Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17090

Արդի Մանկավարժական Ուսուցման Թելադրականով Հարցազրոյց-Քննարկում

$
0
0

hrip-(1)_021616

Հռիփսիմեանց բարձրագոյն վարժարանի տնօրէնութիւնը, համախորհուրդ` ծնողական վարչութեան, երկուշաբթի, 8 փետրուար 2016-ին կազմակերպեց հարցազրոյցի երեկոյ մը` «Աշակերտը այսօր» խորագրով:

Հարցազրոյցի երեկոյին ընդառաջելով` ներկայ էին` ծնողներու հոծ բազմութիւն մը, ուսուցիչներ եւ վեցերորդէն մինչեւ աւարտական դասարաններու աշակերտները:

Նախաձեռնութիւնը լաւագոյն ձեւով յաջողցնելու համար ցուցադրուեցաւ «Վերջին խօսք» տեսերիզը` արաբերէն լեզուով, այս առիթով հրաւիրուած էր նաեւ ժապաւէնի բեմադրիչ Եուլիոս Հաշեմը:

hrip-(2)_021616

Ձեռնարկի սկիզբը տեղի ունեցաւ բեմադրիչի ծանօթացում, որ իր կարգին ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուց ժապաւէնի պատրաստութեան շարժառիթը, ապա ներկաները դիտեցին շուրջ մէկ ժամ տեւողութեամբ տեսերիզը, որ կը ներկայացնէր աշակերտներու դպրոցական առօրեայէն:

Տեսերիզի հիմնական առանցքը կը կազմէր դպրոց, ծնողք եւ աշակերտ եռեակի փոխյարաբերութիւններու եղանակը` շեշտելով իւրաքանչիւրի դերն ու պարտաւորութիւնները ի խնդիր նորահաս սերունդներու առողջ դաստիարակութեան:

Ժապաւէնի ցուցադրութեան աւարտին տեղի ունեցաւ քննարկում, ուր ծնողներ, ուսուցիչներ եւ աշակերտներ արտայայտուեցան ժապաւէնի դրական եւ բացասական կեցուածքներու մասին, ապա բեմադրիչը իր կարգին համադրելով արտայայտուած կարծիքներն ու ժապաւէնին նպատակները` ընդգծեց ծնողներու եւ ուսուցիչներու մանկավարժական մօտեցումներուն կարեւորութիւնը, իսկ խօսքը աշակերտներուն ուղղելով` շեշտեց` ուսման կարեւորութիւնը ներկայ դարուն արագընթաց պահանջներուն դիմաց եւ ինքնավստահ ու սեփական ուժերով առաջնորդուելու հրամայականի վրայ:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17090

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>