Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Յարձակում Հայոց Ցեղասպանութեան Նիւթով Ցուցահանդէսին Վրայ

$
0
0

0219Aachen

Անյայտ անձեր յարձակած են Գերմանիոյ Աախըն քաղաքին մէջ բացուած` «1915-2015. հայկական ճարտարապետութիւնն ու Ցեղասպանութիւնը» խորագիրով ցուցահանդէսի պաստառներուն վրայ` վնաս հասցնելով անոնցմէ քանի մը հատին:

Թրքական «Տեմոքրաթհապեր» լրատու կայքը կը գրէ, որ Հայոց ցեղասպանութեան եւ անկէ առաջ Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերուն ստեղծած մշակութային ու ճարտարապետական ժառանգութեան նուիրուած ցուցահանդէսի լուսանկարչական եւ տեղեկատուական մեծածաւալ պաստառները պատռտուած են դանակներով եւ այլ սուր գործիքներով:

Ցուցահանդէսը կազմակերպուած էր Աախընի Ազգային մշակութային կեդրոնին մէջ, որուն ղեկավարութիւնը արդէն իսկ դիմած է տեղւոյն ոստիկանութեան` հետաքննութիւն սկսելու պահանջով:

Գերմանական մամուլը անդրադարձած է յարձակումին` դատապարտելով զայն:

Նշենք, որ ցուցահանդէսը կը շրջի Գերմանիոյ շարք մը քաղաքները: Անոր մէջ կը ներկայացուին յատկապէս Ցեղասպանութենէն առաջ հայաբնակ Վանի, Մուշի, Ուրֆայի, Կարսի, Այնթապի, Սեբաստիոյ եւ Զմիւռնիոյ հայերուն մշակութային կեանքն ու անոնց կերտած ճարտարապետական գործերը: Ցուցահանդէսին մէջ տեղ գտած են լուսանկարներ, պատմամշակութային կոթողներու մասին ակնարկներ եւ խնդրոյ առարկայ յուշարձաններուն ներկայի վիճակին մասին տեղեկութիւններ:

Հայ Դատի Յանձնախումբը Այտըհոյի Մէջ Եւս
Ձախողութեան Կը Մատնէ Ազրպէյճանամէտ Բանաձեւ Մը

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, որ չորեքշաբթի, փետրուար 17-ին, Այտըհոյի նահանգային խորհրդարանին մէջ կարելի եղած է ձախողութեան մատնել թիւ 37 բանաձեւը, որ կը փորձէր Ազրպէյճանը ներկայացնել իբրեւ կրօնական ու մշակութային հանդուրժողականութիւն քարոզող պետութիւն: Հայ դատի յանձնախումբին գլխաւորութեամբ եւ նահանգի հայ համայնքի անդամներուն համատեղ ջանքերով, մօտաւորապէս 48 ժամուան ընթացքին կարելի եղած է տապալել բանաձեւը:

«Այտըհոյի բանաձեւին արագ տապալումը ամերիկեան ժողովրդավարութեան ուժի ապացոյց է եւ դարձեալ ցոյց կու տայ, որ ժողովրդային համատեղ ուժերով կատարուած աշխատանքը աւելի արդիւնաւէտ է, քան` օտար երկիրներէ ստացուած գումարներով տարուող լոպիական աշխատանքը», կը յայտնէ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Էլեն Ասատրեան, որ կը յիշեցնէ նաեւ, թէ նման բանաձեւեր արդէն իսկ պարտութեան մատնուած են Հաուայի, Քոլորատոյի, Քալիֆորնիոյ եւ այլ նահանգներու մէջ, որոնք Պաքուի մեղսակցութիւնը բացայայտելով` դատապարտած են Ազրպէյճանի բռնապետական վարչակարգը, որ ծանօթ է մարդկային իրաւունքներու ոտնահարումներով:

«Անիկա բռնապետութիւն մըն է, որ «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական կազմակերպութենէն շատ աւելի մեծ թիւով քրիստոնէական յուշարձաններ ոչնչացուցած է, եւ որ գրաքննութեան առումով աշխարհի մէջ 5-րդ դիրքը կը գրաւէ եւ այդ պատճառով ալ արժանի չէ որեւէ գովեստի, յատկապէս` միջկրօնական հանդուրժողականութեան համար», աւելցուցած է Ասատրեան:

Բանաձեւին հեղինակն է Թամըս Տէյլի, որ զայն Այտըհոյի պետական հարցերով յանձնաժողովին ներկայացուցած էր փետրուար 11-ին: Հայ դատի յանձնախումբը անոր մասին անմիջապէս տեղեակ պահած էր տեղւոյն հայկական համայնքի ներկայացուցիչները, որոնք կրցած էին ապահովել բանաձեւին ձախողութիւնը:

Այտըհոյի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ Լիլա Պապայեան, որ Պաքուի ջարդերէն վերապրող մըն է, ողջունած է այն իրողութիւնը, որ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբին հետ համակարգումով կարելի եղած է կասեցնել բանաձեւը, որ կրնար ծաղրանքի առարկայ դարձնել Այտըհոյի նահանգային խորհրդարանը:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>