Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17090

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակի Միջինարեւելեան Երկիրներու Խորհրդաժողովին. ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Ներկայացուցիչ, Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի Արտասանած Խօսքը

$
0
0

Pakradouni_022016

Ոչ ոք կրնայ ուրանալ այն իրողութիւնը, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի նախաձեռնութիւններէն ետք ու անոնց աւարտով Հայ դատի հետապնդման պայքարը մտած է նոր հանգրուան:

100-ամեակի եւ զայն կանխող տարիներու համահայկական հետեւողական աշխատանքները վստահաբար ներքին թէ արտաքին ճակատներու վրայ տուին իրենց արդիւնքները ու պիտի ճանչցուին Հայ դատի հետապնդման ճանապարհին իբրեւ անկիւնդարձային հանգրուան, որ սակայն կը մնայ պակասաւոր, անպտուղ եւ ամուլ, եթէ երբեք ռազմավարական ծրագրումով կարելի չըլլայ յառաջիկայ ժամանակաշրջանին շահարկել կատարուած նուաճումները, ամրապնդել ձեռքբերումները եւ ապահովել նոր յաղթանակներ` միշտ ի մտի ունենալով այն, որ խնդիրը Ցեղասպանութեան ոգեկոչումը չէ միայն, այլ այն, որ Հայաստանէն մինչեւ սփիւռքի հեռաւոր հայ տան մէջ կատարուած որեւէ նախաձեռնութիւն մաս կը կազմէ Հայ դատի ընդհանրական պայքարին:

Անկասկած Հայոց ցեղասպանութեան համահայկական հռչակագիրը եւ այդ ծիրին մէջ յիշելու, յիշեցնելու բայց մանաւանդ Սեւրի դաշնագիրով ամրագրուած հողային պահանջատիրութեան բարձրաձայնումը անվիճելի զինամթերք է մեր պայքարի պահեստանոցին: Նահատակներու սրբադասումը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կալուածներու վերադարձի դատական պահանջն ու սրբազան քահանայապետին կողմէ Ցեղասպանութեան ճանաչումը հիմնական յաղթանակներն են 100-ամեակի պահանջատիրութեան երթին:

Եւ նոյնքան վստահութեամբ կարելի է նշել, որ աշխարհով մէկ տասնեակ հազարներով ցոյցերէն մինչեւ դպրոցներու մէջ կայացած նշումները իրենց ներքին թէ քաղաքական անդրադարձներով անջնջելի դրոշմ, խորք եւ նոր պրկում տուին Հայ դատի հետապնդման ճիգերուն:

Զանազան մակարդակի պետական, քաղաքական թէ այլ մարզերու գործիչներու կամ հաստատութեանց եւ կառոյցներու հայանպաստ կամ Ցեղասպանութիւնը ճանչցող ելոյթները անպայմանօրէն յաւելեալ արժէք տուին ճանաչման գործընթացին, որ տակաւին կը պահանջէ յարատեւ ճիգ եւ մղում:

Այս բոլորը կատարուեցան ընդհանրական աշխատանքով: Կրնայի՞նք աւելին ընել: Վստահաբա՛ր: Անհրաժե՞շտ էին բոլոր կատարուածները: Ո՛չ անպայման: Կարելի՞ էր առաջնահերթութիւններ հաստատել եւ կարեւորը նուազ կարեւորէն եւ անկարեւորէն տարբերել: Այո՛: Մրցակցութիւններ եղա՞ն: Վստահաբա՛ր: Նիւթական միջոցները բաւարա՞ր էին: Ո՛չ:

Բայց, վերջին հաշուով, տարիներ ետք անպայմանօրէն պիտի յիշուի 100-ամեակը իր նուաճումներով, ու կրնան մոռցուիլ բացթողումները:

Որպէսզի կարենանք յիշել ու շարունակել պահանջել, անհրաժեշտ է նաեւ կատարել տարբեր մակարդակի մատնանշումներ.

