Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Ուսումնական տարեշրջանի առաջին մտահոգութիւնը ծնողներուն համար, անշուշտ, կրթաթոշակի ծախսերն են, որոնք հետզհետէ շատերու համար մղձաւանջ կը դառնան: Նոյնպէս հրատապ է աշակերտներուն եւ ուսանողներուն կեդրոնացումը, յիշողութեան թարմացումը, մանաւանդ` արհեստագիտական սարքերով ողողուած մեր այս ժամանակներուն մէջ, երբ գրեթէ ամէն ոք կը ձգտի դիւրինին, որ ի վերջոյ աւելի հաճելի կը թուի: Սակայն միշտ չէ, որ դիւրինն ու հաճելին օգտակար կ՛ըլլան: Յաճախ նոյնպէս կը բթացնեն թարմ ուղեղները: Ներկայիս հիմնախնդիրներէն մէկն ալ յիշողութեան կորուստն է, որմէ կը դժգոհին ե՛ւ երիտասարդներ, ե՛ւ տարեցներ:
Ֆիուչըր կայքին մէջ գիտական նիւթերու յօդուածագիր Տէյվիտ Ռոպսընին յօդուածը կրնայ ոմանց օգտակար ըլլալ:
Ն.
Յիշողութիւնը Պահպանելու Միջոցներ
Մօտեցող քննութեան համար տեղեկութիւնները միտք պահելու նպատակով նոյն բաները պարզապէս քանի մը անգամ կարդալը կրնայ լաւագոյն ձեւը չըլլալ: Փոխարէնը` դուք պէտք է օգտագործէք այս փորձուած միջոցները:
Անկախ անկէ, թէ որքա՛ն բանական կը կարծէք դուք ձեզ, հաւանական է, որ ձեր յիշողութիւնը երբեմն կը դաւաճանէ…
Շարք մը հետազօտութիւններ ցոյց տուած են, որ աշակերտներուն մեծամասնութիւնը չի կրնար արդիւնաւէտ գործածել ապացուցուած մեթոտները, փոխարէնը` ժամանակը վատնելով ապարդիւն մեթոտներու վրայ:
Խնդիրներէն մէկն այն է, որ մենք ծնողներէն, ուսուցիչներէն եւ գիտնականներէն յաճախ կը ստանանք բազմաթիւ հակասական տեղեկութիւններ: Այնպէս որ, վստահ չենք, թէ ո՛ր մեթոտը կը գործէ, որը` ոչ:
Բարեբախտաբար, նոր յօդուած մը, հրապարակուած հոգեբանութեան հեղինակաւոր ամսագիրներէն մէկուն մէջ, քննած է ամէնէն մեծ թերութիւնները` հինգ ամէնէն տարածուած ուսումնասիրութեան մարտավարութիւններու ցանկով, եւ` այն միջոցները, որոնք ատոնք կրնան աւելի արդիւնաւէտ օգտագործել:
Մարտավարութիւն 1. Վերստին Ընթերցել
Նոր բառապաշա՞ր կը սորվիք: Ամէնէն տարածուած ռազմավարութիւնը այն է, որ կը կարդաք բառերը եւ ատոնց իմաստները, մինչեւ որ ատոնք մխրճուին ձեր միտքը: Ցաւօք, հոգեբանները կը հաւատան, որ ատիկա շատ կրաւորական է, այսինքն տեղեկատուութեան մեծ մասը ոչ մէկ տպաւորութիւն կրնայ ձգել:
Յիշողութիւն. Տարածեցէ՛ք Ձեր Ընթերցանութիւնը
Կրաւորական ընթերցանութիւնը թերեւս ամէնէն նուազ արդիւնաւէտ սերտելու մեթոտն է, բայց ատիկա երբեմն կրնայ անխուսափելի ըլլալ, եթէ դուք այնպէս կը զգաք, որ չունիք նիւթին հիմնական հասկացողութիւնը:
Այդուհանդերձ, դուք աւելի լաւ կրնաք օգտագործել կարդալու այդ պահերը` պարբերաբար վերադառնալով նիւթին: Կրնաք կարդալ գլուխ մը, այլ բանով զբաղիլ, ապա` ատիկա կարդալ ժամ մը, օր մը կամ շաբաթ մը ետք, որպէսզի խթանէ ձեր յիշողութիւնը:
Դուք նոյնպէս կրնաք օգտուիլ ձեր գիտելիքները ստուգելով, նախքան` նիւթին վերադառնալը: Ասիկա կրնայ օգնել ձեր ուշադրութիւնը սեւեռելու ձեր չգիտցածներուն վրայ եւ կ՛աւելցնէ ձեր մտային ներգործութիւնը:
Մարտավարութիւն 2. Ընդգծել Եւ Շեշտադրել
Ընթերցանութեան նման` սերտելու թեքնիքը գրեթէ տարածուած է: Գաղափարը իմաստալից է. բանալի բառերը եւ արտայայտութիւնները ընդգծելու հոլովոյթը պէտք է օգնէ ձեզի աւելի շատ տեղեկութիւններ ներգրաւելու համար, եւ ատիկա աւելի դիւրին կը դարձնէ աւելի ետք ճանչնալու ամէնէն կարեւոր հատուածները:
Բայց թէեւ ատիկա կրնայ աւելի արդիւնաւէտ ըլլալ, քան` կրաւորական ընթերցանութիւնը, ընդգծելը եւ շեշտադրելը յաճախ ապարդիւն կ՛ըլլան, երբ աշակերտներուն եւ ուսանողներուն մեծ մասը առանց հաշիւի` գրեթէ իւրաքանչիւր պարբերութիւն կ՛ընդգծէ:
Յիշողութեան Խանգարում. Դադա՛ր Առ, Մտածէ՛
Փոխարէնը` գիտնականները կը թելադրեն գրութիւնը նախ կարդալ հանդարտ, ապա ընդգծել համապատասխան հատուածները, երբ երկրորդ անգամ վրայէն կ՛անցնիք` ձեզ մղելով աւելի ուշադրութիւն դարձնելու իւրաքանչիւր կէտի եւ ընդհանուրին մէջ ատոր յարաբերական կարեւորութեան: Ասիկա կը քաջալերէ աւելի գործուն հոլովոյթ, որ անհրաժեշտ է ուժեղ յիշողութիւններու ձեւաւորման համար:
Մարտավարութիւն 3. Նոթ Առնել
Այցելեցէք որեւէ դասախօսական սրահ կամ գրադարան, եւ դուք պիտի տեսնէք ուսանողներ, որոնք ճշգրտօրէն կ՛ընդօրինակեն ամէնէն կարեւոր տեղեկութիւնները իրենց նոթատետրերուն մէջ:
Ընդգծելով եւ շեշտադրելով` խնդիրները կը ծագին, երբ դուք չէք կրնար բանական կերպով ճիշդ դատել այն նիւթը, որ ներառած էք: Ձեր յաւելեալ ոգեւորութիւնը եւ ամէն բան ներառելու հակումը դիւրաւ կը վերածուին մոլութեան:
Յիշողութեան Խոչընդոտ. Հակի՛րճ Եղէք
Փորձերը ցոյց տուած են, որ ուսանողները իրենց արձանագրութիւններուն մէջ գաղափար մը արտայայտելու համար որքան քիչ բառեր գործածեն, այնքան աւելի հաւանական է, որ ատոնք յետոյ յիշեն:
Ասիկա հաւանաբար պայմանաւորուած է այն հանգամանքով, որ ամփոփումներ եւ զուգահեռներ ընելով` ստիպուած էք խորապէս մտածել այն գաղափարին մասին, որ կը փորձէք արտայայտել: Այդ լրացուցիչ, յաւելեալ ջանքերը ատիկա ձեր յիշողութեան մէջ կը քանդակեն:
Այս բացայայտումները կրնան նոյնպէս բացատրել, թէ ինչո՛ւ աւելի լաւ է գրել գրիչով եւ թուղթերու վրայ, այլ ոչ թէ` օգտագործել լեփթոփը:
Ձեռքով գրելը տպելէն դանդաղ է, եւ ձեզի կը ստիպէ աւելի հակիրճ ըլլալ գրելու ատեն:
Մարտավարութիւն 4. Արտայայտել
