ՍԵԴԱ ՄԱՐԿՈՍԵԱՆ-ԽՏԸՇԵԱՆ
Զաւէնին հետ առաջին հանդիպումս եղած է 1956-1957 թուականներուն, երբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ վեհափառ հայրապետ Զարեհ Ա. հովուական այցելութիւն մը պիտի տար Թրատ թաղի Ս. Աստուածածին եկեղեցի: Կաթողիկոսական պատուիրակութիւնը պիտի անցնէր Թոմարզա թաղէն, մեր տան առջեւէն, եւ ուրեմն սովորութիւն էր բարի գալուստի կամարներով դիմաւորել ազգի առաջնորդը, որ նախագահի կամ թագաւորի հանգամանք ունէր այդ օրերուն: Հայրիկս շինեց շատ գեղեցիկ բարձր կամար մը` ճերմակ կտաւով փաթթուած եւ արմաւենիի ճիւղերով ծածկուած, որուն ճակատին սպիտակ պաստառին վրայ մաքուր եւ գեղեցիկ նաշխազարդերով. «Բարի գալուստ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ հայրապետ Զարեհ Ա.-ին» արձանագրուած էր: Ո՞վ պիտի գրէր այդ մէկ նախադասութիւնը, եթէ ոչ` Զաւէնը, որ արդէն թոմարզացիներուն մէջ արուեստագէտի համբաւը կը վայելէր: Հայրիկս լուր ղրկած էր, որ Զաւէնը գար եւ ինք գրէր բարի գալուստի խօսքը: Մեր տան բակը թաղեցիներու ելումուտով խճողուած էր, մայրս ճաշարանի սեղանին վրայ փռած էր ճերմակ կտաւը, իսկ Զաւէնը ամենայն բծախնդրութեամբ աշխատեցաւ ամբողջ գիշերը մեր բոլորին ուշադիր եւ հետաքրքիր նայուածքներուն տակ: Որպէս վարձատրութիւն արուեստի իր գործին, աւարտելէ ետք, մայրիկս զինք պատուեց ճոխ ընթրիքի սեղանով մը: Ես շատ փոքր էի եւ կը հետեւէի, թէ Զաւէնը ինչպիսի՛ բծախնդրութեամբ կը գրէր, որքան լուրջ եւ կեդրոնացած կ՛աշխատէր, իմ մտահոգութիւնս, սակայն, ուրիշ բան էր, յաջորդ օրը վեհափառին ինքնաշարժը կանգ պիտի առնէր կամարին առջեւ, եւ վեհափառը պիտի ողջունէր հաւաքուած ժողովուրդը, եւ ծաղկեփունջը ես պիտի տայի վեհափառին: Անձկութեան, ուրախութեան ու նաեւ անբացատրելի վախի զգացումներով սպասեցի յաջորդ օրուան:
Անցան տարիներ եւ այդ օրէն միտքս մնացած են միայն Զաւէնին սեւ թաւ պեխերը, թաղեցիներու հիացմունքը` անոր ինքնավստահ ու ճարտարօրէն վրձինը շարժող մատներուն վրայ եւ ծաղիկներու փունջը, որ յանձնեցի վեհափառ հայրապետին:
Հարուստ է Զաւէնին կենսագրութիւնը` արուեստագէտի ներաշխարհէն բխող նկարագրային գիծերու անհասկնալի ու անմեկնելի իւրայատկութիւններով, արկածախնդրութիւններով, դպրոցական օրերու պատահած խստապահանջ ուսուցիչներու զաւեշտական դրուագներով, անբացատրելի նախապաշարումներով, հաւատալիքներով ու տարօրինակութիւններով: Անշեղ էր իր գաղափարներուն մէջ եւ անտեղիտալի վիճող, վերջին խօսքը իրն էր միշտ, դատելու եւ տրամաբանելու վերին աստիճանի ուշիմութեամբ եւ բանականութեամբ: Հայ էր Զաւէն, մոլեռանդօրէն հայ, հոգին ալեկոծ հայը:
Ինչպէ՞ս կարելի է Զաւէնը նկարագրել եւ անոր հետ կապուած անսահման դրուագները պատմել, ինչպէ՞ս կարելի է հսկայ մը այս նեղ տողերուն մէջ ամփոփել:
Ի հարկէ մենք չէ, որ արուեստագէտը Զաւէնին մէջ պիտի արժեւորենք: Բայց հաստատ կրնանք ըսել, որ ան քանդակի հսկաներու պանթէոնին մէջ արժանաւորապէս իր տեղը արդէն գրաւած է: Հայոց ցեղասպանութեան յիսնամեակին նուիրուած հոյակապ ու ճարտարապետական գիծերու համաչափութեան անկրկնելի կոթողը կտրեր անցեր է բոլոր չափորոշիչները. կոթող, որ կոտորուած ժողովուրդի մը ամբողջ պատմութիւնը կ՛արտացոլացնէ ծնրադիր, բայց` դէպի երկինք առաքող վերամբարձ ձեռքերու այնքան խօսուն, այնքան սրտառուչ ու այնքան շքեղ սլացքով: Յիսնամեակ մը ետք, տակաւին, նոյնքան հնչեղ ու խօսուն, անոր խորհուրդն ու պատգամը կը վրդովեն ու կը ներշնչեն սերունդները` մնալու յանձնառու մեր բիւրաւոր նահատակներու պատգամին: Ընդունէ, Զաւէ՛ն, համայնական շնորհակալութիւնը ժողովուրդիդ` մեր նահատակներու տառապանքին ու աստուածառաք պաղատանքին հոգեխռովքը այնքան հոյակապ կերպով ժողովուրդիդ նուիրելու համար:
Ամուր եւ հաստատ կերպով խարսխուած ազգայինին վրայ` լայն եւ ընդարձակ մտահորիզոնով ընդգրկեց համաշխարհայինն ու տիեզերականը: Զաւէն քանդակեց մարմարը` գիծերու հոյակապ համաչափութեամբ եւ ստեղծեց իր գլուխ գործոցները` անուանելով զանոնք տիեզերքի յաւերժական ճամբորդներ` «Ատոնիս», «Ասթարթէ», «Մարդը տիեզերքի մէջ», «Տիեզերքի բանտարկեալ»-ը, «Սէր, բարեկամութիւն» ու քարին տուաւ հեզաճկուն կնոջ մը շարժուձեւերու չաւարտող ու հոգիին խորքը թափանցող թրթիռներու մարմարակերտ համանուագ մը:
Զաւէն, տիեզերքի խորհուրդով հմայուած, անոր գիծերու թելադրականութեամբ ստեղծագործող ու միշտ դէպի երկինք խոյացող մարմարներ քանդակող արուեստագէտը եղաւ եւ հիմնեց քանդակագործութեան արուեստի նոր դպրոցը:
***
Զաւէնին մէջ հայը խռովք էր, ժառանգած` իր ծնողքէն, ընտանիքէն, անոնց յիշողութեան մէջ ողողուած կոտորածի արեան սարսափէն, բայց անով դարձած էր ուժեղ ու հարուստ, որ իր տաղանդով կոչուեցաւ ծանր պատասխանատուութեան` ըլլալ անդառնալիօրէն ամուր հայ եւ մուրճի հարուածներով քանդակել իր ազգին տառապանքը:
Զաւէն, երբ Սահակեան դպրոցը կ՛աւարտէ, կ՛անցնի Ճեմարան, որ ժամանակ մը ետք կը թողու ու կը մեկնի Փարիզ, Ֆրանսա, արուեստի դպրոցին մէջ շարունակելու իր մասնագիտութիւնը` քանդակագործութիւն: Ի հարկէ, հակառակ հօրը զայրոյթին, թէ` «չամուրի (ցեխ-կաւ) հետ խաղալով ի՛նչ մարդ պիտի ըլլաս» ու նաեւ տեսած ըլլալով Զաւէնի մերկ կիներու ուրուագիծերը` գայթակղութիւնն ու բարկութիւնը անսահման եղած են: Առտու մը Զաւէն կ՛արթննայ եւ իր աշխատասենեակը կ՛ուղղուի` շարունակելու մերկ կնոջ մը արձանը, որ ամբողջացնելու վրայ է, եւ… արձանը` կը գտնէ սաւանով ծածկուած եւ ամրացուած. հայրն էր, փաթթած էր արձանը` ամօթը ծածկելու համար: Մերկ կնոջ մը մէջ ի՞նչն էր արուեստը: Խտըշեան ընտանիք հարս երթալէ ետք իմացայ, թէ ի՜նչ գնով Զաւէն յաջողած է հօրը, ընտանիքին եւ հարազատներուն կամքին հակառակ` իր որոշումին վրայ մնալ:
1958-ին, Փարիզի Արուեստի դպրոցէն վկայուած, տուն դարձի ճամբուն, օդանաւին տոմսը կը կտրէ Պոլիսի վրայով` առանց սակայն տնեցիները տեղեակ պահելու: Կը հասնի Պոլիս, կ՛առնէ շոգեկառքը եւ կ՛ուղղուի դէպի Թոմարզա` փնտռելու իր ծնողքին տունը, տեսնելու Թոմարզան եւ մանաւանդ` տեսնելու հօրը նկարագրած ձիւնածածկ ու ամեհի Արճիաս լեռը (Արգէոս): Այնքան տպաւորուած ու հմայուած` հօրը նկարագրութիւններով, որ Զաւէն չ՛անդրադառնար առած քայլին վտանգի տարողութեան, երիտասարդ, հազիւ 26-27 տարեկան, կասկածելի թուելու եւ մանաւանդ առանձին ըլլալու հանգամանքին: Իրիկունով կը հասնի Թոմարզա, կը գտնէ պանդոկ մը եւ կը մտնէ ու խորունկ կը քնանայ` յոգնած ու սպառած: Առաւօտ կանուխ կ՛արթննայ եւ առաջին բանը, որ կ՛ընէ, կը բանայ պատուհանը, բնութիւնը, Թոմարզան եւ Արճիասը լոյս աչքով տեսնելու, եւ, ի՜նչ հրաշք, Արճիաս լեռը` հսկայ, ճիշդ դէմը, կանգնած, կարծես պատուհանէն ներս պիտի մտնէ. հիացած, ուրախ ու խանդավառ կ՛ելլէ դուրս, կը պտտի, հարց կու տայ ճամբեզրին նստած մարդոց, թէ կը ճանչնայի՞ն, եւ կու տայ հօրը, հօրեղբօրը անունները, մեծ հօրը անունը եւ իրենց ընտանիքին կապուած մակդիրները. տղամարդիկը, կասկածամիտ ու վերապահ, չեն պատասխաներ, տարիքոտ կին մը, սակայն, կը մօտենայ ու կ՛առնէ զինք, կը տանի իր նկարագրած տունը. ճիշդ հօրը նկարագրած տունն է` իրենց տունը, հօրը պապենական տունը, ուր տակաւին ողջ մնացած են քանի մը կարասներ, գետինը փորուած, անկասկած` ոսկի փնտռելու համար. Զաւէն կը յուզուի, աչքերը կը լեցուին, գետինը կը նստի ու կ՛արտասուէ: Տարիքոտ կինը կը մօտենայ եւ «այս շուներուն քով ի՞նչ գործ ունիս, եաւրո՛ւմ, վայրկեան առաջ գնա՛», կը փսփսայ հայերէնով: Զաւէն կը ցնցուի, սակայն անակնկալ մը չէր նման յայտնութիւն մը, կը սպասէր անպայման թրքացած հայու մը հանդիպիլ, կոտորածէն ճողոպրած` իսլամացած հայ մը. Զաւէն չի հարցուփորձեր, դանդաղ ու տրտում դուրս կ՛ելլէ: Կը շարունակէ ճամբան Թոմարզայի վանքը գտնելու միտումով: Ճամբուն վրայ ծերունի մը կողովով խաղող կը ծախէ, Զաւէն կը մօտենայ ողկոյզ մը կը վերցնէ եւ կը հանէ դրամը` վճարելու, ծերունին թրքերէնով կը մերժէ ու` «քու պարտէզէդ կերածի պէս կեր, եաւրո՛ւմ, քու պապերուդ խաղողներն են», կ՛ըսէ. Զաւէն սարսուռ մը կ՛ապրի, վախ մը, դահիճի որջին մէջ գտնուած ըլլալո՞ւն, ո՜վ գիտէ:
Կը հարցնէ, թէ ո՛ր կողմն էր վանքը, փողոցի լաճերը զինք կ՛առաջնորդեն դէպի հոն, հեռուէն արդէն կը նշմարէ կիսափուլ ու աւերակուած Թոմարզայի վանքը: Հսկայ եւ գեղեցիկ պատերը նկարազարդուած, գմբէթը բարձր, այժմ վերածուած է ախոռի. կը դիտէ նկարազարդուած պատերը, կը դիտէ կենդանիները եւ յարդի կապոցները, աւերուած ու սրբապղծուած վանքը, սրտաբեկ ու խոցուած սրտով կը վերադառնայ պանդոկ:
Երբ կը հասնի պանդոկ, ոստիկանութիւնը զինք կը սպասէ. արդէն տարածուած է, որ օտարական մը շրջանը կ՛այցելէ. կ՛առնեն ու կը տանին ոստիկանատուն, երկար բարակ կը հարցաքննեն. «Ինչո՞ւ եկած ես», «Ի՞նչ կը փնտռես, հօրդ ոսկիները տանելո՞ւ եկած ես» եւ այլն, երբ հարցաքննութիւնը կ՛աւարտի, կը սպասցնեն աւելի քան մը ժամ եւս, բայց կասկածելի ոչինչ գտնելով, ազատ կը թողուն` թելադրելով անմիջապէս շոգեկառքը առնել եւ վերադառնալ Պոլիս ու անկէ` իր երկիրը:
Ահա, այդպէս, տասնամեակներ ետք իր պապենական տունն ու հողին կարօտով այցելու տանտէրը, քանի մը օրով իր հօրը աչքերով դիտելու եւ կարօտի յիշատակներով տուայտող ծերունի հօրը պատկեր մը անգամ տանելու կարելիութենէն զրկուած` կրկին անգամ կը վտարուի իր տունէն ու հողէն:
Այսօր աւելի քան յիսուն տարիներ ետք նման որոշում մը որքա՜ն սարսուռ կը պատճառէ, ու կը մտածեմ` ի՜նչ քաջութիւն պէտք է ունեցած ըլլայ Զաւէնը` նման քայլ մը առած ըլլալու համար, այդ ալ` ասկէ յիսուն տարի առաջ:
Զաւէնն է իր տարօրինակութիւններով…
Զաւէն հրաշալի պատմող մըն էր, սրամտութիւններով համեմուած նկարագրութիւններ` մարդոց ներքին հոգեվիճակները զգացող ու զանոնք մեկնաբանող մանրամասնութիւններով, որոնք պատմութիւնները կը վերածէին իսկական թատերական ներկայացումներու:
Ի՛նք պիտի խօսէր բոլորէն աւելի, ի՛նք պիտի պատմէր, պիտի լռեցնէր բոլոր միջամտողները, որովհետեւ ի՛նք գիտէր այս կամ այն պատմութեան հետ կապուած նիւթական, սիրային, բարոյական եւ հոգեբանական եղելութիւններն ու իրադարձութիւնները, դէպքերուն առնչուած ներքին ծալքերն ու անոնց հետ կապուած յարակից պատմութիւնները: Ինք կը ճանչնար իր հերոսները իր տասը մատներուն պէս, անոնց նկարագրին հետ կապուած սիրոյ, նախանձի, փառասիրութեանց եւ մարդկայնութեան բոլոր երանգները, անոնց խօսելաձեւին, ձայնի առոգանութեանց եւ լեզուական թերութիւններուն, այնքան ուշագրաւ դարձնելով իր պատումները, որոնք ընդհանրապէս փակագիծներ բանալով` աւելի կը սրէին հետաքրքրութիւնները:
Պատմելաոճ մը, որ յատուկ էր միայն Զաւէնին: Եւ զարմանալին այն էր, որ միեւնոյն պատմութիւնը կը պատմէր բազմաթիւ անգամներ, եւ ամէն անգամ ալ կը լսէինք դէպքը նոր պատահածի պէս, թարմ, աւելի ախորժակով ու խանդավառ, աւելի համեմուած ու մանաւանդ` բարձր ու թաւ ձայնով. իր ականջները լաւ չէին լսեր, եւ ուրեմն` պատճառ մը, որ գրեթէ պոռալով խօսէր` գեղարուեստական վայելքի պահեր ստեղծելով իր շրջապատին:
Ուրախ մարդ էր Զաւէն, եւ չարամտութիւն չկար իր պատմածներուն ետին, որքան ալ որ դիպուկ կերպով անձնական կեանքի վերաբերող դրուագներ էին անոնք:
Զաւէնին հերոսները քանիներ էին, որոնք մնացին իր հերոսապատումներուն առանցքային զոհերը, Փոլը` Կիրակոսեան, Թորոսը` Տէր Յակոբեան, Տիւշեսը, եւ Տիգրանը` Դամիրեան: Այս մարդիկը հազիւ թէ տեսած կամ ճանչցած ըլլայինք, սակայն այնքան յստակօրէն տեսանելի ու թափանցիկ էին մեզի իրենց մարդկային երեսներով, որովհետեւ Զաւէն յաջողած էր սքանչելի գրական գոհարներու վերածել զանոնք իր պատումներով: Ափսո՜ս, որ օրին այդ պատմութիւնները չենք արձանագրած` նոյնքան արժէքաւոր այս արուեստագէտներու մասին վկայութիւնները պահելու համար:
Երբ իր զոհերուն մասին խաչակրութիւնը աւարտէր, կը սկսէր Վան Կոկի հանդէպ ունեցած հիացմունքին մասին խօսիլ, կը պատմէր անոնց կեանքէն, Միքայել Անճելոյի Դաւիթի արձանին կատարելութեան, Ռուպենզի արուեստի խորութեան. անվերջ էին Զաւէնին արուեստի աշխարհի նկարագրութիւններն ու տեղեկութիւնները, որովհետեւ հարուստ ու ընդարձակ էր իր գիտութիւնը արուեստի աշխարհի մասին: Հիանալի յիշողութեամբ եւ մանրամասնութեամբ կը վերարտադրէր իր գիտութիւնը:
***
Զաւէն ոգեկան թափառաշրջիկ մըն էր աշխարհահայեացքով ու մտածելակերպով, իր ներաշխարհի թելադրականութեամբ թափառական մը` ծարաւ` տեսնելու, շօշափելու եւ ճանչնալու աշխարհը, տիեզերքը ու նաեւ իսկական տերվիշ մը` իր կենցաղով: Թերեւս մէկ անգամ միայն փողկապ կապած ըլլար, այդ ալ` իր ամուսնութեան օրը: Ամբողջ կեանքը անցուց պարզ ու համեստ կենցաղով, չէր սիրեր պաշտօնականութիւնը եւ կոկիկ չէր կրնար ըլլալ, որովհետեւ իր մտածումները կը գործադրուէին, երբ մտքին մէջ պատկերը յղացած ըլլար, իր աշխատանոցը հիւրասենեակէն դուռով մը միայն կը բաժնուէր եւ ուրեմն մնայուն աշխատանքի իրավիճակին ու մթնոլորտին մէջն էր:
Ամառ թէ ձմեռ` միեւնոյն վերարկուով էր, վերարկուն առած էր իր մարմնին ձեւը, տաբատին արդուկը` շատոնց անհետացած, կը հագուէր միշտ ճերմակ շապիկ մը եւ կուրծքի վերի երկու կոճակները բաց:
Փետրուարեան ցուրտ կիրակի մըն էր, Զաւէն ամիսը մէկ-երկու կիրակի երեկոները կը հանդիպէր մեզի, եւ մինչեւ ուշ գիշեր կը զուարճանայինք իր պատմութիւններով. կրկին հանդիպած էր, բազկաթոռին վրայ սովորականին պէս ինքզինք նետեց եւ` «Էս օր շատ պաղ է», ըսաւ: Երբ տան մէջ օտար հիւրեր չըլլային, իրարու հետ Թոմարզայի բարբառով կը խօսէինք: Նստաւ` առանց վերարկուն հանելու, ըստ իր սովորութեան: Հազիւ նստաւ, ուշադրութիւնս գրաւեց տաբատը… Աջ ոտքին ներսի կողմէն կարը ամբողջութեամբ քակուած ու մերկ սրունքը կը ցուցադրուէր, եւ տաբատը դրօշակի պէս կը ծածանէր:
«Զաւէ՜ն, այս ի՜նչ հագուած ես», ըսի ու սկսայ բարձրաձայն խնդալ: Նայեցաւ ոտքերուն.
«Ամա՜ն, ես ալ կ՛ըսեմ այս պաղ հովը ուրկէ կը փչէ», ինք ալ սկսաւ խնդալ, «աթըլիէի տաբատս է, առանց փոխուելու եկեր եմ», հանեցինք տաբատը, հագուեցաւ Խաժակին գիշերազգեստը, եւ սկսայ կարել: Քիչ մը երկար տեւեց. «Սեդա՛, եաւրո՛ւմ, թըրենի գիծ է, ի՜նչ է կարածդ, այսքան երկար տեւեց»…
Այդպէս էր Զաւէն, տերվիշ` իր աշխարհահայեացքով ու կենցաղով, անտարբեր` իր արտաքինին ու մարդոց նայուածքներուն, արհամարհոտ` փառքի ու պատիւի: Արուեստագէտն էր` կտրուած աշխարհէն, ժամանակէն, եւ իրականութենէն: Գեղեցկութեան իւրայատուկ հասկացողութիւններով, յոյսի եւ յուսահատութեան, պաշտամունքի եւ ատելութեան, հիացմունքի ու շնականութեան զգացումներու` խրթին ու բարդ հանգոյցներով ինքզինք գերեվարած արուեստագէտը:
Տիեզերքի խորհուրդով հմայուած ու մանկացած, աշխարհը, մարդկութիւնն ու բնութիւնը հասկնալու եւ մեկնելու իր իւրայատուկ ընկալումներով արուեստագէտն էր Զաւէն: Ու գնաց ձուլուելու այդ խորհուրդին գաղտնիքով հմայուած մարդոց հոյլին, որոնք ամբողջ կեանքով փորձեցին իմանալ գէթ մէկ երեւոյթը համագոյքին ու անհետացան` անոր մէջ յաւերժացնելով տիեզերքի խորհուրդն ու գաղտնիքը:
Երթաս բարով, սիրելի՛ Զաւէն, յաւերժի՛ ճամբորդ:
17 սեպտեմբեր 2018