Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17235

Զաւէն Խտըշեանի Անդարձ Մեկնումին Առիթով. «Յաւերժութեան Ճամբորդ»-ը

$
0
0

Անդարձ մեկնումը Զաւէն Խտըշեանի նման կայացած քանդակագործի մը` խիստ ցաւալի է անշուշտ: Սակայն, տրուած ըլլալով, որ անոր արուեստը իր բնոյթով ու վեհաշուք ուրոյն գեղեցկութեամբ հպարտութիւն կ՛առթէ թէ՛ մեզի` լիբանանահայերուս, եւ թէ՛ առհասարակ Լիբանանի հասարակութեան, ան արժանի էր արժանապատիւ ու առնուազն համագաղութային հրաժեշտի:

Եւ տրուած ըլլալով, որ այս տաղանդաշատ կերպարուեստագէտը թէեւ ունէր զարտուղի նկարագրային գիծեր ու շեղումներ, այնուամենայնիւ ան խիստ մարդկային էր իր ընկերական յարաբերութիւններուն մէջ ու ընտանիքին հանդէպ (խօսքը իր դստեր ու թոռան կը վերաբերի), համակուած էր մեծ սիրով ու խանդաղատանքով. մեզի համար անհասկնալի կը մնայ, թէ ինչո՞ւ ան վերջին ամիսներուն կեանքը անցուց անբարենպաստ պայմաններու մէջ…

Համեմատած Զաւէն Խտըշեանի արուեստի մեծութեան ու որակին` Լիբանանը շատ փոքր տարածք էր իբրեւ ստեղծագործական դաշտ: Այդ պատճառով ալ ան չկրցաւ «տեղաւորուիլ» նոյնիս՛կ երկրագունդի վրայ եւ իր վերջին տարիներու երկերով դիմեց դէպի անջրպետ, դէպի յաւիտենականութիւն` իբրեւ «յաւերժութեան ճամբորդ»…

Իր ստեղծագործական կեանքին մասին ընդհանուր գաղափար մը տալու համար ստորեւ կու տանք հակիրճ կենսագրական ու երկու ակնարկ՝ քաղելով զանոնք Համազգային հրատարակչական տան «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահի տնօրէնին համագործակցութեամբ 2015-ին լոյս տեսած «Զաւէն» պատկերագիրքէն:

Մ. Ս. Հ.

 Արուեստագէտը` Անջրպետին Մէջ

… Քանզի բնակարանս անջրպետն է:
ՍԵՐԳԷՅ ՓԱՐԱՋԱՆՈՎ

Մասնագիտական կրթութիւնը Փարիզի մէջ ստանալէ եւ Պէյրութ վերադառնալէ ետք, Զաւէն Խտըշեան քառասուն տարի առաջ իր առաջին անհատական ցուցահանդէսով կը ներկայանար Լիբանանի գեղարուեստասէր հանրութեան: Այն ատեն Լիբանանի մտաւորականութիւնը ողջունեց յայտնութիւնը տաղանդաւոր ու ինքնատիպ քանդակագործի մը, որ թարմութիւն կը ներմուծէր երկրի կերպարուեստի անդաստանին մէջ: Իսկ 1954-ին անոր գործերուն Փարիզի «Փըթի փալէ» սրահին մէջ ցուցադրուելէն ետք, Զաւէն Խտըշեանին շնորհուեցան յաջորդաբար երկու տարիներու Փարիզի «Պո զ՛ար»-ի առաջին մրցանակները:

Շուրջ տասնեակ մը մրցանակներու եւ պատուոյ գիրերու արժանացած Զաւէն Խտըշեանին արուեստը այսօր բիւրեղացման վերջին ծիրին վրայ կը թուի ըլլալ, ուր արուեստագէտը իր ստեղծագործութիւններով կը թեւածէ անջրպետին մէջ:

Ժամանակին կը զարմանայինք, թէ ինչո՛ւ Զաւէն Խտըշեանը իր ստեղծագործութիւնները չի ցուցադրեր Լիբանանէն դուրս: Կը զարմանայինք, որովհետեւ անոր գործերը Արեւմուտքի մէջ յաջողելու եւ գնահատուելու բոլոր տուեալները ունին: Այսօր, ի տես անոր վերջին ստեղծագործութիւններուն, ի տես անոր առօրեայ կեանքին ու անմիջական հետաքրքրութիւններուն, կու գանք այն եզրակացութեան, որ Զաւէն Խտըշեանին բնակարանը եւս անջրպետն է: Այո՛, ինչպէս Փարաջանով, ինք եւս կը ձգտի դէպի անջրպետ` դէպի յաւիտենականութիւն, ուր կը փորձէ իր ստեղծագործութիւններուն հետ «բնակիլ»:

Զաւէն Խտըշեանին համար Երկիր մոլորակն ու անոր վրայ գծուած կեանքի սահմանները նեղ են ու անհրապոյր, որովհետեւ ան կը հաւատայ ոգեղէն արժէքներուն` ոգեղէն ոլորտներուն մէջ: Ան փախուստ կու տայ առօրեայ տաղտուկներէն ու նիւթի կաշկանդումներէն, որոնք պարզապէս կ՛արգելակեն իր ստեղծագործական թափն ու կը խանգարեն իր հոգեմտաւոր թռիչքը:

Այո՛, Զաւէն Խտըշեան իրողապէս կ՛ապրի Երկիր մոլորակին վրայ եւ կը ստեղծագործէ Լիբանանի մէջ, սակայն ան բնակիչն է անջրպետին, ուր անկշռելիութեան սահմաններուն վրայ կը սաւառնի ազատօրէն` ձերբազատած երկրային տառապանքներէն ու տագնապներէն:

Նուրբ յոյզերու եւ եթերային թարմ ապրումներու տէր այս արուեստագէտը տակաւին չէ ստացած իր գնահատանքն ու արժեւորումը: Տակաւին մենք զինք չենք ճանչնար իր ամբողջական իսկութեան եւ բոլորանուէր իրաւութեան մէջ: Հայրենիքը գրեթէ տեղեակ չէ իր գոյութենէն…

Սակայն օրը պիտի գայ, երբ Զաւէն Խտըշեանին ինքնատիպ, բիւրեղ ու խիստ արտայայտիչ գործերը պիտի խօսին եւ զինք դասեն ո՛չ թէ Միջին Արեւելքի (ինչպէս շատեր կ՛ընդունին արդէն), այլ առհասարակ աշխարհի ժամանակակից լաւագոյն քանդակագործներու շարքին:

Թերեւս շատեր հարցնեն, թէ ինչո՞ւ մինչեւ հիմա իբրեւ այդպիսին չէ գնահատուած ան: Պատճառներէն առաջինը իր համեստութիւնն է: Երկրորդը` ան չի հաւատար հրապարակային մեծարանքներու եւ պատուանշաններու, այլ կը հաւատայ գործի ներքին ուժին ու անոր գեղագիտական լիցքին, որոնք կրնան զինք առաջնորդել դէպի անմահութիւն` դէպի անջրպետ: Զաւէն Խտըշեանին պայքարը ինքն իրեն հետ է: Ինքզինք գերազանցելու ճամբուն վրայ ան կ՛անցնի բազմաթիւ հոգեւոր միգամածութիւններէ` ի վերջոյ բնակելու համար անջրպետին մէջ, ուր ինքզինք ազատ ու հարազատ պիտի զգայ:

ՄՈՎՍԷՍ ԾԻՐԱՆԻ 

Պարուրողը Եւ Պարուրուածը

Լիբանանեան քանդակագործութեան համապատկերին մէջ Զաւէն Խտըշեան իւրայատուկ տեղ մը կը գրաւէ իր գեղարուեստական ըմբռնումին միութեամբ ու միատարրութեամբ: Այդ ըմբռնումին մէջ ո՛չ ինքնահաճ կեցուածքը, ո՛չ ալ աննպատակ արարքը տեղ ունին:

Իր ստեղծագործական կերպը հիմնուած է պարուրողի եւ պարուրուածի տրամախոհութեան վրայ. գործերը, իրենց կառոյցով ու մակերեսներով, կը ներկայանան թէորեմներու պէս, որոնց խնայողական իրացումը չի վնասեր համադրական ոգիին: Անոնք կը յատկանշուին զուսպ կերպով արտայայտուող նուրբ զգայնութեամբ մը:

Խտըշեանին միակ բներգը մարդկային մարմինն է` քողարկուած: Մերկութիւնը կը զատորոշէ, կը բաժնէ եւ կը ցրուէ: Քողը կը պարուրէ, կը հաւաքէ ու կը միաւորէ:

Այսպէս պահուած, ներքնացած, արեւելեան իր յատկանիշներուն եւ թերեւս` նախնական բնազանցութեան մը արտայայտութեան վերածուած մարմինէն կ՛երեւին միայն հիմնական գիծեր ու կէտեր, որոնք քողին պրկումը կը տնօրինեն:

Այս վերջինը առանց փոթի եւ ծալքաւորումի` կը տարածուի լայնօրէն, կը կազմէ նուրբ ելեւէջներով ողորկ մակերեսներ, որոնք գոգաւոր ու կորնթարդ զառիթափեր կը ձեւացնեն զանազան ուղղութիւններով: Ասոնք բացառիկ ունակութիւնը ունին կապտելու, բաժնելու եւ հակադրելու շուքն ու լոյսը:

Զարմանալիօրէն, առանց ճեղքի ու բացուածքի ամբողջի մը մէջ համախմբելով մէկտեղ գիծերն ու հարթութիւնները, Զաւէնի քանդակը կը քակտէ ծաւալը, որ իբրեւ զանգուած չի ներկայանար, այլ կարծես կը կծկուի տեւաբար, առաձգականօրէն տեղի կու տայ տիրող ճնշումին` շեշտելով այսպէս ներքին շարժումէն ստեղծուած պրկումը:

Այս ամէնէն կը ծնի հմուտ տիրակալութեան, զտութեան, ճշգրտութեան եւ վայելչութեան տպաւորութիւն մը, որ կը յիշեցնէ արդի պարի նախատիպարային կերպարները, մանաւանդ որ Խտըշեանին քանդակները մերթ կը սլանան օդին մէջ, մերթ կը փռուին գետին, մերթ կ՛անջատուին կարծես հողէն` յենելով անոր:

Որոշ գործերու կշռոյթը ուսումնասիրելէ ետք չենք կրնար չոգեկոչել պատկերներ Մարթա Կրահամէն: Ան ալ մեծ կարեւորութիւն կ՛ընծայէր պարուրող հագուստին, որ կը փառաւորէ շարժումները եւ անոնց կու տայ տարածութիւն, ազնուականութիւն եւ տիեզերական տարողութիւն:

Քողարկումի այս գեղագիտութեան մէջ քողը հրապուրանքի յաւելեալ միջոց մը չէ` փակումի եւ բացումի սեռայնական յաջորդականութեամբ, այլ` վերջնական ծածկումի միջոց մը, որ կրնայ ըմբռնուիլ իբրեւ արգելափակումի կամք կամ կամքի արգելափակում, որ կոչ կ՛ընէ ազատագրութեան տաժանելի ճիգի մը:

Անտեսանելի մարմինն է, որ կը կենդանացնէ տեսանելի քողը երկիմաստ այս միջոցով, կեանք եւ խորհուրդ կը շնորհէ անոր, եւ ոչ` հակառակը: Ինչ որ կ՛արդարացնէ գեղագիտական առաջնութիւնը կառոյցի եւ մակերեսի ազդեցութիւններուն: Պարուրողի եւ պարուրուածի տրամախոհութիւնը ներքնացնող արտաքինի մը եւ արտաքնացնող ներքինի մը տրամախոհութիւնն է:

Պարզ այս գործերու կերպընկալ ձեւաւորումը այնքան ճիշդ է, որ կարելի չէ բան մը աւելցնել անոր կամ պակսեցնել անկէ` առանց սխալ գործելու: Կարծես անոնց հեղինակը, սահմանագիծի մը վրայ աշխատելով` ամենաճշգրիտ ձեւով կ՛ընէ հաշիւը իր ձեւերուն, որոնք անկիւնաւոր կը թուին, բայց անկիւնաւոր չեն, որովհետեւ սրութիւնները մեղմօրէն կը կորսուին զանգուածին մէջ, ուրկէ դուրս եկած էին:

Իրողապէս Խտըշեան բան չի ձգեր պատահականութեան, պահի տպաւորութեամբ չի յանկարծաբաներ ան, երկարօրէն կը մտածէ իր ստեղծելիք քանդակներուն մասին: Անոնք կ՛իրագործուին բազմահանգրուան գործընթացի մը աւարտին: Նախ կը պատրաստուի կաւէ պզտիկ մանրակերտ մը, որ հետագային քանի մը անագապղինձէ թուագրուած արձանիկներու ծնունդ կու տայ, ապա բացարձակ ճշգրտութեամբ կը ստեղծուի բնական չափերով գաճէ արձան մը, որուն մանրակրկիտ վերարտադրութիւնը պիտի ըլլայ քարէ վերջնական ձեռակերտը:

Ստեղծագործական աշխատանքը կը կատարուի կաւէ մանրակերտին եւ գաճէ նախատիպին միջեւ… այս սահմաններուն մէջ է, որ կը ստեղծուին ու կը հասուննան քանդակներ, որոնց իրագործումին համար հաշիւը կը զուգորդուի ներիմացութեան, որոնումը` գիւտին, երկրաչափական միտքը` նրբախոհութեան, գիտակից պայծառատեսութիւնը` անգիտակիցի մթամած լոյսին:

Վերայայտնուելով երկար բացակայութենէ  մը ետք, Խտըշեան իբրեւ նուէր մեզի կը բերէ կատարելութեան սէրը, որ անհետացումի վտանգին ենթակայ է:

ԺՈԶԵՖ ԹԱՐՐԱՊ 

Արեւելեան Գիշեր

Զաւէն Խտըշեան, մեծատաղանդ քանդակագործ ըլլալու կողքին, ունէր նաեւ երգիծանքի նուրբ զգացողութիւն ու պատմելու բացառիկ շնորհ: Ստորեւ տրուած փոքր պատումը ոչ միայն իր գրական շնորհքը եւս կը բացայայտէ, այլ նաեւ վաւերական վկայութիւն մըն է իր հայրենասիրական նկարագիրի մասին, որ շօշափելիօրէն դրսեւորուած է իր շարք մը գործերու մէջ, ինչպէս` Պիքֆայայի «Վերածնունդ» յուշակոթողը եւ «Վերածնունդ», «Պաշտպանութիւն», «Արցախ» եւ այլ քանդակներ:

«Ա.»

Արեւելքի կախարդական գիշերներէն է` աստղածոր երկինք` մութ մանիշակագոյն ներքնախորքով: Լուսնի արծաթեայ սկաւառակը կը բարձրանայ լերկ լերան կատարէն, մինչ աստղերու լոյսը կը նահանջէ երկնակամարէն: Ծղրիթները կ՛երգեն լռութեան երգը: Հովն է միայն` կը թափառի լեռնէ լեռ, բլրակէ բլրակ, հովիտէ հովիտ. հովիւ մը կիսամութին մէջ «Եա լէյլ» (գիշեր) կ՛երգէ:

Հո՛ ն, բլրակի կատարին, առանձին վրան մը. լուռ գիշերուան մէջ հովն է` կը զարնէ, փոքր ճրագ մը կը մեռնի գիշերուան խորհուրդին մէջ:

Վրանէն ներս եօթը պանդուխտ հայ որսկաններ յոգնած` բոլորուած են հայաստանեան քոնեաքի շիշի մը շուրջ. կը պարզուին բաժակները, մինչ շիշին տակի հեղուկը կը սուզուի յատակը` ջերմացնելով հայ պանդուխտներու ցրտացած հոգիները: Հովն է ցուրտ, որ կը զարնէ դարձեալ վրանին. ի՜ նչ փոյթ, երբ իրենց այդ հոգիները տաքցած են արդէն իրենց հայրենիքին ջերմ ալքոլով: Կը ծխեն բոլորը. անոնց գլանիկներուն ծուխը կը բարձրանայ վեր, դէպի շղարշեալ պատուհանները, ուրկէ լուսնի լոյսը մարմարեայ բիւրեղ սիւնի մը նման կ՛իյնայ ներս` փայլեցնելով հրացաններու կապոյտ փողերը:

Հայաստանի ձայնասփիւռն է` նուիրուած հայ պանդուխտներուն, նուիրուած իրենց: Դանիէլ Վարուժանի բանաստեղծութիւններն են, որոնք հայրենի հողէն կու գան մինչեւ իրենց վրանը, մինչեւ ներս. «Գեղեցկութեան արձանին», կ՛արտասանէ հայ արտիստ մը, որուն կը յաջորդէ «Բանուորուհին». (Կարմիր հողը)

«Պատուհանիս տակէն ամէն առաւօտ
Ուրուականի պէս կ՛անցնիս…»:

Ու վերջապէս «Կարմիր հողը»
«Գրասեղանիս վրայ, սա`
Սգաւառակին մէջ կայ բուռ մը հող` բերուած հոն
Հայրենիքիս դաշտերէն…»:

Հայրենաբաղձութիւնը կը տանջէ եօթնին ալ հոգին. յանկարծ կը զգամ, որ այդ ամուր կարծուած հողը, որուն վրայ կանգնած էր մեր վրանը, կը շարժի, կը շարժի` քանդուելու չափ զօրաւոր: Ամբողջ կէս ժամ կը լսուի Վարուժանը, հայ մեծագոյն երգիչը` ցաւի, կարօտի, պայքարի: Բանաստեղծութիւնները կը վերջանան, եւ կը խօսի հայ շինականին երգը, Կոմիտաս. յուզումը կը խեղդէ կոկորդս:

Չարենց` անզուգական «Ես իմ անուշ Հայաստանի»:

Գլանիկներու ծուխը կը վերածուի մեր հեզաճկուն աղջիկներուն, որոնք կը պարեն ահա մեր վրանին մէջ, մեր առջեւ. մեր դաշտերու ծաղիկներուն բոյրը կու գայ մեզ կրկին անգամ արբեցնելու: Եւ վերջապէս` Մասիս սարն է, որ կը կանգնի մեր վրանի կողքին. խրոխտ, հպարտ: Ճրագը մեռած էր վաղուց եւ ձայնասփիւռը լռած:

Ընկերներս քնացան գուցէ, բայց ես արթուն եմ երկար ժամանակ, կը ծխեմ եւ կը մտածեմ մէկ բան. ինչո՛ւ, ինչո՞ւ մեր վրանը ըլլար օտար լերան մը լանջին, եւ ոչ թէ` մեր Մասիսի լանջերուն:

ԶԱՒԷՆ ԽՏԸՇԵԱՆ

Ճեպէլ Քնիսէ, Լիբանան
24 օգոստոս 1957

————————————

Կենսագրութիւն
Զաւէն Խտըշեան
  • Ծնած է 1932-ին, Պէյրութ, Լիբանան:

Ուսում

  • 1949-1952, Պէյրութի Գեղարուեստի ակադեմիա
  • 1952-1958, Փարիզի Ազգային բարձրագոյն արուեստներու դպրոց, ուրկէ վկայուած է
  • 1952-1954, Հիւպէր Եանսեսի հետ մարմնաքանդակ • 1954-1956, Մարսէյ Ժիմոնի հետ` դիմաքանդակ
  • 1956-1958, Ալֆրետ Ժանիոյի հետ բարձրաքանդակ եւ կոթողական քանդակագործութիւն

Ուսուցում

  • Լիբանանի մէջ քանդակագործութեան առաջին դասախօս
  • Գեղարուեստի ակադեմիաներու մէջ ճարտարապետութեան դասաւանդութեան նոր ծրագիրի մը հեղինակն է
  • 1960-1982, Լիբանանի Գեղարուեստի ակադեմիայի դասախօս
  • 1966-1987, Լիբանանեան համալսարանի Գեղարուեստի հիմնարկի դասախօս
  • 1980-1982, Քասլիքի Ս. Հոգի համալսարանի Գեղարուեստի հիմնարկի դասախօս

Ցուցահանդէսներ

  • 1954 Փարիզի «Փըթի փալէ»-ի մէջ` «Օտար արուեստագէտներ Ֆրանսայի մէջ» խորագիրով
  • 1958-2010, մասնակցած է աշնանային, գարնանային եւ շարք մը խմբային ցուցահանդէսներու
  • 1963 Ալեքքօ Սաապ, Պէյրութ
  • 1982 Քասլիքի Ս. Հոգի համալսարան
  • 1987 «Լա թուալ» ցուցասրահ, Ռիմել, Ժունիէ
  • 1994 Աղեքսանդրիոյ Պիեննալի 18-րդ ցուցահանդէս
  • 1995 «Էմմակոս» ցուցասրահ
  • 1997 «Էլիաս Ապու Շապքէ» թանգարան
  • 2002 Գերմանական մշակութային կեդրոն, Քասլիք • 2010 Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահ
  • 2015 Լիբանանեան Գեղարուեստական համալսարան – ALBA

Մրցանակներ

  • 1954 Փարիզի Գեղարուեստի դպրոցի առաջին մրցանակ
  • 1954-1955 Լիբանանի կրթութեան նախարարութեան կրթաթոշակի մրցանակակիր
  • 1955 Փարիզի Գեղարուեստի դպրոցի առաջին մրցանակ
  • 1965 «Սթրանտ» կեդրոնի առաջին մրցանակ
  • 1965 «Լ՛Օրիան» պարբերաթերթի երկրորդ մրցանակ (Թիւֆենկճեան)
  • 1973 «Սըրսոք» թանգարանի աւազանին համար արձան մը, առաջին մրցանակ

Գործեր

  • Պիքֆայայի Հայոց ցեղասպանութեան յուշարձանը
  • Աննայայի մէջ` Ս. Շարպելի արձանը
  • Պոսթընի մէջ` Գարեգին Նժդեհի կիսանդրին
  • Հալէպի մէջ` Զարեհ Ա. կաթողիկոսի կիսանդրին
  • Այնճարի մէջ` Շաւարշ Միսաքեանի կիսանդրին
  • Պէյրութի Համազգայինի «Նշան Փալանճեան» ճեմարանին մէջ` Սիմոն Վրացեանի կիսանդրին
  • Պէյրութի «Ժըպրան Խալիլ Ժըպրան» զբօսայգիին մէջ` Ժըպրան Խալիլ Ժըպրանի կիսանդրին
  • Պէյրութի մէջ` Հանրի Ֆարաոնի կիսանդրին
  • Պուրճ Համուտի հրապարակին վրայ` «Պաշտպանութիւն» յուշակոթողը
  • Մթէյնի մուտքին տեղադրուած յուշարձանը
  • Ժիպէյլի մէջ` «Աղօթք» յուշարձանը

Կրթութեան նախարարութեան հրամանագիրով 1967-էն ի վեր անդամ է ազգային գեղանկարիչներու եւ քանդակագործներու ընտրութեան դատական կազմին, ինչպէս նաեւ անդամ` բարձրագոյն կրթութեան դասախօսներու եւ ֆրանսախօս երկիրներու մրցանակաբաշխութեան դատական կազմերուն: 2000-ին, Ալէյի մէջ, 66 քանդակագործներու մասնակցութեամբ, կոչունքի պատուոյ հիւր: 1985-ին` գծագրութիւններու մէջ Հայոց ցեղասպանութիւնը մանուկներու տեսանկիւնէն դիտուած վաւերագրութեան հեղինակ:

Քանդակագործ Զաւէն Խտըշեանին անունը գերմանական Գեղարուեստի համայնագիտարանին մէջ նշուած է աշխարհահռչակ քանդակագործներու շարքին, ինչպէս նաեւ` «Լարուս» հրատարակչատան «Գեղարուեստն ու արդի աշխարհը» համայնագիտարանին մէջ (1974):

————————————

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17235

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>