Բազմաթիւ դասախօսներ կը քաջալերեն իրենց ուսանողները` ուշադրութեամբ դիտել իրենց դասընթացքը` ներկայացնելով կառուցային, տրամաբանական ձեւով ներկայացնելով հիմնական կէտերը:
Երբեմն այդ ուրուագիծները ստեղծուած կ՛ըլլան ուսուցիչին կողմէ, բայց անոնք կրնան նոյնպէս խրախուսել ուսանողը ատիկա ինքնիրեն, առանձին ընելու:
Յիշողութեան Խոչընդոտ. Փնտռել Խոր Նմուշներ
Ուսանողները առաջարկած են դասընթացքի ուրուագիծներ, որոնց շնորհիւ` աւելի արդիւնաւէտ կը գործեն:
Նոր փաստերը կը հաստատեն, որ ատոնք կարելիութիւն կ՛ընձեռեն բացայայտել տարբեր բնաբաններու միջեւ կապերը: Այս ուսումնասիրութիւնները ցոյց կու տան, որ սորվելէ առաջ յաճախ աւելի արդիւնաւէտ է սկսիլ ընդհանուր կմախքի նախագիծի պատրաստութեան, ապա` ընթացքին մէջ ամբողջացնել, լրացնել մանրամասնութիւնները:
Մեր ուսուցման մեծ մասը անկախ է, անշուշտ, առանց պաշտօնական ուղղութիւն տուողի, բայց դուք դիւրաւ կրնաք ձեր նշումները եւ ընդգծումները կատարել գրութեան մը կամ դասախօսութեան մը:
Կրկին, հակիրճ ըլլալը կարեւոր է. դուք պէտք է կեդրոնանաք փաստի կառոյցին վրայ, այլ ոչ թէ` մանրամասնութիւններուն մէջ կորսուելու, եթէ տեսնէք ընդգծուած առնչութիւնները եւ առաւելագոյնս օգտուիք այս խոր սորվելու միջոցէն:
Մարտավարութիւն 5. Ֆլեշ Քարտեր
Ինքզինք քննելը (կամ «որոնման վարժութիւնը», ինչպէս կ՛անուանեն հոգեբանները) այժմ կը համարուի ամէնէն վստահելի սորվելու ռազմավարութիւնը, մասնաւորաբար յատուկ, մանրամասն տեղեկութիւններու համար` զգալի ապացոյցներով, որ ատիկա կրնայ խթանել յիշողութիւնը: Նոյնիսկ այդ պարագային, այդուհանդերձ, կան աւելի ու նուազ արդիւնաւէտ միջոցներ ատիկա ընելու:
Յիշողութեան անկում. Զգուշացէք չափազանց ինքնավստահութենէ
Մարդոց մեծամասնութիւնը կը պայքարի չափելու համար իր մտածելակերպի սահմանները` հաւատալով, որ իրենց որոշումները իրականութենէն աւելի խելացի են, եւ սորվելու դատողութիւնները տարբեր չեն:
Իրականութեան մէջ ուսումնասիրութիւն մը ցոյց տուած է, որ այն մարդիկը, որոնք աւելի ինքնավստահ կը զգան բան մը սորվելու ատեն, աւելի նուազ հաւանական է, որ այդ մարդիկը հետագային յիշեն իրենց սորվածը:
Մենք բոլորս կը թերագնահատենք այն փաստը, թէ ապագային ինչպիսի՛ դիւրութեամբ պիտի մոռնանք մեր սորվածը: Ֆլեշ քարտերու օգտագործումը, հետեւաբար, կրնայ հակառակ ազդեցութիւն ունենալ, եթէ կը հաւատաք, որ երբ բան մը մէկ անգամ յաջողութեամբ յիշած էք, ատիկա կը պահպանուի յաւիտեան, ինչ որ ձեզ կը մղէ քարտը մէկ կողմ դնելու, նախքան որ ատիկա դրոշմուի ձեր յիշողութեան մէջ: Փոխարէնը` աւելի իմաստալի կը դառնայ շարունակել փորձարկելը, երբ կարծէք, որ դուք արդէն սորված էք տեղեկութիւնը: