Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17398

Միացեալ Նահանգներու Մէջ Դրամահաւաք` Ի Նպաստ Սուրիահայութեան

$
0
0

Սուրիոյ հայութեան օժանդակութեան միացեալ մարմինը 21 փետրուարին պիտի կազմակերպէ դրամահաւաք` կէսօրէ ետք ժամը 2:00-էն սկսեալ մինչեւ երեկոյեան ժամը 8:00 (Միացեալ Նահանգներու ժամով), որ պիտի պատկերասփիւռի հետեւեալ կայաններէն` «Horizon», «USArmenia», «ARTN/Shant», «PanArmenianTV», ինչպէս նաեւ` համացանցով:

Ստորեւ կը ներկայացնենք այս առիթով Սարգիս Մահսէրէճեանի գրիչին պատկանող յօդուած-կոչը, ինչպէս նաեւ` արդէն իսկ կատարուած նախաձեռնութիւններուն լրատուութիւնը:

Նախաձեռնութեան կարելի է մասնակցիլ եւ յաւելեալ տեղեկութիւն ստանալ այցելելով www.syrianarmenianrelieffund.org կայքը, կամ դիմելով (866) 888-7273 թիւին:

Կենսատու Կաթիլներ`
Կարիքի Ծովուն

Այս շաբաթավերջին, կիրակի, 21 փետրուարի յետմիջօրէին, ամերիկեան գաղութի զաւակներս կարեւոր ժամադրութիւն մը ունինք Սուրիոյ հայութեան օժանդակութեան միացեալ մարմինին (ՍՀՕՄՄ) հետ, այսինքն` մենք մեզի հետ, որպէսզի լրումին հասցնենք Սուրիոյ հայութեան օժանդակութեան նորագոյն փուլը:

Ըսինք` ժամադրուած ենք մենք մեզի հետ, որովհետեւ ՍՀՕՄՄ մենք ենք, եւ ոչ թէ` մեզմէ անկախ էակ մը: Անոր մաս կը կազմեն մեր գաղութի բոլոր բաղկացուցիչ միաւորները` յարանուանութիւնները, կուսակցութիւնները, բարեսիրական միութիւններն ու անոնց ուղեկից միաւորները ու հաստատութինները: Մէկ խօսքով, պատկերասփիւռային հանգանակային արշաւը կազմակերպուած է մեր բոլորին ներկայացուցիչներուն կողմէ, ու բնական է, որ անոր ընդառաջենք միահամուռ կերպով: Սա բառախաղ չէ, այլ` պարզ ճշմարտութիւն մը, որուն իրազեկ ենք, իրազեկ պէտք է ըլլանք բոլորս:

Ընդառաջել «Կեանք մը փրկենք» կոչին` կը նշանակէ անսալ ազգի մարմինին մէկ արիւնոտ բաժինը դարմանելու հրաւէրին: Սուրիոյ հայութիւնը, մասնաւորաբար Հալէպը, ահաւասիկ հինգ տարիէ ի վեր, իրենց կամքէն անկախ, բռնուած են երկիրը քանդող ու արիւնաքամ ընող պատերազմական վիճակի մը մէջ, որ խտրութիւն չի դներ իսլամին ու քրիստոնեային, այս կամ այն յարանուանութեան հետեւորդներուն միջեւ: Բնական է սակայն, որ հայուն հասած իւրաքանչիւր վնաս` կեանքի կամ ստացուածքի կորուստ, կեանքի ապահովութեան նկատառումով գաղութէն հարկադրեալ հեռացում, աւելի՛ ցաւալի է մեզի` հայերուս համար, թէեւ չենք կրնար անտարբեր աչքով դիտել ամբողջ երկրի աւերումն ու բազմաթիւ շրջաններ պատուհասող ուրականը:

21 փետրուարը պարզապէս հանգրուան մըն է, եւ ոչ թէ` սկիզբ մը կամ վախճանակէտ մը: ՍՀՕՄՄ-ը ծնունդ առած է եւ անընդհատ կը գործէ 2012-ի օգոստոսէն ի վեր, երբ պատերազմական գործողութիւնները շրջանի հայութիւնը մատնեցին դժուարին կացութիւններու: Մենք ՍՀՕՄՄ-ի աշխատանքներուն հրապարակաւ իրազեկ կ՛ըլլանք առաւելաբար այն հանգրուաններուն, երբ անիկա հանգանակային բնոյթով գեղարուեստական ձեռնարկներ կամ համազօր նախաձեռնութիւններու կը դիմէ, մինչդեռ մարմինին անդամները կը բանին ամէնօրեայ կշռոյթով, անձնական գրասենեակներ ու անոնց անձնակազմը սիրայօժար տրամադրած են այս վսեմ գործին: Հետեւաբար, իբրեւ անմիջական երախտիք (որուն չեն սպասեր այս ծառայողները), անհրաժեշտ է ընդառաջել այս նախաձեռնութեան:

Հանգանակային այս արշաւը միօրեայ իրագործում մը պիտի չըլլայ: Լուսարձակներէ հեռու, իսկ վերջին շաբաթներուն` նաեւ լուսարձակներ խլող աշխատանքներ իրականացան քիչ մը ամէն տեղ, որպէսզի 21 փետրուարի թելեթոնը արդարացնէ բոլորիս ակնկալութիւնները: Դպրոցներու մէջ տեղի ունեցան մշակութային կամ «առեւտրական» ձեռնարկներ (թատերական երեկոներ, ուտելիքի վաճառք…), որոնցմէ սկսան գոյանալու կենսատու կաթիլներ: Անհատ ազգայիններ կամ խմբակցութիւններ հիւրընկալութիւններ կազմակերպեցին` պատրաստելու համար թելեթոնին մթնոլորտն ու ենթահողը:

Սուրիոյ հայութիւնը, մասնաւորաբար Հալէպի մեր հարազատները, մինչեւ երէկ ունէին հաւասարակշռուած կեանք ու ապրուստ: Անոնք այսօր ալ կը գոյատեւեն հայօրէն` դէմ դնելով ապրուստի ահաւոր տագնապներուն: Սահմանափակուած են եկամուտի միջոցները, ջուրն ու ելեկտրականութիւնը վերածուած են սուղ պերճանքի, սննթամթերքները եւս դարձած են դժուարամատչելի… Եւ սակայն հայ ընտանիքը, դպրոցն  ու եկեղեցին, միութիւններ ու կազմակերպութիւններ Սասունցի Դաւիթին ու Պարոյր Սեւակին նման կը պատասխանեն հասնող հարուածներուն` «Դեռ հոս ենք…», «Կանք, պիտի լինենք…»:

Սուրիոյ հայութիւնը ծով կարիքներ ունի. մեր կաթիլները, գիտենք, չեն կրնար բաւարարել բոլոր կարիքները, սակայն կենսատու դեր ունին ապրուստի ու գոյատեւման համար` տարրական միջոցներու ապահովման իմաստով: Մեր կաթիլներով գոյացող վտակներն ու գետակները գործնապէս պիտի ըսեն Հալէպի հայուն` հայ ընտանիքին, հայ աշակերտին, հայ ուսուցիչին ու ազգի բեռը կրող երիտասարդներուն, որ հայութիւնը անմասն չէ իրենց ապրած բազմերես ողբերգութենէն, անտարբեր չի կրնար մնալ կենսունակ գաղութի մը արիւնաքամութեան դիմաց, իր կարելին ըրած է, կ՛ընէ ու պիտի ընէ ա՛յն տրամաբանութեամբ, որ այս օճախին գոյատեւումը կենսական նշանակութիւն ունի հայութեան լինելութեան պահպանման մէջ:

Պիտի ընդառաջենք նաեւ այս մարտահրաւէրին եւ կենսատու կաթիլներ պիտի հասցնենք կարիքի ծովուն:

ՍԱՐԳԻՍ ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

——————————-

Սուրիահայութեան Ի Նպաստ Թելեթոնի
Մեկնարկային Հաւաքոյթին
Հանգանակուեցաւ 95 Հազար Տոլար

0218SARF3

Սուրիահայութեան օժանդակութեան գործադիր մարմինին (ՍԱՐՖ) կազմակերպութեամբ, ՍԱՐՖ-ի թելեթոնին մեկնարկը տեղի ունեցաւ 11 փետրուար 2016-ի երեկոյեան, Կլենտէյլի «Ֆինիշիա» ճաշարանին մէջ:

Երեկոյի հանդիսավարն էր ՍԱՐՖ-ի փոխատենապետ Րաֆֆի Քենտիրճեան, որ հակիրճ ձեւով ներկայացուց փետրուար 21-ին կայանալիք ՍԱՐՖ-ի թելեթոնին խորհուրդը եւ շեշտեց մեր հայրենակիցներուն նիւթաբարոյական աջակցութեան կարեւորութեան մասին:

ՍԱՐՖի անդամ եւ թելեթոնի յանձնախումբի պատասխանատու Վազգէն Մատենլեան իր կարգին ներկայացուց գործնական աշխատանքներն ու այցելութիւնները, ուր որ անկ է, ի նպաստ ծրագիրի փայլուն յաջողութեան:

Երեկոյի գլխաւոր պատգամաբերն էր Հալէպէն ժամանած Սուրիոյ Աւետարանական եկեղեցիներու համայնքապետ, վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեան, որ հարազատօրէն ներկայացուց սուրիահայութեան ամէնօրեայ տագնապին եւ գոյատեւման պայքարին մասին, յատկապէս` Հալէպի մեր հայրենակիցներուն առօրեայ ահն ու սարսափը, ինչպէս նաեւ` ընկերային կեանքի անապահով վիճակն ու ցաւը…Ան ըսաւ. «Եկէք` զօրակցի՛նք մայր գաղութ Սուրիոյ մեր հայրենակիցներու ցաւն ու տագնապը մեղմացնելու այս նուիրական աշխատանքին»:

Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան իր քաջալերական խօսքերով ու «Պահպանիչ»-ով յաջողութիւն մաղթեց սրբազան այս գործի բոլոր աշխատակիցներուն եւ մասնակից կազմակերպութիւններուն:

Երեկոյի հայ երաժշտութիւնը հնչեցուց սիրուած արուեստագէտ Յարութ Փամպուքճեան:

Ինչպէս միշտ, քսակները լայն բացած մեր հայրենակիցներու օժանդակութեամբ հաւաքուած գումարը այդ երեկոյ հասաւ 95 հազար տոլարի:

Վարձքը կատա՛ր մեր նուիրատուներուն:

Հայ Իրաւաբանական Միութիւնը
10
Հազար Կը Խոստանայ Սուրիահայութեան

Հայ իրաւաբանական միութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ որոշած է 10 հազառ տոլար նուիրել Սուրիահայութեան օժանդակութեան հիմնադրամին (SARF), յառաջիկայ կիրակի, փետրուար 21-ին կայանալիք Սուրիահայութեան օժանդակութեան հիմնադրամին` «Կեանք մը փրկէ» խորագրեալ պատկերասփիւռային դրամահաւաքին ընթացքին:

Վերջին հինգ տարիներուն Սուրիոյ պատերազմէն տուժած հայորդիներուն կացութիւնը որոշ չափով բարելաւել միտող այս նուիրատուութեամբ, միութիւնը մասնակից պիտի դառնայ սուրիահայութեան տարրական օժանդակութիւն ապահովելու ջանքերուն:

Իր հիմնադրութենէն ի վեր (1989) Հայ իրաւաբանական միութիւնը գործօն մասնակցութիւն կը բերէ հայութեան մարդկային եւ քաղաքացիական իրաւունքները պաշտպանելու ջանքերուն:

«Հայ իրաւաբանական միութիւնը հաստատակամ է դժուար պայմաններու մէջ գտնուող սուրիահայ մեր հայրենակիցներուն կողքին կանգնելու իր դիրքորոշման մէջ», յայտարարած է միութեան փոխատենապետ Սարօ Քերքոնեան:

Լոս Անճելըսի Մարաթոնի Մասնակցութիւն`
Սուրիահայութեան Զօրակցելու Համար

0000SARF-Marathon

Սոնա Արապեան 50-ամեայ մայր մըն է, որ մասնակցութիւն բերելով փետրուար 14-ին կայացած Լոս Անճելըսի մարաթոնին` Սուրիահայութեան օժանդակութեան մարմինին նեցուկ կանգնող խմբակի միւս անդամներուն հետ, սուրիահայերուն դիմագրաւած դժուարութիւնները լուսարձակի տակ առաւ` միաժամանակ շեշտելով անոնց օգնութիւն տրամադրելու նպատակով կիրակի, փետրուար 21-ին կայանալիք պատկերասփիւռային դրամահաւաք-թելեթոնին մասնակցելու կարեւորութիւնը:

Նշենք, որ ցարդ 38 մարաթոններ ամբողջացուցած եւ քաղցկեղը յաղթահարած Սոնա Արապեանը անցեալ նոյեմբերին նոյն նպատակով մասնակցած էր նաեւ Նիւ Եորքի մարաթոնին, որմէ խանդավառուած` կրցած էր 8 հոգինոց խումբ մը յառաջացնել` մասնակցելու համար Լոս Անճելըսի մարաթոնին, որուն մասնակիցներուն թիւը 20 հազարէն աւելի է:

Խումբը Փոքրիկ Հայաստանի մէջ դիմաւորուած է ՀՄԸՄի սկաուտներու կողմէ, որոնք կը կրէին Սուրիահայութեան օժանդակութեան մարմինի պաստառը: Սկաուտներու այս նախաձեռնութիւնը համակարգած է Միքայէլ Սրուրեան:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17398

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>