Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Հարիւրամեակ Արարայի Յաղթանակին . Պաղեստին (14 Սեպտեմբեր 1918-1919 Սեպտեմբեր 2018) Արեւելեան Լեգէոնը Կը Դառնայ Հայկական Լեգէոն – Légion Arménienne

$
0
0

ԼԵՒՈՆ ՃԵՐՄԱԿԵԱՆ

1.- Պօղոս Նուպար Փաշա Կը Ստորագրէ Սայքս- Փիքօ Դաշնագիրը

Աւետիս Ագօղլանեան Կեսարիա-Էֆքերեցի մարտիկներէն, Հայկական լեգէոնին մէջ, նկարուած` Պէյրութ, 1970-ին

Համաշխարհային Ա. պատերազմին (1914-1918) մեծ դաշնակիցներ Անգլիա եւ Ֆրանսա իրենց կողքին ունեցան փոքր դաշնակից մըն ալ` յանձինս Արեւելեան լեգէոնի չորս գումարտակներուն` 5000 հայ զինուորներ, որոնք կռուեցան թրքական եւ գերմանական միացեալ ճակատներուն դէմ: Արարայի յաղթանակէն ետք այս լեգէոնը կոչուեցաւ Հայկական լեգէոն, Légion arménienne:

Անգլիա եւ Ֆրանսա, իրենց յաղթանակին վրայ վստահ, 1916-ին ծրագրած էին Արեւելքը իրենց մէջ բաժնել` Կիլիկիան, Սուրիան եւ Լիբանանը` Ֆրանսային, իսկ Պաղեստինը, Յորդանանը եւ Իրաքը` Անգլիոյ: Մարք Սայքս Անգլիոյ կողմէ, իսկ Ժորժ Փիքօ Ֆրանսայի կողմէ համաձայնութիւններ գոյացուցած էին: Լուր տրուած էր նաեւ հայկական պատուիրակութեան նախագահ Պօղոս Նուպար փաշային:

Պօղոս Նուպար փաշա կ՛երթայ Լոնտոն եւ Սայքս-Փիքոյի հետ կը կնքուի դաշնագիրը 27 հոկտեմբեր 1916-ին: Հայ կամաւորները պիտի մարզուէին ֆրանսական պետութեան հովանիին տակ եւ վճարուէին ֆրանսական պետութենէն, անոնք պիտի կռուէին Արեւելքի մէջ, պաղեստինեան ճակատէն սկսելով` հասնելով մինչեւ Կիլիկիա: Գումարտակները, հայ եւ արաբ, պիտի կոչուէին Արեւելեան լեգէոն: Հայերը յաղթանակէն ետք պիտի ունենային ինքնավարութիւն Կիլիկիոյ մէջ:

Այս թուականին կատարուած էր հայութեան կոտորածը, եւ հայութիւնը վրէժով եւ կատաղութեամբ լեցուած հեռու Ամերիկաներէն կը խուժէր Ֆրանսա, ապա` դէպի Կիպրոս եւ Եգիպտոս: Պատերազմը կը շարունակուէր, ծովերը անապահով դարձած էին, գերմանական ընդծովեաները կը վխտային: Կամաւոր(1) մը, որ կու գար Ամերիկայէն, իր ընկերներով կը հասնի Ֆրանսա եւ ապա` Կիպրոս. իրենց նաւը «Օրլի» անունով, յարձակման կ՛ենթարկուի գերմանական ընդծովեայի մը կողմէ, երկու մեքենավարներ կը մահանան, ուրիշ մը կը վիրաւորուի, հայ զինուոր մը կ՛ազատէ այս վիրաւորը: Անգլիական նաւ մը կ՛ուզէ քաշել նաւը, սակայն կը հեռանայ, որովհետեւ նոյն ընդծովեան կրկին կը հարուածէ «Օրլին», այս անգամ նաւը կը սկսի ընկղմիլ, շուտով նաւակներ կ՛իջեցնեն եւ կը հեռանան: Կամաւոր Մինասը կը գրէ. «Յանկարծ տախտակամածին վրայ մարդ չմնաց, կայինք կեսարացի Գալուստը եւ ես, գտանք երկու կտոր մեծ տախտակ, իրարու կապեցինք եւ իջանք ծով»: Անգլիական նաւը կը վերադառնայ եւ կը հաւաքէ նաւակները, բոլորը կ՛ազատին, սակայն տղաքը կ՛անդրադառնան, որ երկու հոգի բացակայ է, նաւապետը բարի կ՛ըլլայ վերադառնալու եւ գտնելու  տախտակի վրայ երկու մնացողները, եւ կը փրկուին կամաւոր Մինասը եւ իր ընկեր կեսարացի Գալուստը(2):

