Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Փետրուարեան Ընդվզում

$
0
0

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

apo-oreorin1Համաժողովրդային ընդվզումներու, բողոքի ու ապստամբութեան տարերային դրսեւորումներու ամիս է փետրուարը:

Փետրուարին է, որ կը տօնենք յանուն խղճի ու հաւատքի ազատութեան` Վարդանանց խոյանքը, անհաւասար մարտի նետուելու եւ մարտիրոսութեան գնով թշնամիին առջեւ ծունկի չգալու վճռակամութիւնը:

Փետրուար 18-ին կը փառաւորենք մեր նորագոյն շրջանի պատմութենէն փրցուած` բռնութեան ու անարդարութեան դէմ պոռթկումն ու ընդվզումը, պոլշեւիկեան ապազգային վարքագիծին դէմ ծառացումը:

Փետրուարը նաեւ ազդարարեց պատմական շրջադարձը, ամէնէն անհաւանական, ամէնէն անհաւատալի երազներուն ի խնդիր համազգային խիզախութեան յաղթական երթի սկիզբը` խորհրդային բռնատիրական վարչակարգին դէմ արցախեան պահանջատիրական շարժումով սկսած ու հող ազատագրելու, ազգային ինքնորոշման իրաւունք ամրագրելու ձեռքբերումով աւարտած:

Փետրուարեան այս պատմակշիռ իրադարձութիւնները մեզի կը յուշեն, որ մեր ժողովուրդը իր մէջ մշտապէս պահած ունի անարդարութիւնը մերժելու եւ իր իրաւունքներու ոտնահարումին դէմ պայքարելու ներուժ, որ կրնայ որեւէ պահու ժայթքիլ` համաժողովրդական տարերային իր բողոքը արտայայտելով տարաբնոյթ պոռթկումներով:

Սակայն անկախ պետականութիւն ունինք այսօր, ու աւելի զուսպ, շրջահայեաց ըլլալու գիտակից պարտաւորութիւնը կը թելադրէ մեր կեցուածքներն ու դիրքորոշումները: Վերջապէս, կ՛ապրինք շրջապատուած թշնամական ուժերով, որոնք ոչ մէկ պատեհութիւն պիտի փախցնեն մահացուօրէն խոցելու մեզ, խլելու մեր հողն ու երկիրը: Այո՛, մեր պետականութեան վերականգնումի քառորդ դարեայ պատմութեան ամէնէն մեծ իրագործումներէն մէկը կարելի է նկատել մեր հաւաքական վճռակամութիւնը, թէ` ամէն գնով պէտք է պահպանենք մեր ներքին կայունութիւնը, թէ` ոչ մէկ արժէք կրնայ գերազանցել անկախ պետականութեան պահպանման հրամայականը:

Անկախ պետականութեան պայմաններուն տակ, նաեւ, իրաւունք ունինք ակնկալելու, որ մեր իշխանութեան գլուխ կանգնած ուժերը, կուսակցութիւններն ու գործիչները պէտք է անդրադառնան իրենց պարտաւորութիւններուն եւ անշահախնդրօրէն ծառայեն ժողովուրդին, պաշտպանեն անոր իրաւունքները եւ աշխատին ազգային առողջ միջավայր ու մթնոլորտ ստեղծելու առաջադրանքով, փետրուարեան  ընդվզումները, ցասումն ու կիրքը ստեղծարարօրէն նշանաւորելով:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>