ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ
7 հոկտեմբեր 2018-ին տեղի պիտի ունենայ Պրազիլի ընդհանուր ընտրութիւններուն առաջին փուլը, իսկ եթէ այս փուլին նախագահի ոեւէ թեկնածու քուէներուն 50 առ հարիւրը չապահովէ, 2-րդ փուլը տեղի պիտի ունենայ 28 հոկտեմբեր 2018-ին:
Այս ընտրութիւնները, քաղաքական եւ շրջանային առումով, բեւեռացած ու թէժ մթնոլորտի մը մէջ տեղի կ՛ունենան:
Երկրի աջակողմեան իշխանութիւնները արդէն յերիւրածոյ ամբաստանութիւններ ուղղեցին գլխաւոր ձախակողմեան Բանուորական կուսակցութեան առաջադրած նախագահի թեկնածու Լուիս Ինիասիօ Լուլա Տա Սիլվային դէմ, եւ անոր թեկնածութիւնը արգիլուեցաւ Գերագոյն ընտրական դատարանին կողմէ*:
Լուլայի փոխարէն` Բանուորական կուսակցութեան նախագահի թեկնածութիւնը ստանձնեց Ֆեռնանտօ Հատտատը: Հատտատը լիբանանցի գաղթականի զաւակ է. ան երիտասարդ տարիքին իր հօրը հետ աշխատած է` իբրեւ դերձակ: Ուսանած է իրաւաբանութիւն եւ ուսանողական տարիքին մաս կազմած է ռազմապաշտական խունթային դէմ պայքարի շարժման: 2005-2012 թուականներուն ան եղած է կրթութեան նախարար. իր նախարարութեան ժամանակաշրջանին ան պետական յաւելեալ ծախսեր տրամադրած է մանկապարտէզներուն, դպրոցներուն եւ համալսարաններուն, 14 հանրային համալսարաններ եւ 214 արհեստագիտական դպրոցներ կառուցած է, առաւել` կրթութեան նպաստող գոյքեր բաշխած է աշակերտներուն եւ ուսանողներուն: 2013-2017 թուականներու ընթացքին ան կը դառնայ Պրազիլի ամէնէն մարդաշատ` Սան Փաուլօ քաղաքի քաղաքապետ, եւ իր քաղաքապետութեան ընթացքին իր գլխաւոր ձեռքբերումները եղած են` 23.445 փոքր ձեռնարկութիւններու ստեղծում, 12 ատամնաբուժութեան կեդրոններ, հանրային «Ուայ. Ֆայ.»-ի դրութիւն եւ 12,4 քմ երկարութեամբ հեծանիւի ճամբայ:
Բանուորական կուսակցութիւնը այսօր Հարաւային Ամերիկայի` Վենեզուելայի ու Նիքարակուայի մէջ գտնուող իր գաղափարակից կուսակցութիւններուն նման` մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւէ աջակողմեան կուսակցութիւններու կողմէ: Աջակողմեանները, ոգեւորուած ըլլալով Միացեալ Նահանգներու մէջ աջակողմեան նախագահ Տոնալտ Թրամփի ընտրութեամբ, սկսած են դիմելու ծայրայեղ միջոցներու` սուտ լուրեր տարածելով, քաղաքականացնելով ու խլելով դատական մարմինի անկախութիւնը` դուրս մղելու ձախակողմեան կուսակցութիւնները կառավարութենէն:
Այդպէս ընելով` ի՞նչ պիտի իրականացնեն աջերը. պարզ է բոլորին, ինչ որ Արժանթինի եւ Չիլիի մէջ աջակողմեան կառավարութիւնները կ՛իրականացնեն` նոր-ազատականութիւնը եւ ընկերային պահպանողականութիւնը, այսինքն` խստամբերութիւն, աշխատաւորներու իրաւունքներու խախտում, արհեստակցական միութիւններու դերակատարութեան սահմանափակում, սեփականաշնորհում, դրամատուներու ապահսկողութիւն եւ կիներու իրաւունքներու անտեսում:
Պրազիլի մէջ աւելի վատը տեղի պիտի ունենայ, եթէ ընտրուի ծայրայեղ աջի թեկնածու Ժայիր Պոլսոնարիոն. ան բացայայտօրէն պաշտպան կը հանդիսանայ 1967-1985 տեւած ռազմապաշտական խունթայի բռնատիրական կառավարութեան եւ ծանօթ է իր կրօնամոլութեամբ, սեռային հիմքի վրայ խտրականութիւն սերմանելու իր մօտեցումներով ու նոր-ազատականութեամբ օժտուած սեփականաշնորհման ախորժակներով:
Պրազիլի մէջ Բանուորական կուսակցութեան յաղթանակը պիտի հանդիսանայ մեծ յաղթանակ բոլոր այն փորձերուն դէմ, որոնք կը միտին ծայրայեղ աջի փորձը Միացեալ Նահանգներէն եւ Եւրոպայէն արտածել Հարաւային Ամերիկա եւ ստեղծել բեւեռացման մթնոլորտ մը, որ միայն նպատակ ունի կառավարութիւններէն դուրս մղել ձախակողմեան կուսակցութիւնները եւ անոնց փոխարէն` մէջտեղ բերել (նոյնիսկ` զարտուղի միջոցներով) աջակողմեան ուժեր:
Ուրեմն, Բանուորական կուսակցութեան նախագահութեան թեկնածու Ֆեռնանտօ Հատտատի յաղթանակը եթէ իրականանայ, ապտակ մը պիտի ըլլայ ո՛չ միայն մարդկային երկու բացասական հիմքերով (նոր-ազատականութիւն եւ ծայրայեղ աջ) դաստիարակուած նախագահին, այլ նաեւ` անոր շրջանային ու միջազգային գաղափարակիցներուն եւ անոնց հովանաւորներուն:
http://www.aztagdaily.com/archives/356712