Պէտք է ըսել, որ բազմաթիւ հայեր Եղեռնէն առաջ գաղթած էին Եւրոպա եւ Ամերիկաներ, արդէն սփիւռքը ստեղծուած էր: Կեսարիայէն եւ շրջակայ գիւղերէն ալ շատ երիտասարդներ գաղթած էին: Այս տողերը գրողին հօրը պզտիկ հօրեղբայրը` Աւետիսը, որ ճանչցայ Պէյրութ, 1965-ին, ղրկուած էր Պոսթըն, 1912-ին, իր կնոջ հետ եւ հոն վարձած էր պանդոկ մը եւ վարձու կու տար Արեւմտահայաստանէն եկողներուն: Հոն կային Կեսարիայէն, Թալասէն, Էֆքերէէն եկողներ: Ղրկուած էր, ըսի, Աւետիսին համար, որովհետեւ ըմբոստ նկարագիր ունէր եւ Էֆքերէի մէջ ոեւէ թուրք, որ բռնութիւն կը բանեցնէր, դասը կ՛առնէր: Մեծ եղբայրը կը համոզէ զինք, որ մեկնի Ամերիկա այլ ընկերներու հետ, եղբայրը դժուարութիւններ չէր ուզեր ունենալ: Աւետիս, երբ կը լսէ կոչը,  պանդոկը կը ձգէ իր ընկերոջ եւ երկրորդ նաւով Ամերիկայէն Կիպրոս կը հասնի, անկէ` Փոր Սայիտ: Իրեն հետ կ՛ըլլայ նաեւ Աւետիսի կեսարացի ծանօթը` Կարապետ Հոռոմեանը, Տիթրոյթէն, որ նոյնպէս զինուոր կ՛ըլլայ Հայկական լեգէոնին մէջ եւ կը մասնակցի Արարայի եւ Կիլիկիոյ կռիւներուն:

Հայկական լեգէոնի սպաներէն Վարդան Ճիհանեանը, որ կ՛ապրէր Պէյրութ, Աւետիսի մահուան առիթով (1970) գրած է «Ազդակ»-ի մէջ(3) «Ազգային զօրաւոր նկարագրով օժտուած, յաղթանդամ ու բարձրահասակ այս հայորդին երբեք վախ չէր ճանչնար, անարդարութեան չէր հանդուրժեր: Զինք ճանչցայ Փոր Սայիտի մէջ: Յետոյ` Կիպրոսի մէջ, բանակումներու ընթացքին: Աւելի ուշ` պաղեստինեան ռազմադաշտին վրայ, երբ իր յիսնեակը կը փոխարինէր անգլիացի զինուորները: Արարայի ռազմաճակատին վրայ, արեան դէմ վրէժ եւ մահուան դէմ ազատութիւն մռնչող առիւծներու հետ, վճռականօրէն դէպի թրքական խրամները խոյացող քաջերէն էր: Այնուհետեւ յաղթական բանակին հետ կը հասնի Պէյրութ, յետոյ` Կիլիկիա, ուր մաս կը կազմէ Կիլիկիոյ գրաւման բոլոր փուլերուն: 1920-ի Կիլիկիոյ պարպումին, սիրտը խոցուած, արցունքոտ աչքերով կը մեկնի Ռումանիա: 1965-ին կը վերադառնայ Պէյրութ իր եղբօրորդւոյն մօտ, ուր կը մնայ մինչեւ մահը»:

Յայտնենք, որ Մեծ եղեռնին, Մուսա Լերան 40 օրերէն ետք, ճեպելմուսացիները ֆրանսական նաւերով բերուած էին Փոր Սայիտ եւ 1915-էն ի վեր կը մնային հոն` վրաններու տակ, սպասելով Թուրքիոյ պարտութեան: Անոնց մէջ էր Մովսէս Տէր Գալուստեանը: Կամաւորները կը մարզուէին գլխաւորաբար ֆրանսացի սպաներու կողմէ, Կիպրոսի Ֆամակուսթա քաղաքին մօտ, Մոնարկայի մէջ: Մարզողներու մէջ կային նաեւ ֆրանսական բանակէն հայեր (Վահան Փորթուգալեան) եւ ամերիկեան բանակէն հայ սպաներ (Ճոն Շիշմանեան):

2.- Արարայի Ճակատամարտը` 19 Սեպտեմբեր 1918

Հայկական լեգէոնի զինուորներու մարզումը աւարտած էր, եւ անոնք կազմ ու պատրաստ էին ճակատելու: Թրքական «Եըլտրըմ» զօրագունդը հաստատուած էր Պաղեստինի Ռեֆաաթ Հաուրարա բլուրին վրայ, գերմանական զէնքերով եւ գերմանացի սպաներու հրամանատարութեան տակ: Ալճերիացի եւ մարոքցի զինուորներ եւ հնդիկ գունդեր ֆրանսացի եւ անգլիացի զօրավարներու հրամանին տակ քանի մը անգամ յարձակած էին ճակատին վրայ, բայց` ապարդիւն:

Հայկական զօրագունդը կը բռնէ ճակատին մէջտեղը, ուղղակի բլուրներու դիմաց, եւ կռիւը կը սկսի սեպտեմբեր 19-ի առաւօտեան կանուխ, խօսքը կու տանք Խորէն քհնյ. Աճեմեանին, որ Պէյրութ կ՛ապրէր` որպէս քահանայ Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ: Գրած է կամաւորի մը յուշերը եւ Հայկական լեգէոնին մէջ իր ունեցած փորձառութիւնը(4): Ինք չէ մասնակցած Արարայի ճակատամարտին, բայց մասնակցողի մը վկայութիւնը կու տայ իր գիրքին մէջ, ուր կ՛ըսէ. «Լուսաբացին տրուած նշանին վրայ գունդը սկսաւ դուրս սողալ խրամներէն, եւ դանդաղ ու կշռուած քայլերով, մեծ զգուշութեամբ սկսանք յառաջանալ դէպի թրքական ամուր դիրքերը…

Յանկարծ փոթորիկ մը փրթաւ: Ահռելի թնդանօթաձգութեամբ կարծես այդ վայրկեանին մէջ երկինք պատռեցաւ, եւ ամպեր վար եկան որոտալով` ռումբերու, ծուխի ու բոցերու հետ: Մթնշաղին, երկինք սլացող օդանաւերու արձակած հրթիռներէն, կախուած աստղերու երեւոյթը կը պատկերուէր: Մէկ կողմէն հրետանիներու հարուածները աւելի կանոնաւորելու, միւս կողմէն` հետեւակազօրաց յարձակման աւելի մեծ թափ տալու նշանները երփներանգ գոյներով երկինքէն վար կը թափուէին անընդհատ: Գիտութեան հնարած զէնքերը գործի էին այդ պահուն. թնդանօթ, գնդացիր, հրացան եւ ռումբեր` ձեռքով թէ՛ հրացանով, ահռելի տեղատարափ մը ու սոսկալի պայթումներ կը բերէին:

Հայկական լեգէոնի գունդը անվարան ու գերմարդկային մարտնչումներով կը յառաջանար դէպի իր նպատակակէտը, որ իրեն ցոյց տրուած էր: Արդէն շատ հեռու չէինք թրքական կրակի գիծերէն ու կը լսէինք հերոսաբար կռուող եւ ինկող զինուորներուն, մահուան ճիրաններուն մէջ գալարուող մեր աննման ընկերներուն նահատակի վերջին պատգամը` «Մեր վրէժը լուծեցէք, մեզ մի՛ մոռնաք»:

Պահ մը վերամփոփուելէ եւ մեր ուժերը վերագնահատումի ենթարկելէ ետք, մեր գունդի ամբողջ շղթան անցաւ արագ յարձակողականի: Այս անգամ սուինները փայլատակեցին, ու վրէժխնդիր կուրծքերէ արձակուած «հուռռաներ» ու «վրէ՜ժ, վրէ՜ժ» աղաղակներ արձագանգ տուին օտար լեռներէն: Նահատակներու արեան հատուցումի ուխտով ու մահուան դէմ անվեհեր, ազատութեան մռնչիւնով առիւծներու նման հայ կամաւորներ վճռականօրէն խոյացան դէպի թրքական խրամները, ուղղակի դէպի անոնց  «անառիկ» միջնաբերդը:

Կարճ եղաւ մենամարտը մերկ սուիններու, ու` սաստիկ:

Անտեղիտալի էր թրքական դիմադրութիւնը, բայց` յուսահատական: Սակայն զարհուրելի էր հայ կամաւորի հերոսական գրոհը:

Եւ արագ ու անողոք հարուածներու տակ ճարճատեցաւ բռնութեան բերդը, եւ ինկաւ դրօշակը:

Անարի թշնամին, իր դէմ ցցուած վրիժառու սուիններէն պաշտպանուելու անկարող, լքեց իր լաւագոյն դիրքերը ու լեղապատառ բռնեց փախուստի ճամբան:

Քաջարի Հայկական լեգէոնի երկրորդ գունդը, թշնամի դիակներու վրայէն անցնելով, սկսաւ գրաւել այն անմատոյց լեռները, ուրկէ քանի մը ժամեր առաջ իր դէմ սարսափ կը տեղար: Այդ դիրքերուն այդպէս արագ գրաւումը կարճ ու վճռական պատերազմով` անակնկալ էր թշնամիին համար եւ անհաւատալի»:

Հայ լեգէոնականներ արդար ընդվզումով գերազանցեցին իրենք զիրենք, եւ այս յաղթանակը, որ ստիպեց թուրքը նահանջել մինչեւ Թուրքիա` լքելով Պէյրութը, Դամասկոսը եւ Հալէպը, մեծ ազդեցութիւն ունեցաւ պատերազմի աւարտին մէջ.  չմոռնանք, որ նոյն այս տարւոյն մէջ էր, 1918 մայիս 28, թուրքերը առաջին պարտութիւնը կրեցին հայերէն` Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսէի մէջ, եւ Հայաստան անկախացաւ:

Արարայի ճակատամարտին հայերը տուին 23 զոհ, որոնց մէջ` կեսարացի զինուոր Յակոբ Քէհեայեանը: Այս յաղթանակի զոհերուն առջեւ Ֆրանսայի կողմէ գնդապետ Ռոմէօ  մեծ գովեստով խօսած է, իսկ զօրավար Ալենպին արժանի գտած է հայութիւնը իր նախկին թագաւորական փառքին եւ անկախութեան:

Արարայի յաղթանակէն ետք լեգէոնականները կը շարժին դէպի Պէյրութ եւ դէպի Մարաշ: Մարաշի գրաւումին համար կ՛ըլլան կռիւներ եւ կ՛իյնան 45 զոհեր եւ նոյնքան ալ վիրաւորներ: Այս զոհերուն մէջ կային երկու կեսարացիներ` Խաչեր Դանիէլեանը եւ Արշաւիր Ասատրեանը, իսկ վիրաւորներուն մէջ կը յիշուի Բարսեղ Գազանճեանը` մէկ ոտքը կորսնցուցած, որ յետոյ մեկնած է Մարսէյ, Ֆրանսա:

Կեսարացիներու ընդհանուր թիւի մասին գաղափար մը չունինք. Աւետիս Ագօղլանեանը (Ճերմակեան) կ՛ըսէր, որ Ամերիկայէն եկած ատեն երկրորդ նաւով աւելի քան 40 հոգի կային Կեսարիայէն, Թալասէն, Էֆքերէէն, Էվերեկէն եւ Կեսարիոյ այլ շրջաններէն: Ճշգրիտ թիւ մը չունինք, հաւանաբար Համաշխարհային Ա. պատերազմի ֆրանսական արխիւներուն մէջ կրնայ գտնուիլ, ինչպէս նաեւ` Նուպարեան թանգարանին մէջ, Փարիզ:

Յիշեցնենք, որ Հայկական լեգէոնի 4-րդ գունդը կազմուած է Պէյրութի մէջ, այս զօրագունդին հետ կազմուած է լիբանանեան բանակի առաջին կորիզը` իբրեւ բաժին Արեւելեան լեգէոնի – Les francs tireurs – արձակազէնները (դիպուկահար):

3.- Ֆրանսան Կը Դաւաճանէ

Ծանօթ է անշուշտ, որ «Ասպետական Ֆրանսան», հազիւ տարի մը անցած, իր խօսքին ու խոստումին տէրը չեղաւ եւ դաւաճանեց հայութեան Դատին, եւ Հայկական լեգէոնը լուծարքի ենթարկուեցաւ օգոստոս 1920-ին, եւ կրկին անգամ Կիլիկիան պարպուեցաւ:

——————–

1.- «Կամաւորի մը յուշերը», Մինաս Ա. Թաթարեան, Անթիլիաս, 1960:
2.- Պատմական այս նշմարը գրած եմ Կեսարիոյ ընկերակցութեան տարեգիրքին մէջ (2015)` տալով ընդհանուրը, վեր առած եմ կեսարացի մարտիկներու մասնակցութիւնը:
3.- Տես` «Ազդակ», 18 ապրիլ 1970, էջ 3:
4.- «Կամաւորի մը յուշերը», Խորէն Աճեմեան, Պէյրութ, 1963:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Trending Articles