Շաբաթ, 20 փետրուար 2016-ին, ազրպէյճանական ցոյց մը կատարուեցաւ Շուէտի մայրաքաղաք Սթոքհոլմի մէջ Հայաստանի դեսպանատան առաջ` նպատակ ունենալով արծարծել այսպէս կոչուած Խոջալուի դէպքերը:
Շուէտի ՀՅԴ Հիւսիսեան Կոմիտէի եւ ՀՅԴ ՇԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ հակաքարոզչական ցոյց մը, որուն ընթացքին հայ երիտասարդները եռագոյներով պաշտպան կանգնելով Հայաստանի դեսպանատան տարածքին առաջ, տապալեցին հերթական ազրպէյճանական այն ցոյցը, որուն հազիւ տասնեակներ կը մասնակցէին, եւ որ միայն ապատեղեկութիւններով կ՛ուզէին խաբուսիկ մթնոլորտ ստեղծել շուէտական հասարակութեան մէջ:
Հայ երիտասարդներուն խաղաղարար ընթացքն անգամ շուէտական ոստիկանութեան կողմէ նկատի առնուած էր եւ ցոյցի աւարտին այդ մէկը արժանացած էր գնահատանքի: