Փետրուար 10-ին Վրաստանի Նինոծմինտա քաղաքի (Ջաւախք) մշակութային կեդրոնին դիմաց տեղի ունեցաւ ձիւնէ պատրաստուած քանդակներու մրցոյթը, զոր կազմակերպած էր Նինոծմինտայի քաղաքապետարանի մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան բաժինը: Այս առաջին անգամն է, որ այսպիսի մրցոյթ կ՛իրականացուի Նինոծմինտայի մէջ: Մրցոյթին մասնակցեցաւ հինգ խումբ Նինոծմինտա քաղաքի երեք դպրոցներէ, ինչպէս նաեւ` Օրոճալարի եւ Մեծ Խանչալիի գիւղական դպրոցի խումբերը: Մասնակիցները մրցոյթի ընթացքին ստեղծեցին ձիւնով գեղեցիկ գործեր: Դատակազմի որոշումով մրցոյթին յաղթող ճանչցուեցաւ Օրոճալար գիւղի դպրոցին խումբը, որ կառուցած էր ձիւնի շերտէ Ծիծեռնակաբերդը: Երկրորդ տեղը գրաւեց Նինոծմինտայի թիւ 1 դպրոցը, իսկ երրորդ տեղը շնորհուեցաւ Նինոծմինտայի թիւ 2 ռուսական դպրոցին: Բոլոր մասնակիցները ստացան յուշանուէրներ եւ պատուոյ գիրեր` կազմակերպիչներուն կողմէ:
↧