ա) 100 տարի + 1 պայքարի նոր հանգրուան մըն է, ուր պարտինք դասեր քաղել անմիջական անցեալէն, ճշդել առաջնահերթութիւններ, չիյնալ անմիջական խանդավառութիւններու յորձանուտին մէջ ու չկրկնել սխալներ:

բ) Անցնող տարիներուն գործեցինք ու դժբախտաբար պիտի շարունակենք գործել շրջանային պատերազմական վիճակի մէջ: Հայաստանի շրջապատն ու Միջին Արեւելքը երկար ժամանակի վրայ անստոյգ եւ անակնկալներով լեցուն ժամանակաշրջան մը պիտի ապրին: Այս շրջանին մէջ կատարուող իւրաքանչիւր փոփոխութիւն իր անվիճելի անդրադարձը պիտի ունենայ թէ՛ միջինարեւելեան գաղութներուն, թէ՛ Հայաստանի, եւ թէ սփիւռքեան միւս շրջաններուն վրայ: Միջին Արեւելքի հայութեան եկած հարուածը եւ անոր իբրեւ հետեւանք` դէպի Արեւմուտք եւ Ատլանտեանի միւս ափ  գաղթը, նոյնիսկ եթէ խաբկանքը կու տայ նոր գաղութներու հաստատման կամ գոյութիւն ունեցողներու ուժեղացման, փաստօրէն սակայն կը հարուածէ Թուրքիոյ սահմանամերձ ու պայքարի յառաջապահ խրամները:

Նոյնն է պարագան նաեւ Հայաստանին: Արտագաղթը եւ դէպի Հայաստան ներգաղթող հայերու լքումը հայրենիքի` ո՛չ միայն դրական յոյսեր չեն ներշնչեր Հայ դատի պայքարին ուղղութեամբ, այլ նաեւ կը վտանգեն Հայաստանն ու հայութիւնը:

գ) Թուրքիան իր իրերայաջորդ վարչակազմերով շատ բան սորվեցաւ հայութեան տարած պայքարէն ու լաւապէս ծանօթ է մեր ժողովուրդի նկարագրային գիծերուն, առեւտրականի հոգեբանութեան, արագօրէն ներողի պատրաստակամութեան, ընդհանրական, սնամէջ եւ քաղաքական բովանդակութենէ զուրկ յայտարարութեանց հանդէպ միամտութեան եւ արագ խանդավառութեան: Թուրքիոյ մէջ բարձրացող հայանպաստ ձայները դրական են անշուշտ, սակայն պետական քաղաքականութիւն չեն: Իրենց չափին մէջ օգտակար են, սակայն ոչ այնքան, որ մենք պարտինք զանոնք նկատել մեր պայքարի հունափոխութեան ուղենիշ:

Թէ՛ Միջին Արեւելքի, թէ՛ կովկասեան տարածաշրջանին մէջ Թուրքիոյ յարձակողապաշտ քաղաքականութիւնը, նաեւ Արեւմուտքի նկատմամբ անցեալի շփացած ու ներկայի շահագործող ընթացքը եւ Իսլամական պետութեան ու ահաբեկչութեան իր տրամադրած անսահման օժանդակութիւնները անգամ մը եւս կը վերարտադրեն Թուրքիոյ օսմանեան, թուրանական այլամերժ դիմագիծը ու պետական ահաբեկչութեան նկարագիրը:

դ) Ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացը անհրաժեշտ է շարունակել անկասկած: Գործընթացի շարունակութիւնը եւ պետութեանց ճանաչումը բաւարար տուեալներ չեն Հայ դատի լուծման եւ մեր պահանջներու իրականացման ճամբուն վրայ: Անոնք պարզապէս մէկ բաժինն են ընդհանրական

պայքարին, որ կ՛աւարտի գրաւուած հողերու ազատագրումով եւ ամբողջական Հայաստանի կայացումով: Պէտք չէ, կարելի չէ նշաձողը փոխել: Հիմնականը` հայապատկան հողերու ազատագրումն է: Այդ նպատակին պիտի ծառայէ ամէնուրեք համահայկական որեւէ քայլ:

ե) Հողերու ազատագրական գաղափարին ընդհանրական խորագիրին տակ դրական եւ անհրաժեշտ քայլ պէտք է նկատել Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դատը Թուրքիոյ սահմանադրական դատարանին մօտ: Սխալ է զայն շահագործել ու զայն պատրուակելով` անհատական նախաձեռնութիւններու դիմել շահադիտական մօտեցումներով: Թուրքիոյ դէմ մեր պայքարը Հայ դատի լուծման համար անհատական սեփականութեանց վերադարձով չ՛ամբողջանար: Թուրքիան կրնայ անհատական սեփականութիւնները վերադարձնել անհատներու: Պահանջը եւ հայ-թրքական կնճիռին հանգուցալուծումը կը կայանայ բռնագրաւեալ հողերու Հայաստանի վերադարձին, հայկական գերիշխանութեան վերադարձին:

զ) 100-ամեակը եկաւ վաղուց արդէն կազմաւորուող նոր հայը յայտնաբերելու: Հայեր, որոնք օսմանեան եւ թրքական ճնշումներուն իբրեւ հետեւանք` թրքացուած են կամ թրքացած, հայեր, որոնք ազատ կամքով կրօնափոխ դարձած են Թուրքիոյ մէջ, թէ Թուրքիայէն դուրս, հայեր, որոնք կորսնցուցած են լեզուն, կնքած են խառն ամուսնութիւններ, հեռացած են Հայաստանեայց եկեղեցիէն, հայեր, որոնք օտարացած են: Այս հայերը, անոնցմէ շատեր հոգեփոխութիւն ապրեցան, հոգեշարժ ապրեցան եւ այսօր պատրաստ են մաս կազմելու ընդհանրական մեր պայքարին. պէտք է գուրգուրալ անոնց վրայ, զանոնք պահել, աւելիով մօտեցնել մեզի եւ անոնց զաւակներուն կապը ապահովել: Այս աշխատանքը քաջալերանք չէ հեռացածներու կամ պատրուակ` հեռանալու պատրաստուողներու, այլ հրամայական` ազգը ամրացնելու եւ պայքարը ուժեղացնելու, բոլոր կարելիութիւններն եւ ուժերը օգտագործելու ի խնդիր մէկ ու համահայկական նպատակի:

է) 100-ամեակի նուաճումներէն էին կոթողներու եւ կառոյցներու հաստատումը: Յիշելու եւ յիշեցնելու մեր ճիգին անվիճելի անհրաժեշտութիւններն են անոնք: Զանոնք պայքարի զէնքի վերածելու համար անհրաժեշտ է զանոնք պահպանել, պաշտպանել եւ ապրեցնել ու փարոսի վերածել:

Եւ ինչո՞վ ու ինչպէ՞ս:

Ի՞նչ պիտի կարենանք ընել, որ Լիբանանի, Սուրիոյ, Եգիպտոսի, Իրաքի, Յորդանանի, Պաղեստինի մէջ հաստատուած խաչքարերն ու կոթողները տեւաբար գուրգուրացող, մոմ վառող, ծաղկեպսակ զետեղող այցելուներ ունենան, որ` կարենան հայերէն աղօթել: Շարունակե՞նք կառուցել մատուռ ու եկեղեցի, բայց չպաշտպանե՞նք խօսքէն անդին գործով, դրամով, ներդրումով, ծրագրումով հայ դպրոցը, հայ լեզուն, հայ ուսուցիչը: Ինչո՞ւ կանգնեցնենք կոթողները, բայց մոռնանք կոթող այցելողները, ինչո՞ւ կառուցենք եկեղեցի ու խորան, բայց չապահովենք հայ ընտանիքը, հայ աշակերտն ու ուսանողը: Ինչո՞ւ ուրախանանք երկրորդական վարժարաններէ հարիւրաւոր շրջանաւարտներով ու չկարենանք նպաստել անոնց համալսարանական կրթութեան, որպէսզի իբրեւ շրջանաւարտ յաճախէ եկեղեցի, իր պսակը կնքէ հայու հետ, հայկական ծէսով եւ իր հայ ընտանիքով այցելէ կոթող:

