Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Ծագումէս Ծագած Զրոյց

$
0
0

ԽԱՉԱՏՈՒՐ Ա. ՔՀՆՅ. ՊՕՂՈՍԵԱՆ

– Դուք ծագումով ի՞նչ էք (Origine):

– Հա՛յ:

– Բայց…

– Ի՛նչ բայց:

– Սեւ հագուած էք:

– Սեւ հագուիլս ի՞նչ կապ ունի ազգութեանս հետ: Դուք ալ սեւ փողկապ դրած էք:

– Բայց ե՛ս կ՛աշխատիմ, գործիս համար է:

– Շատերը սեւ կը հագուին:

Յայտնի էր, որ պատասխանս չգոհացուց ճաշարանի այս սպասեակը, որուն առաջին անգամ ըլլալով էր, որ կը հանդիպէի:

– Բայց ձեր շապիկը սե՛ւ է. դուք եկեղեցակա՞ն էք,- հարցուց:

– Այո՛:

– Ո՞րն է ձեր եկեղեցին:

– Բոլորն ալ իմ եկեղեցիներս են:

Այս սպասեակը համակրելի շեշտ մը ունէր եւ մարդամօտ կ՛երեւէր:

Երբ հաշուեցոյցս բերաւ, տակաւին չգոհացած հոգին` իր հարցերուն պատասխաններուն կարիքն ունէր:

– Դուք կ’օրհնէ՞ք,- հարցուց:

– Այո՛, անշուշտ կ՛օրհնեմ,- պատասխանեցի:

– Քանի՜ տարի է, որ ես չեմ օրհնուած, գիտէ՞ք,- ըսաւ եւ աւելցուց:- Շա՜տ մեղքեր գործած եմ:

– Ամէն մարդ մեղք կը գործէ, ես ալ մեղք կը գործեմ: Ձկնորսներն ալ ամէն օր ձուկ կը բռնեն, մեղք կը գործեն: (Ֆրանսերէնի մէջ ՓԵՇԷ բառը տարբեր ուղղագրութիւններով երկու երկու տարբեր բաներ կը նշանակէ. մէկը` ՄԵՂՔ եւ միւսը` ՁՈՒԿ ՈՐՍԱԼ): Ձկնորսները յիշեցի, որովհետեւ սրճարանը նաւահանգիստին ճիշդ դիմացն էր:

Սպասեակը խնդաց. յայտնի էր, որ հաւնած էր մեղքին եւ ձկնորսութեան գաղափարներուն զուգորդութիւնն ու բաղդատութիւնը:

– Ինծի համար մեծ պատիւ մըն է, որ իմ ճաշարանս եկեղեցական մը եկեր է,- ըսաւ:

– Ես ալ շնորհակալ եմ ձեր ազնիւ խօսքերուն համար,- պատասխանեցի:

Յետոյ գնաց եւ իրմէ աւելի երիտասարդ երկու պաշտօնակիցներուն զեկուցեց մեր ունեցած խօսակցութեան մասին:

Երբ կը մեկնէի, սպասեակը եկաւ ցտեսութիւն ըսելու:

– Ինչպէ՞ս էր ձեր գործի եղանակը,- հարցուցի:

– Միջա՛կ, մարդիկ կու գան, բայց դրամ չեն ծախսեր: Չորս հոգիով մէկ փիցցա կ’ապսպրեն եւ ջուր կը խմեն:

– Դուք ալ` կու տա՛ք…

Այո՛, հապա ի՞նչ պիտի ընենք, ժամանակները դժուար են, մարդիկ վաղուան օրով մտահոգ են…

Խորհեցայ, որ ըսածը ճիշդ էր, հակառակ անոր որ ժամանակները մի՛շտ ալ դժուար եղած են մարդոց համար:

Նիս, 5  փետրուար 2016


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>