ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ
Միացեալ Նահանգներ յստակ տարբերակում մը կը կատարեն Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) եւ Սուրիոյ քրտական Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան (ԺՄԿ) միջեւ. անոնք առաջինը կը նկատեն ահաբեկչական կազմակերպութիւն մը, իսկ անոր առնչակից երկրորդը` ՏԱՀԵՇ¬ի դէմ պայքարին մէջ գետնի վրայ իր ազդուութիւնը քանիցս փաստած դաշնակից մը: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ճոն Քըրպի յայտնեց, որ Անգարա իրաւունք ունի իր ժողովուրդը պաշտպանելու իր հողերուն վրայ ահաբեկչական կազմակերպութիւններէն` աւելցնելով, որ իրենք Թուրքիոյ յորդորած են ու կը շարունակեն յորդորել «չներգրաւուիլ անդրսահմանային ռմբակոծումներու մէջ», այլ խօսքով` Սուրիոյ մէջ քրտական կուսակցութեան դիրքերու ռմբակոծումը դադրեցնել: Այդպիսով` ան յստակօրէն կը ներկայացնէր Ուաշինկթընի կողմէ ճշդուած խաղի կանոնները. թրքական բանակը կրնայ Թուրքիոյ Հանրապետութեան տարածքին գործողութիւններ կատարել, սակայն ոչ Սուրիոյ մէջ, որովհետեւ այդ պարագային Ռուսիոյ հետ բախում մը կը դառնայ անխուսափելի եւ ամերիկեան վարչակազմը չ՛ուզեր այդպիսի արկածախնդրութեան մը մէջ ներքաշուիլ, մանաւանդ որ 2016¬ը Միացեալ Նահանգներու մէջ նախագահական ընտրութեան տարի է:
Ուաշինկթըն նաեւ չի բաժներ Անգարայի այն պնդումը, թէ 17 փետրուարին Անգարայի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչական յարձակումին հեղինակը ԺՄԿ¬ն ըլլալը «բացայայտ» է, այլ կը նշէ, թէ հեղինակին ինքնութեան հարցը կը շարունակէ մնալ «բաց հարց» մը` գիտակցաբար ականահարելով դէպքը թրքական բանակին Սուրիա ներխուժման քայլի արդարացման համար օգտագործելու Անգարայի մարտավարութիւնը: Թուրքիան կը զգուշանայ ինքնագլուխ դիմելու այդ քայլէն, որովհետեւ գիտէ, որ ռուսական բանակին Սուրիա ներկայութիւնը անհամեմատ կերպով կը ծանրացնէ այդպիսի արկածախնդրութեան մը դիմելու հետեւանքները: Թուրքիան անկարող է այդ սուղ գինը վճարել առանձին, ուստի կը փորձէ զայն բաժնեկցիլ այլ երկիրներու հետ` նուազագոյնի իջեցնելով իր կրելիք վնասները:
Անգարա կը գտնուի ոչ նախանձելի կացութեան մը մէջ` նոր օսմանական քաղաքականութիւնը մահամերձ է, Իսրայէլի հետ յարաբերութիւնները` խզուած, դրացիներու հետ խնդիրները` դիզուած, Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւնները` լարուած, իսկ Միացեալ Նահանգներու հետ տարակարծութիւնները` խորացած, եւ այդ է պատճառը, որ սանձարձակ ու ջղագրգիռ կերպով կը քննադատէ բոլորը` Ռուսիան, Սուրիոյ վարչակարգը, քիւրտերը, Իրանը, Եւրոպական Միութիւնն ու Միացեալ Նահանգները: