Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Վարդանանց Զօրավարաց Խորհուրդի Ապրումը Սբ. Հռիփսիմեանց Բարձրագոյն Վարժարանին Մէջ

$
0
0

Hrip-Vartan_021616

Հռիփսիմեանց բարձրագոյն վարժարանի տնօրէնութիւնը Տեառնընդառաջի, Ղեւոնդեանք քահանայից եւ  Վարդանանք  հերոսներու երեք տօները համադրելով` երեքշաբթի, 2 փետրուար 2016-ին վարժարանի հանդիսասրահին մէջ ստեղծեց աննախընթաց յիշատակութեան օր մը:

Յատկանշական էր նաեւ հովուական այցելութիւնը նորընտիր Գէորգ եպս. Ասատուրեանին, որ իր կարգին Ս. պատարագը մատուցեց` առընթերակայութեամբ վարժարանի հոգեւոր դաստիարակներ  Եղիա ծ. վրդ. Եղիայեանի եւ Սեպուհ վրդ. Կարապետեանի: Այս առիթով նաեւ տեղի ունեցաւ մոմերու օրհնութեան արարողութեան կարգը:

Գեղարուեստական յայտագիրը սկիզբ առաւ 11-րդ դասարանէն Մակալի Թոմասեանի բացման խօսքով, որ ողջունեց եպիսկոպոսին այցելութիւնը վարժարան` անոր մաղթելով Ղեւոնդեանց նահատակներու անձնուրացութեամբ լիցքաւորուած աստուածահաճոյ առաքելութիւն:

Hrip-Vartan2_021616

Գեղարուեստական բաժինով աշակերտները հերթաբար ելոյթ ունեցան` շարականներով եւ ազգայնաշունչ երգերով, բանաստեղծութիւններով եւ նուագով:

Հանդիսութեան աւարտին վարժարանի տնօրէնուհին` քոյր Արմինէ Մակարոսեանը իր սրտի խօսքով խրախուսեց մասնաւորապէս աշակերտութիւնը` պահելու Քրիստոսի լոյսը իրենց սրտերուն մէջ, ինչպէս նաեւ հայրենիքի հարազատ սէրն ու յարումը իրենց հոգիներուն մէջ` ապրելով հաւատարմօրէն եւ զանոնք փոխանցելով ուրիշներուն իրենց առօրեայ կեանքին մէջ:

Օրհնուած մոմերը բաշխուեցան դպրոցի ընտանիքի իւրաքանչիւր անդամի եւ աշակերտներուն, որպէսզի դառնան Քրիստոսի ու Վարդանի անշեղ վկաներն ու ճառագայթող լոյսերը մեր տուներուն:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles