Հարցազրոյցը վարեց ԼՈՒՍԻՆԷ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
«Արեւմտահայերէնը 21-րդ դարուն. քննարկումներ արեւմտահայերէնով մտածելու և ստեղծագործելու հարցերուն շուրջ» խորագիրով` Օքսֆորտ համալսարանի հայագիտական ամպիոնը գործնական համաժողով մը կազմակերպած էր 21-23 յունուար 2016-ին, «Գ. Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան նիւթական աջակցութեամբ:
Սփիւռքի նախարարութեան կայքը` «Հայերն այսօր»-ը, հետեւեալ հարցազրոյցը կատարած է ծրագիրի մտայղացող, գլխաւոր կազմակերպիչ ու Օքսֆորտ համալսարանի արեւելագիտութեան բաժնի ընկերաբան դասախօս դոկտ. Հրաչ Չիլինկիրեանին հետ:
ՀԱՐՑՈՒՄ.- Ի՞նչ էր համաժողովիՆ գլխաւոր նպատակը:
ՀՐԱՉ ՉԻԼԻՆԿԻՐԵԱՆ.- Հիմնական նպատակը ներկայ դարուս արեւմտահայերէնի կենսունակութեան խնդիրին քննարկումն էր: Սփիւռքեան մեր հաւաքական կեանքին մէջ կան բազմաթիւ կամայ թէ ակամայ ստեղծուած ու պարտադրուած քաղաքական, հասարակական եւ տնտեսական իրականութիւններ ու հանգամանքներ, օրինակ` Միջին Արեւելքի մէջ, որոնք ուղղակի կամ անուղղակի կերպով ազդեցութիւն ունին նաեւ արեւմտահայերէնի ապագային վրայ: Բաւարար չէ լեզուն դասաւանդել ու խօսիլ. արեւմտահայերէնի ապագան պայմանաւորուած է արեւմտահայախօս մշակոյթի կենսունակութեամբ, եւ սա, ուրիշ գործօններու առընթեր, կը պահանջէ արեւմտահայերէնով մտածող, ստեղծող, հրատարակող ու սպառող լուրջ զանգուած մը: Համաժողովը, կամ աւելի ճիշդ` աշխատանոց -հաւաքը նման հարցերու վրայ կեդրոնացուց իր քննարկումները:
Հ.- Ովքե՞ր էին համաժողովին մասնակիցները եւ ընտրութիւնը ինչպէ՞ս կատարուած էր:
Հ. Չ.- Նախ ըսեմ, որ այս հաւաքը մեթոտաբանական, թեքնիք կամ տեսական խնդիրներու մասին չէր, այլ` ներկայ սփիւռքեան հայ իրականութեան մէջ առկայ խնդիրներուն ու անոնց լեզուին վրայ ունեցած ազդեցութիւններուն մասին: Եւ ճիշդ ասոր համար էր, որ կազմակերպուածը գիտաժողով մը չէր, այլ` աշխատանքային կամ գործնական հաւաքոյթ մը: Մասնակիցները առաւելաբար արեւմտահայերէն գրողներ էին, մտաւորականներ, մամուլի գործիչներ, հրատարակիչներ եւ որոշ արհեստավարժներ ու ակադեմականներ: Ունէինք թէ՛ աւագ սերունդի եւ թէ՛ երիտասարդ սերունդի շուրջ 30 մասնակիցներ զանազան երկիրներէ` Միջին Արեւելքէն, Եւրոպայէն, Հիւսիսային Ամերիկայէն եւ Հայաստան ապրող արեւմտահայերէն գրողներ: Բայց եւ այնպէս, մեր ընտրութիւնները երկու սահմանափակումներ ունէին, մէկը նիւթական, միւսը` աշխատանոցի ձեւաչափը, որ փոքր խմբաւորում կը պահանջէ քննարկումները արդիւնաւէտ դարձնելու համար: Անկասկած կան բազմաթիւ ուրիշներ` հայ մտաւորական իրականութեան մէջ, որոնք նոյնքան գործօն, որակեալ ու փորձառու են:
Երանի պայմանները ունենայինք երկու-երեք հարիւր հոգի հրաւիրելու, բայց մեր ըրածը նախնական համեստ քայլ մըն էր` նոր մտածողութիւն եւ ուղղութիւն առաջարկելու, այն յոյսով, որ Հայաստանի ու սփիւռքի ղեկավար տարրը անտարբեր պիտի չմնայ արեւմտահայ մշակոյթը կենսունակ պահելու խնդիրներուն նկատմամբ:
Հ.- Ձեր կարծիքով, որո՞նք են 21-րդ դարու արեւմտահայերէնի հիմնական մարտահրաւէրները, եւ ի՞նչ պէտք է ընել այդ բոլորը դիմագրաւելու համար:
Հ. Չ.- Հիմնական եւ կարեւոր հարցերէն մէկը լեզուն ապրիլն է, եւ ոչ թէ միայն` սորվիլ ու սորվեցնել: Ինչպէս Յակոբ Օշական ըսած է` «զայն չենք սորվիր, կ’ապրինք:» Այսօր կարծես սորվեցնելու խուճապին մէջ ենք: Անշուշտ սորվիլն ու սորվեցնելը անհրաժեշտ են, բայց չեն կրնար ինքնանպատակ ըլլալ: Լեզուն ինքնագոյ էակ մը չէ. տարուած ենք մեր «սքանչելի»-ին, «սրբութիւն սրբոց»-ին կամ մեր «36 զինուորներ»ու գաղափարախօսութեամբ: Նոյնքան կարեւորութիւն պէտք է տանք մետալին միւս երեսին` այսինքն լեզուի «միջնորդին»` գրողին, մտածողին ու ստեղծագործողին, որ լեզուն «սքանչելի» կը դարձնէ: Լեզուն չէ նահանջողը, այլ մենք ենք` իբրեւ հաւաքականութիւն: Եւ այսօր, 21-րդ դարուն, լեզուի «միջնորդը»` մտաւորականը կ՛ապրի այնպիսի պարունակի մը մէջ, ուր կան պարտադրուած քաղաքական, ընկերային, տնտեսական ու մանաւանդ արհեստագիտական հանգամանքներ, որոնք ազդեցութիւն ունին թէ՛ ստեղծողին վրայ եւ թէ՛ լեզուի կենսունակութեան վրայ: Օրինակ` թուայնացուած արագ ընթացող ու զարգացող դարաշրջանի մը մէջ ապրելու թէ՛ լայն հնարաւորութիւններ եւ թէ՛ սուղ մարտահրաւէրներ կան: Անշուշտ բոլոր խնդիրները կարելի չէ միեւնոյն ժամանակ լուծել կամ նոյն առաջնահերթութեամբ: Այսօր մեզի կը պակսին հաստատութենական լուծումներ. կան անհատներ, իրապէս հերոս անհատներ, որոնք իրենց անձնական մտաւորական, նիւթական կամ կազմակերպչական միջոցներով շատ մը խնդիրներ կը լուծեն մանաւանդ սփիւռքի մէջ, բայց երկարժամկէտ լուծումները լուրջ միջոցներ կը պահանջեն, միջոցներ, որոնք անհատէն անդին, հաստատութիւններն ու կառոյցները միայն կրնան կենսագործել: Կայ նաեւ, անշուշտ, նոր հաստատութիւններ ստեղծելու խնդիրը:
Հ.- Ի՞նչը (կամ` ո՞վ) այսօր կրնայ պահպանել արեւմտահայ լեզուի կենսունակութիւնը, երբլեզուի հիմնական կրողները սփռուած են ամբողջ աշխարհի տարածքին:
Հ. Չ.- Ինչպէս մեր քննարկումներուն ընթացքին շատ յստակ եղաւ, արեւմտահայերէնի կենսունակութեան ամենակարեւոր օղակը մտաւորականութիւնն է, այսինքն` գրողները, գրական ու արուեստի մշակները, մտածողները, յօդուածագիրները, մէկ խօսքով` արեւմտահայերէն բովանդակութիւն «արտադրողները»: Անշուշտ սփռուած ըլլալը իր իւրայատկութիւնները ունի, բայց ահռելի կամ անյաղթահարելի վիճակ մը չէ: Չմոռնանք, որ 1000 տարի սփիւռք ունեցած ենք եւ այսօր, Ցեղասպանութենէն 100 տարի ետք տակաւին արեւմտահայերէնը առօրեայ գործածուող լեզու է: Պէտք է ընդունիլ` ի տարբերութիւն Հայաստանի Հանրապետութեան, որ սփիւռքը հայապահպանման հսկայ փորձառութիւն ունի առնուազն անցնող 100 տարուան ընթացքին: Սփիւռքը առանց անկախ հայրենիքի իր հայութիւնը պահած է, կատարեալ չէ, բայց պահած է, նոյնիսկ անկախ հայրենիքի, գաղափարը վառ պահուած է սփիւռքի մէջ` սկսեալ 18-րդ դարուն հեռաւոր Արեւելքի մէջ ու 19-րդ դարուն ներկայ Հայաստանի սահմաններէն դուրս: Սփիւռքը մնայուն, ու պիտի ըսէի, դրական իրականութիւն մը եղած է մեր ազգային կեանքին ու պատմութեան մէջ ու պիտի մնայ մեր ապագային մէջ:
Հ.- Հնարաւո՞ր կը համարէք արեւելահայերէնի եւ արեւմտահայերէնի մերձեցումը: Եթէ այո,ապա ի՞նչ ուղիներով:
Հ. Չ.- Անձնապէս ինծի համար յստակ չէ, թէ ի՛նչն է, որ պիտի կամ պէտք է «մերձեցուի»: Կան մարդիկ, որոնք արդէն կ՛արտայայտուին այնպիսի հայերէնով, որ երկու ճիւղերու խառնուրդն է: Ըստ իս, հարցը գործնական խնդիր է եւ ոչ թէ` տեսական: Մարդիկ ընդհանրապէս մասնագիտական հրահանգներու կամ չափանիշներու հիման վրայ չէ, որ հայերէն կ՛օգտագործեն, այլ` գործնական, ամէնօրեայ կեանքի շփումներու պարունակին մէջ: Լեզուն պէտք չէ միայն որպէս հայ ինքնութեան «փրկիչ» տեսնել, այլ` իմաստ ու զգացումներ արտայայտող հիմնական հաղորդակցութեան միջոց:
Այստեղ կ՛ուզեմ ուրիշ կարեւոր հանգամանք մըն ալ նշել. այսօր լեզուն ու գիրը դրուած են այնպիսի բարձր պատուանդանի մը վրայ, այնպիսի օգտագործման չափանիշներու վրայ, որ սփիւռք ապրող հայ մարդոց մեծամասնութեան համար անհասանելի է եւ, հետեւաբար, հետզհետէ անմատչելի: Լեզուաբան չեմ, ոչ ալ` գրականագէտ, բայց կը հաւատամ, որ թէ՛ արեւելահայերէնը եւ թէ՛ արեւմտահայերէնը պէտք է ապրինք ու զարգացնենք, երկուքն ալ նոյնքան մեր մշակոյթին ու ազգային հարստութեան անբաժան մասնիկներն են:
Հ.- Յառաջիկային ի՞նչ ծրագիրներ կը նախատեսէք եւ ի՞նչ պիտի ըլլայ յառաջիկայ հանգրուանը:
Հ. Չ.- Շուտով պիտի հրատարակենք ու հանրութեան ուշադրութեան յանձնենք այս աշխատանոցին մասին տեղեկագրութիւն մը, որ պիտի ամփոփէ քննարկումներուն հիմնական կէտերը, կարեւորագոյն խնդիրները եւ որոշ լուծումներու առաջարկները:
Այսպիսով, Օքսֆորտ համալսարանի հայագիտական ամպիոնին այս նախաձեռնութիւնը լիովին կատարուած պիտի ըլլայ: Անշուշտ տակաւին հսկայական աշխատանք կայ, եւ պէտք է նման ծրագիրներ շարունակուին: Մեր ամպիոնի յանձնարարութենէն անդին է նման ազգային տարողութիւն ունեցող խնդիրներու լուծումներու գործադրութիւնը: Մենք փորձեցինք նոր մօտեցումի ու մտածողութեան խթան հանդիսանալ, կը սպասենք ու կը մնայ, որ Հայաստանի ու սփիւռքի ղեկավար տարրը մտաւորականութեան հետ երկխօսութեան կամուրջ մը ստեղծէ ու պէտք եղած հնարաւորութիւններն ու նիւթական միջոցները ստեղծեն, որպէսզի արեւմտահայերէնը կենսունակ լեզու ըլլայ 21-րդ դարուն: Անշուշտ միամիտ չեմ եւ չեմ սպասեր, որ ղեկավար տարրը անմիջապէս ձեռք երկարէ լիարժէք իմաստով, ոչ թէ միայն` խորհրդանշական ժեստերով: Բայց եւ այնպէս անակնկալներ միշտ հաճելի են: