրցաւ ազատագրել իր բռնագրաւուած հայրենիքը` Արցախը:

Փաստօրէն, մերօրեայ հայոց պատմութեան ոսկեայ էջերուն, պատուով արձանագրուեցան հայոց ինքնապաշտպանական մարտերը, քաջ տղոց հարուածող բազուկի ուժը, ռազմագէտ հրամանատարներու հնարամտութիւնը, բայց մանաւանդ` թշնամին զգետնելու հայու կամքն ու կորովը:

Արդեօք նման վեհափառ յաղթանակներ կարելի պիտի դառնայի՞ն առանց հայրենի հողի ուժին, որուն սնուցումը սուղ արժած է հայութեան համար, որովհետեւ հայրենի հողը պաշտպանուած է ու ցարդ կը պաշտպանուի միայն ու միայն զուլալ արեան հեղումով եւ կը ծաղկի դարաւոր քրտինքի շաղախումով:

Ահա մեծագոյն իմացումը` յաղթանակին: Յաղթանակ, որ իր կարգին կը մղէ մեզ ազգովին ըլլալու աւելի քան զգօն ու շրջահայեաց, լաւապէս ըմբռնելու, որ յաղթանակը նաեւ կը պարտաւորեցնէ, ձեւով մը կը պարտադրէ, որ հայութիւնը դիմէ առաւել ինքնաճանաչման եւ ինքնահաստատման:

Այս իմաստով ընդգծենք, որ նման ծառայութեան կոչուած է, ի շարս այլոց, ազնուասիրտ հայորդի, նուիրեալ ազատամարտիկ եւ վաստակաւոր բեմադրիչ ու հեղինակ-բեմագիր Սամուէլ Թադեւոսեան, որուն ստեղծագործական աշխատանքին քաջածանօթ է հայութիւնը, ի Հայաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի:

Յայտնապէս, իբրեւ այդպիսին, հայրենապաշտ բեմադրիչին միտքն ու հոգին, սիրտն ու բազուկը երբեք ալ դադար չեն ունեցած, խաղաղութեան թէ պատերազմի օրերուն: Փաստօրէն, Սամուէլ Թադեւոսեանի հայատրոփ զգացումներն ու անշպար ապրումները միշտ ալ ճառագայթած են անոր պատրաստած տեսերիզներուն մէջ, անոնք ըլլան խաղարկային, տեղեկագրական թէ փաստագրական:

Բեմադրիչ Սամուէլ Թադեւոսեանի յուզաշխարհը, պահը յաւերժացնելու կամքն ու կորովը, արուեստագէտի սուր նայուածքն ու անոր տեսախցիկի ոսպնեակը գրեթէ նոյնանպատակ գործած են, իրարմով շնչած եւ շնչաւորուած` յանուն հաւաքական յիշողութեան պահպանման:

Ահա գաղտնիքը անոր յաջողութեան եւ արգասաբեր աշխատանքին:

Փաստօրէն, Արցախի ազատագրական պայքարի օրագրութիւնն ու աննման տղոց սխրանքները արձանագրած Սամուէլի հոգին ու միտքը, ինչպէ՛ս պիտի կարենային հանգիստ մնալ, երբ, այս անգամ, քառօրեայ պատերազմին հայութիւնը կրկին կը նետուէր պարտադրուած պատերազմի դաշտ` յանուն հայրենիքի եւ ազգային արժանապատուութեան պաշտպանութեան:

1-4 ապրիլ 2016, դարանակալ թուրք-ազրպէյճանցին անակնկալ յարձակումներու կը դիմէր` բնաջինջ ընելու արցախահայութիւնը: Հայոց բանակը, իր կարգին, իր թիկունքին ունենալով ամբողջ հայութիւնը, իր ժայռապատ կուրծքով դէմ կը դնէ վայրագ թշնամիին անակնկալ յարձակումին եւ ի գին անդառնալի կորուստներու կը յաջողի զգետնել թշնամի հորդաներ ու ամուր պահել հայոց միջնաբերդը` Արցախը:

Ահաւասիկ նորօրեայ դիւցազներգութեան փաստագրումն է, որ լոյսին կ՛ուզէ բերել  յանձնառու ու խիզախ արուեստագէտը եւ հայոց հոգեմտաւոր շտեմարանին յանձնել իրական պատմութիւն մը, որուն դերակատարները Արարատապաշտ մեր տղաներն էին եւ ե՛ն, իսկ միջավայրը` հայրենի սուրբ հողը:

Այս իմաստով յիշատակելին այն է նաեւ, որ բեմադրիչը առանց վարանումի եւ քաջաբար կը շեշտադրէ ազգային այն արժանիքները, որոնք պատնէշ եղած են եւ մեզ պաշտպանած ոսոխի բոլոր խժդժութիւններուն դէմ: Ան յաւերժացնելէ ետք մարտերը, կ՛արձագանգէ այն բիւրեղ երեւոյթին ի տես, երբ հայութիւնը մէկ մարդու նման ոտքի կանգնած օգնութեան կը հասնի հայոց բանակին` զօրավիգ կանգնելով անոր բոլոր աշխատանքներուն:

Միւս կողմէ, սփիւռքահայութիւնը առանց ժամանակի կորուստի կը դիմէ լայնածիր քարոզարշաւի` Արցախ ուղարկելով օտար լրագրողներու իրերայաջորդ խումբեր, որոնք իրենց ականատեսի վկայութեամբ կը ջատագովեն հայութեան ուժն ու դիմադրական պայքարը:

Բեմադրիչ Սամուէլ Թադեւոսեանի ոսպնեակը մեծ խանդավառութեամբ եւ երկիւղածօրէն լուսանկարած է այնպիսի պատկերներ, որոնք կը հանդիսանան հայ ժողովուրդի փառքն ու պատիւը: Մէկ խօսքով` ան նկարահանած է հայոց նորօրեայ մարտերուն գունաւոր երեսները, որոնք դաստիարակիչ բնոյթ ունին եւ հայութիւնը կը մղեն առաւել ինքնաճանաչման ու ինքնավստահութեան:

Այսօր, եթէ երբեք ազգովին կը տառապինք արդիական քարոզչամիջոցներ որդեգրելու յապաղումէն, ահա որոշակի բաց մը կը լրացնէ Սամուէլ Թադեւոսեան, որուն համար հայութիւնը միշտ ալ երախտապարտ պիտի մնայ:

Ինչ կը վերաբերի ՀՅԴ «Շուշի» կոմիտէի նախաձեռնութեան, որ առաջինը չէ Սամուէլ Թադեւոսեանի աշխատանքները լիբանանահայութեան ծանօթացնելու տեսակէտէն, արժանի է բոլորիս գնահատանքին, որովհետեւ անիկա կրկնակի իմաստ եւ հնչեղութիւն ունի այս օրերուն:

Փաստօրէն, ինչպէ՞ս չուրախանալ եւ չոգեւորուիլ, երբ նախաձեռնութեան կ՛ընդառաջեն ամէն տարիքի հայորդիներ, մասնաւորաբար` հայ աշակերտներ, որոնք ներկայ ըլլալով ժապաւէնի ցուցադրութեան եւ լսելէ ետք նոյնինքն բեմադրիչի խօսքն ու պատգամը, շարժասրահէն կը հեռանան երկիւղածօրէն, աւելի հայացած եւ առաւել ինքնավստահութեամբ լեցուած:

Իրօք, դաշնակցական կոմիտէն «Յարատեւ կռիւ» փաստագրական ժապաւէնի ցուցադրութիւնը իրականացնելով, արդէն իսկ ծարաւը յագեցուցած կ՛ըլլայ գաղութահայութեան, եւ ի մասնաւորի` երիտասարդութեան, որ մօտէն կ՛ուզէ առնչուիլ Հայաստանի ու հայութեան իւրաքանչիւր դէմքի եւ իրադարձութեան:

Աւելի՛ն. ՀՅ Դաշնակցութեան հիմնադիր երրորդութեան` Քրիստափորի պատգամը խորհրդանշող ժապաւէնը` «Յարատեւ կռիւ»-ը, խորքին մէջ հայոց պատմութենէն մեզի ժառանգուած պատգամն է, որով կրցած ենք ապրիլ ու գոյատեւել, երբ ցոյց տուած ենք մեր բազուկը, միասնութիւնն ու կամքը, եւ բարձր պահած ենք մեր ազգային արժանապատուութիւնը:

Հայրենի վաստակաւոր արուեստագէտին, «Խոնարհ հերոսներ» ֆիլմաշարի հեղինակ Սամուէլ Թադեւոսեանի փաստագրական այս ժապաւէնը, խորքին մէջ նուաճում մըն է ինքնին, որ կը նպատակադրէ առաւել ուժեղացնել եւ ամրապնդել հայոց միջեւ առհաւական կապը` իբրեւ պատուանդան հետագայ յաղթանակներու:

3 հոկտեմբեր 2018


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>