ՄԱԿԱՐ ի Գաղիա
Անուղղայ Կեդրոնականցին եթէ չճամբորդէ հոս ու հոն, կ՛արշաւէ համացանցի եթերին մէջ: Մեզ ալ անմասն չի ձգեր տեսածէն եւ գտածէն:
Փետրուարին, եթէ արեւ ալ ըլլայ, տունէն դուրս չեն գար տարեցները` անդի աշխարհ տանող համաճարակներէն խուսափելու համար, Արմենակ եւ Էլպիս կու գան եւ կը յիշեցնեն, որ կեանքը կը շարունակուի: Ծիծաղով թէ տխուր:
Կէսօրը հազիւ անցած` եկան: Ըսին` «Ուզեցինք սուրճին հասնիլ»:
Մակարուհին լրացուց` «Սուրճն ալ առանձին չի խմուիր»:
Սուրճին բոյրը իրմէ առաջ հասաւ: Մակարուհիին նոր զբաղումն է հեռատեսիլէն կարկանդակի պատրաստութիւն սորվիլ եւ փորձել:
Սուրճին հետ փուռէն նոր ելած կարկանդակ ալ մատուցեց:
Արմենակին համար բեմը պատրաստ էր:
– Մակա՛րս, այս տարիքիս ինչե՜ր կը սորվիմ համացանցէն: Ոչ ոք թող ըսէ, թէ հոն միայն դատարկաբանութիւններ կան: Մեր թուագրութենէն դար մը առաջ ապրած Կիկերոնը կը յիշեն, որպէսզի ներկան հասկնան:
– Ի՞նչ գտեր ես նորէն,- հարցուցի, որպէսզի թափ տամ Արմենակին:
– Կիկերոնի գերարդիական իմաստութիւնը:
– Ի՞նչ է այդ:
Գրպանէն հանեց տպիչէն դուրս եկած էջ մը: Կարդաց եւ էջը ինծի տուաւ:
Կիկերոն ըսած է, ըսած ալ չըլլար, հետաքրքրական էր ըսուածը:
- Թշուառը կ՛աշխատի:
- Հարուստը կը շահագործէ առաջինը:
- Զինուորը կը պաշտպանէ երկրորդը:
- Հարկատուն կը վճարէ երեքին համար:
- Թափառաշրջիկը կը կռթնի չորսին:
- Գինեմոլը կը խմէ հինգին փոխարէն:
- Դրամատան տէրը (սեղանաւորը) կը գողնայ վեցը:
- Փաստաբանը կը խաբէ եօթը:
- Բժիշկը կը սպաննէ ութը:
- Մեռելաթաղը կը թաղէ ինը:
- Եւ քաղաքական գործիչը կ՛ապրի տասնով:
– Գիտես, Մակա՛ր, հիմա ժողովրդավարութիւն կայ, մարդիկ կը քնանան եւ կ՛արթննան ընտրութեան մասին լսելով եւ մտածելով, աթոռի եւ աթոռակի: Եթէ այս էջը ընկերացնէին իրենց ամպագորգոռ յայտարարութիւններուն եւ կոչի թղթիկներուն, աւելի արդար ընտրութիւն մը չէ՞ր պատրաստուեր:
– Ոչ միայն արդար, այլ գիտակից ընտրողներ կ՛ունենայինք, սիրելի՛ Արմենակս:
– Եթէ հարցախոյզ մը կազմակերպուէր գիտնալու համար ցանկին ամէնէն երջանիկները:
– Պարզ է: Հոգերէ ազատած վեցերորդը, գործազրկութեան սարսափ չունեցող տասներորդը, իր եւ իր յաջորդներուն համար ապագայի հոգ չունեցող տասնմէկերորդը:
Երբ գացին, նամակ գրեցի, անձանձրոյթ նոր սերունդով զբաղողներուն եւ մեծերը լուսաբանող լրատուամիջոցներուն, որ Կիկերոնի տասնմէկբանեան ամէն առիթով մեծատառ գրեն եւ յիշեն… որպէսզի մենք մեզ եւ ուրիշը ճանչնանք…
Իսկ ո՞վ է այդ Կիկերոնը: Քանի՞ քուէ ունի: Քանի՞ միլիոն կը կշռէ… Մի՛ հարցնէք:
3 փետրուար 2016, Մառնի ափին տեղ մը