Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17235

Հայ Դպրոցը` Հայակերտման Ամրոց

$
0
0

ՔՐԻՍՏԱՓՈՐ ԻՍԿԷՆՏԷՐԵԱՆ
Ապագայ լրագրող

Հայ դպրոցին առաքելական դերը հայկական գաղութներուն մէջ միշտ եղած է ու պէ՛տք է մնայ անմիջական: Հայ դպրոցը հարազատ տունն է հայ մանուկին: Հայ դպրոցը տունն է նաեւ միա՛յն նուիրեալ հա՛յ ուսուցիչին եւ ո՛չ թէ հայկականութենէ զուրկ ու միայն նիւթական շահեր հետապնդող «ուսուցիչ»-ին: Հայ դպրոցը սոսկ ուսումնարան չէ, հայ դպրոցը սոսկ քարաշէն կառոյց չէ, հայ դպրոցը հայակերտման ու հայապահպանման սո՛ւրբ վայր է: Վա՜յ անոր, որ հայ դպրոցը կը շփոթէ սովորական կառոյցներու հետ կամ իր անձնական շահերը կը խառնէ անոր շահերուն… ապա ան վստահաբար պիտի արժանանայ հայասէրներու անէծքին:

Անձնական շահե՞ր, գացէ՛ք` փնտռեցէ՛ք հայկական դպրոցներէ հեռո՜ւ կառոյցներու մէջ: Ազգային շահերը վե՜հ են ու վսե՛մ. կարելի չէ զանոնք համեմատել կամ խառնել անձնական շահերու հետ: Հեռո՜ւ պահեցէ՛ք հայ մարդ պատրաստող դպրոցները անիմաստ ու քանդիչ «ըսի-ըսաւ»-ներէ: Այս դպրոցներուն առաքելութիւնը «Ես» չի ճանչնար: Այս դպրոցներուն առաքելութիւնը սո՛ւրբ է, սրբազա՛ն ու ամէն տեսակի աղաւաղիչ գործերէ: Այս դպրոցները հիմնուած չեն միա՛յն ուսում ջամբելու համար. անոնք հիմնուած են` հայ ժողովուրդի գոյատեւումը ապահովելու համար, հա՛յ մարդ պատրաստելու համար, հայ սերունդներ դաստիարակելու համար, հայ աշակերտին մէջ հայկականութիւն սերմանելու համար, հայրենիքի գաղափարը վառ պահելու համար, ազգ հասկացողութիւնը բացատրելու համար… եւ ի վերջոյ, հայ ժողովուրդի ապագան ապահովող հայկականութեամբ ու բարոյական արժէքներով թրծուած սերունդներ պատրաստելու ու մշակելու համար:

Հետեւաբար դատապարտելի է որեւէ քայլ, որ կը խաղայ հայ դպրոցի ճակատագրով, քանզի ան ինքնաբերաբար կը խաղայ ամբողջ ազգի մը ապագայով: Ուստի ըլլանք զգօն, որդեգրենք խոհեմ, հեռատես ու հայ ժողովուրդին շահերը ապահովող քայլեր, որպէսզի ապագային «երանի՜» բացագանչութեանց տեղ չտանք:

Միասնաբար բարձր պահենք հայ դպրոցը ամէն տեսակի կործանիչ փորձերէ: Այսօր, գտնուելով այլասերման փոթորիկի հոսանքներու դէմ յանդիման, հայ դպրոցին դերը աւելի անմիջական է, քան երբեւէ: Հանդուրժելի ու արտօնելի չէ որեւէ նահանջ արձանագրող քայլ: Պատասխանատուութեան բեռը աւելի ծանր է, քան երբեւէ: Ճի՛շդ ձեւով շալկենք այդ բեռը, որ չըլլայ թէ իյնայ:

Յաջողութեան լաւագոյն մաղթանքներով`
Բարի՛ վերամուտ, սիրելի՛ հայ ուսուցիչ,
Բարի՛ վերամուտ, սիրելի՛ հայ աշակերտ:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17235

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>