ը) 100-ամեակով ամրապնդուած` անհրաժեշտ է անպայմանօրէն ամրացնել մեր ժողովուրդին դիմադրականութիւնը: Անհամեմատ կերպով բարձրացած են մեզ շրջապատող ընկերային, տնտեսական, քաղաքական, ռազմական վտանգները: Արդիականութեան քողին տակ օտարացումը, մարդկային, ընդհանրական ու բոլորիս համար կարեւորութիւն ներկայացնող արժէքներու պաշտպանութեան քողին տակ ազգային արժէքները մոռնալու տանող սադրանքները, հայ-թուրք բարեկամութեան ու տնտեսական դրախտներ խոստացող թակարդը, փոքր ժողովուրդ ըլլալու բարդոյթը, անհատական մակարդակի վրայ թրքամէտ շահադիտական նախաձեռնութիւնները, դիւանագիտութիւնը կարեւոր նկատելով հաւաքական ուժը անտեսելը, պետութեան, կազմակերպութեանց, եկեղեցւոյ, մշակոյթի, ու հայ մարդու հայկականութեան նահանջը մեզ կը դնեն վտանգներու դիմաց, որոնք երբ կ՛աւելնան քաղաքական թէ ռազմական փոփոխութեանց ոչ նպաստաւոր պայմաններուն վրայ, կը պարտաւորեցնեն հայ ժողովուրդի դիմադրականութեան անհամեմատ, արագ ու անմիջական բարձրացում ու կռանում` ի խնդիր մեր բոլոր իրաւունքներու ձեռքբերման:

թ) Վերջապէս, 100-ամեակի պահանջատիրութեան երթին մէջ Լիբանանը իր ողջ հայութեամբ ունեցաւ անվիճելի հսկայական ներդրում, Լիբանանի հայութիւնը իր բոլոր հատուածներով ու լիբանանեան քաղաքական, համայնքային, կրօնական, կրթական, լրատուական շրջանակներով բոլորուեցաւ հայ ժողովուրդի արդար պահանջներուն շուրջ: Լիբանանը է ու կը մնայ հայութեան մարտունակ զանգուածին հիմքը: Սուրիահայ մեր քոյրերու եւ եղբայրներու ժամանումը Լիբանան յաւելեալ ուժ եւ կարելիութիւն կը հայթայթէ հայապատկան հողերու սահմանամերձ այս երկրի հայութեան: Պարտաւոր ենք մենք, նախ` Լիբանանի հայութիւնը եւ մեզի հետ համայն հայութիւնը, Հայաստանի պետութիւնն ու աշխարհատարած հայութիւնը,  միասնաբար ամուր պահել Հայ դատի պահանջատիրութեան այս ամրոցը: Իբրեւ կուսակցութիւններ մենք արեամբ դրոշմուած կենսափորձը ունինք Լիբանանի հայութեան անվտանգութիւնը պահպանելու: Արեամբ ամրագրուած այս կենսափորձէն ու ձեռքբերումէն չենք կրնար զիջում կատարել համեմատաբար խաղաղ օրերուն, կամ` տնտեսական ու նիւթական մտահոգութիւններով: Միասնաբար ամուր պահենք հայութեան յառաջապահ ամրոցը` Լիբանանի հայութիւնը:

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի փակումը նոր հանգրուան կը բանայ անկասկած, բայց` ոչ նոր հարիւրամեակ: Մենք 100 տարի եւս սպասելու հաշտուածութիւնը չենք կրնար ցուցաբերել: Այդ մէկը պարտութիւն է արդէն:

Պարտաւոր ենք ծրագրել ու պայքարիլ այնպէս, որ Ցեղասպանութեան ոգեկոչման երկրորդ հարիւրամեակը վերածուի հայութեան յաղթանակի փառատօնին:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17090

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>