Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ
Ազնաւուրը բարձրացաւ երէկ:
Այո՛, բարձրացաւ բեմէն:
Բարձրացաւ ընթացիկ մարդկութենէն:
Բարձրացաւ իր ֆրանսական հպատակութենէն:
Բարձրացաւ իր հայկականութենէն:
Եւ այլեւս բարձր պիտի մնայ մեր բոլոր ժամանակներուն մէջ: Պիտի մնայ հոն, մնայուն, ոչ թէ հեռացածի տպաւորութեամբ, այլ` բարձրացածի:
Պէտք չէ «ազգայնացնենք» անոր սուգը:
Ընդհակառակն` ատիկա կրնայ նսեմացնել անոր յիշատակն ու համբաւը:
Ազնաւուրը կեանք էր, եւ կեանքը չի մեռնիր: Անոր վերջին հրաժեշտը եղաւ ժպիտով եւ ծափերով: Այն ժպիտը, որ իր խօսքերուն ընդմէջէն կ՛ուրուագծուէր իր անմեղ եւ բարի դէմքին վրայ:
Ազնաւուրը համաշխարհային ու համամարդկային երգիչ էր եւ միեւնոյն ժամանակ աշխարհի մէջ հայ ժողովուրդի խտացած պատմութիւնը ունէր:
Ազնաւուրի ապրելու, պայքարելու, սիրելու, հիասթափուելու, արտադրելու, ստեղծելու եւ մանաւանդ դժուարութիւնները յաղթահարելու կամքը կը թագադրուի իր բարութեամբ:
Յուղարկաւորութեան արարողութեան ժամանակ Հայաստանի վարչապետին եւ Ֆրանսայի նախագահին խօսքերով ճիշդ է, որ իբրեւ հայ բոլորս զգացինք, որ հարազատ մը կորսնցուցինք, սակայն միեւնոյն ժամանակ աշխարհը զգաց, որ բարութեան, մտքի, բառի եւ զգացումի համամարդկային խորհրդանիշ մը կորսնցուց:
Ազնաւուրի բարձրութիւնը այն է, որ միայն մերը չէ, անոր համամարդկային երաժշտական եւ արուեստի արժէքը կ՛ամբողջանար անոր մարդկային մեծութեամբ:
Մտածումներս կ՛ուզեմ փակել արուեստագէտներու երկու վկայութեամբ:
«Փոքրիկ հսկայ»:
«Հիմա բոլորս որբացանք…»: