Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Իրենց Ստեղծագործական Ուղին Ճշդած Երկու Գեղանկարչուհիներ

$
0
0

ՄՈՎՍԷՍ ԾԻՐԱՆԻ

Խրախուսանքի ազնիւ պիտակին տակ, արուեստագէտներու մասին երբեմն ներբողներ կը հիւսուին անարժանաբար: Ժամանակին մենք մեր հերթին նոյն սխալը գործած ենք, յատկապէս` երիտասարդներու եւ սկսնակներու պարագաներուն, այն վստահ համոզումով, որ մեր գովասանքները խթան պիտի հանդիսանան եւ պիտի բարելաւեն անոնց գործերու որակը:

Սակայն ի՞նչ կը պատահի:

Խնդիրը այն է, որ երբ արուեստագէտի մը (ըլլայ սկսնակ թէ հասուն տարիքի) իր արժէքէն շատ աւելի բարձր գնահատական տրուի, ան կը սկսի հաւատալ, թէ ինք արդէն իսկ մեծ եւ կայացած արուեստագէտ է ու կը մղուի ինքնախաբէութեան: Իսկ ինքնախաբէութիւնը ստեղծագործողի մը մեծագոյն թշնամին է, զոր կ՛առաջնորդէ դէպի լճացում եւ ի վերջոյ` դէպի կործանում: Քի՛չ, շա՜տ քիչ են անոնք, որոնք գիտակից` իրենց մակարդակին, գիտակից` արուեստի անհունութեան ու մեծութեան, առանց ազդուելու իրենց հասցէին ուղղուած շռայլանքներէն, կը դիմեն տքնաջան աշխատանքի` ձեռք բերելու համար իրենց կարողականութեան համապատասխան առաւելագոյն արդիւնքներ: Այս տեսակները  թէեւ կ՛ուրախանան եւ գոհ կը մնան յաւելեալ գովասանքներէ, սակայն անոնց յարգանքը կը պակսի զիրենք մեծարողին հանդէպ: Իսկ մնացածները մեծ մասամբ իբրեւ ճշմարտութիւն կ՛ընդունին ներբողները (յաճախ` գիտակցաբար), կը յոխորտան ու երբեմն կը դառնան նոյնի՛սկ ամբարտաւան ու ծոյլ: Իրականութեան մէջ յաւելեալ մեծարանքներու արժանացած ենթական չէ, որ կը բարձրանայ, այլ մեծարողն է… որ կը նսեմանայ: Մեկնելով այս փորձառութենէն` կը փորձենք չմսխել բառերը ու չպարպել զանոնք իրենց իմաստային բովանդակութենէն: Եթէ կ՛ուզենք օգտակար հանդիսանալ արուեստագէտներուն, եւ մեր միտքը բարի է, ապա  պարտինք հաշտ ըլլալ  մեր խղճին հետ ու լաւապէս կշռադատելէ ետք միայն պէտք է գործածենք բառերը:

Շատոնց որոշած էինք նմանօրինակ յառաջաբան մը գրել, սակայն հիմա ներկայացաւ առիթը, զոր անպատեհ չենք համարեր, որովհետեւ ստորեւ ներկայացուած երկու հայուհիները իսկապէս իրենց ստեղծագործական ուղին ճշդած գեղանկարիչներ են ու արժանի` գնահատանքներու:

Յասմիկ Գասպարեան

Սեւանը. գործ Յասմիկ Գասպարեանի

Երբ երիտասարդ տարիքին արուեստագէտ մը արդէն իսկ սկսած կ՛ըլլայ թափանցելու ինքն իր ներաշխարհի խորհրդաւոր ծալքերէն ներս ու կարողանայ  դրսեւորել իր խառնուածքին ու էութեան համապատասխան վիճակներ ու յոյզեր, կը նշանակէ, որ մենք դէմ յանդիման կը գտնուինք ի վերուստ օժտուած արուեստագէտի մը: Այս կարգի գեղանկարչուհիներէն կարելի է համարել Յասմիկ Գասպարեանը, որուն գործերուն բնոյթը ակամայ կը յիշեցնէ մեզի Ֆրիտա Քահլոյի արուեստը: Սակայն սխալ չհասկցուելու համար անմիջապէս աւելցնենք, որ ան ո՛չ իր ոճով եւ ո՛չ ալ շօշափած թեմաներով ազդուած չի թուիր ըլլալ Ֆրիտայէն: Կապը այն է, որ երկուքն ալ տագնապող կիներ են: Ֆրիտա Քահլոյին ստեղծագործական տանջահար կեանքը յայտնի է շատերու: Իսկ Յասմիկ Գասպարեանին տուայտանքները յստակ հասցէ չունին: Հաւանական է, որ անոնք առնչուին մերօրեայ վայրագ համամարդկային խժդժութիւններու ու ջրդեղուելէ ետք իր անթեղուած եսի խոր ու անթեղուած ոլորտներէն ներս, իբրեւ ստեղծագործական յղացք կը բացուին մեր ժամանակներու գերիրապաշտ ոլորտներու վրայ, ուր թափանցելը այնքան ալ դիւրին չէ շարքային ակնդիրի մը համար: Այնուամենայնիւ, իր ստեղծագործական հենքը կը հիւսուի սեփական տագնապներու շուրջ, որոնց մէջ կրնան կենսական դեր կատարած ըլլալ իր մանկապատանեկան հոգեմտաւոր «կուտակումներ»-ը, որոնք ի յայտ կու գան, նոյնիսկ երբ բնանկարներ կը պատկերէ ան: Այս առումով, յատկանշական է «Սեւանը», որ կը տարբերի զինք կանխող Սեւանի գեղեցկութիւնն ու հմայքը պատկերող գեղանկարիչներու գործերէն:

Բնանկար. գործ Յասմիկ Գասպարեանի

Անցնող օգոստոսին Երեւանի «Նարեկացի» արուեստի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Յասմիկին վերջին անհատական ցուցահանդէսին բացումը` «Սկիզբ» ընդհանուր խորագրին տակ: Սակայն այս ցուցահանդէսը սկիզբ մը չէ Յասմիկի արուեստի պարագային, այլ արդէն իսկ իր ստեղծագործական ուղին ճշդած արուեստագէտի մը արգասիքն են անոնք: Անոր արուեստը արժանի է յատուկ ուշադրութեան ու համապատասխան գնահատման:

Դալար  Աղպաշեան

Երկու նմուշ. Դալար Աղպաշեանի գործերէն

Խորհրդաւոր ներաշխարհի տէր այս հայուհին մասնագիտական նախնական կրթութիւնը ծննդավայրին` Լիբանանի մէջ ստանալէ ետք կը մեկնի Լոնտոն, ուր կ՛ընդունուի եւ կ՛ուսանի «Սենթ Մարթինզ քոլեճ օֆ արթ էնտ տիզայն» արուեստի բարձրագոյն հիմնարկը: Մագիստրոսի աստիճանով վկայուելէ ետք, իր ստեղծագործական կեանքին զուգահեռ, յաջորդաբար կ՛աշխատի նաեւ Լոնտոնի Ազգային պատմութեան եւ «Վիքթորիա էնտ Ալպըրթ» թանգարաններէն ներս՝ իբրեւ արուեստի հոգատար (curatօr): Իսկ 1998-էն սկսեալ իր գործերը կը սկսի ցուցադրել շարք մը երկիրներու մէջ, որոնց ընթացքին կ’արժանանայ անգլիական «Ճոն Մուրս» պատուաբեր մրցանակին: Թէեւ այս իրողութիւնները մակարդակի առումով ինքնին բան մը կը նշանակեն, սակայն Դալարին գեղարուեստական արժանիքը կը կայանայ անոր արուեստի ինքնատպութեան ու անդրաշխարհային արտայայտչականութեան մէջ: Ան ինքնախորացման եւ ինքնաորոնման ծիրի վրայ կարծէք թէ կը յայտնաբերէ այն մոլորակը, ուր կեանքի հետքերը կան, բայց կեանքը չկայ: Լքուած տարածքներ, որոնք իմաստաւորուած են բնութեան ձեւազեղծուած յուշարձանանման կերպերով, առեղծուածային ամայքներով, անձաւներով ու խոռոչներով, որոնք աւելի բովանդակալից ու իմաստալից կը դառնան, երբ աւերուած տարածքներու վրայ կ՛երեւին նաեւ կիսափուլ շէնքեր, տուներ, խրճիթներ ու չորացման ենթակայ տարբեր տեսակի ծառեր, որոնց վրայ կարծէք թէ ճակատագրականօրէն ագուցուած կը թուին ըլլալ կնոջական երկար վարսերու փունջեր, որոնք պատահականութեան մը արդի՞ւնք են արդեօք, թէ՞ հեղինակը գիտակցաբար պատկերած է զանոնք` իբրեւ վաղանցուկ գեղեցկութեան վկաներ եւ կամ` կենսունակ կեանքի յիշատակ, որովհետեւ կնոջական վարսերը անկեանք ու թափուելիք նիւթեր չեն,  ընդհակառակը, մազը ոչ միայն զգայուն օրկան է, այլեւ յագեցած է տարփալից զգացողութեամբ, եւ կարեւոր դեր վերապահուած է անոր սեռային յարաբերութիւններու ընթացքին:

Դալար Աղպաշեանին ստեղծագործական աշխարհը իր գերիրապաշտ բնոյթով ու երեւակայական տեսիլքներով այնքան բարդ է ու հանելուկային, որ անկէ ներս թափանցելու համար կարիքը կը զգացուի լուրջ վերլուծումներու եւ մեկնաբանութիւններու:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>