ԾԱՒԻ ՊԻԼԱԼԵԱՆ
Մանկութեան առաջին մտերմութիւնս:
Մտերմութիւն մըն էր անիկա, որ կը տարբերէր մեր երեւակայածէն: Սրտի եւ ականջի ընկեր մը, որուն բախտը կ՛ունենայի հանդիպելու գրեթէ ամէն օր:
Հանդիպումս անոր հետ կը սկսէր մօրս առած քայլով, երբ ան կը միացնէր ձայներիզը, եւ արդէն գիտէի, որ ժամանակը կը հասնէր կրկին խնճոյքի նստելու եւ պարելու, միշտ պատրաստ բառերդ մանկութեան լեզուիս յարմարցնելով` թռիչք առնելու դէպի այդ օրուան զգացումներն ու պալատը:
Թէեւ այդ ատեն չէի հասկնար բառերդ, ինչպէս ուրիշներ բառացի քեզ կը հասկնային, բայց երբ ձայնդ լսէի, այլեւս ամէն ինչ թափանցիկ կը դառնար ինծի:
Այլեւս բոլոր երկինքներն անգամ պայծառ կը դառնային:
Նոյնիսկ յարաբերութիւնը եւ կապը մարդոց միջեւ կը ցատկէր աւելի բարձր մակարդակի, եւ այդ բացատրութեամբ ալ իմ կապս կրնամ յայտնել:
Պարզապէս բառերը հասկնալն ու ապրիլը չէ: Երաժշտութեան մէջ «մխրճուած» իւրաքանչիւր ձայնն ու լռութիւնն է, բառերուն ետին կանգնող սրտերն ու պատմութիւնները, ժպիտներն ու արցունքները, մարդը հրաւիրելով երգելու կեանքէն քանի մը քայլ անդին:
Դուն ոչ թէ կ՛երգես ֆրանսերէն կամ տարբեր մարդոց ստեղծած լեզուներով, այլ` մարդկային զգացումի լեզուով:
Քու մարմնիդ թրթռացումներուն վրայ է, որ կեանքս կը հիւսէի, որ ինծի կ՛արտօնէր ապրիլ. շատեր նոյնիսկ յետմահու պիտի չկարենային ըմբռնել այդ զգացումը:
Յաւերժ կը յիշեմ այդ ոսկեայ ժամերը` անցուցած քու ձայնովդ ստեղծուած երդիքին տակ, ուր կը դառնայիր մանուկ սրտիս մտերիմ աչքը, ականջն ու անոր զարկերուն հասնողը` ձեռքէս բռնելով եւ առաջնորդելով զիս դէպի քու անսահման սրտիդ գիրկը:
Գիրկ մը, ուր ժողովուրդներ հանգստացած են, վերածնունդ ապրած եւ կը շարունակեն այդպէս ապրիլ:
Այդ պահերը, երբ յատուկ երգի մը վրայ կախուելով` մօրս կ՛ուղղուէի եւ կը փորձէի հասկնալ այդ երգին բառերը, եւ հոն է, որ կ՛իմանայի այդ կապը, որ ստեղծուած էր ոչ թէ բառերուն, այլ հասարակաց զգացումներու փոխանակումին ու արտայայտութիւններուն վրայ:
Ճիշդ է, որ այս բոլորը սկիզբ առած են մօրս գիտակից մտքի եւ մատներու շարժումներէն, բայց ինքնավստահօրէն կու գամ ըսելու, որ զգացումի լեզուն վերջ չի ճանչնար:
Քու երգերուդ միջոցով կեանքեր ծնած, տեսած, ապրած եւ անշնչացած են, բայց ամբողջ էութեամբդ պիտի շարունակես կրկին պարել, որովհետեւ քու բոլոր շարժումներդ կը յորդէին անմահ հոգիէդ եւ բիւրեղ զգացումներէդ: Ձայն մը, որ արդիւնքն էր մարդու ձայնի եւ սրտի լարերու զուգահեռ սրբացած հարսանիքին: Եւ հետաքրքրական է, որ վերջին երկու օրերուն կապս քեզի հետ եղած էր «Mourir d՛aimer»-ի լարերուն վրայ:
Բարի՛ ճանապարհ, յաւերժի՛ ճամբորդ:
1 հոկտեմբեր 2018