Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
9 փետրուարին կ՛ոգեկոչենք մահուան տարելիցը հայոց ազգային-ազատագրական շարժման եւ, ընդհանրապէս, հայոց պատմութեան եզակի դէմքերէն Սօսէ Մայրիկի:
Ազգային մեր ինքնութեան եւ հպարտութեան ներշնչման աղբիւրներէն է Սօսէ Մայրիկ` իր մարմնաւորած յեղափոխական հայուհիի տիպարով եւ սերունդներուն կտակած պատգամով:
Սօսէ Մայրիկին նուիրուած են շատ սրտաբուխ երգեր ու բանաստեղծութիւններ, որոնց շարքին Անուշ Գրիգորեանի քերթուածէն առնուած հետեւեալ տողերով կ՛ոգեկոչենք անոր հերոսական կերպարը.
«Հաւատքն իր հոգում` զարկեց, զարկուաւ հերոս հայուհին,
«Մեր հայրենիքի սուրբ ազատութեան արիւնոտ ճամբին,
«Կռռւելով անցաւ չքնաղ ու սիրուն Սօսէ ֆետային…»:
63 տարի առաջ` 9 փետրուար 1953-ին, Եգիպտոսի Աղեքսանդրիա քաղաքին մէջ, խոր ծերութեան հասած` իր աչքերը առյաւէտ փակեց հայ ժողովուրդի ազգային-ազատագրական պայքարի դիւցազնուհին` Աղբիւր Սօսէն:
Սօսէ Մայրիկ հայ ֆետայական շարժման առիւծին` Սերոբ Աղբիւրի (Վարդանեան) կինն էր: Ծնած էր 1868-ին (կամ 1869-ին) Սասուն, Նեմրութ լերան փէշերուն գտնուող Թեղուտ գիւղը, բազմանդամ ընտանիքի տէր Մարգար Դրօ-Աստանտուրի յարկին տակ:
Հազիւ պարմանուհի, 13 տարեկանին, Սասնոյ հայերու աւանդութեան համաձայն, ծնողքը ուզեց ամուսնացնել Սօսէն: Բարձրահասակ եւ գեղադէմ` Սօսէ ըմբոստացման իր առաջին եւ բախտորոշ քայլը կատարեց, երբ ծնողքին առաջարկած թեկնածուները մերժելով` ուզեց իր կեանքը կապել Խչէենց Սերոբի հետ, որուն անձնուիրութիւնն ու հայրենասիրութիւնը ներշնչման աղբիւր եղած էր յեղափոխական հայուհիին համար:
Ինչպէս որ Սօսէ հետագային պիտի պատմէր իր «Ինքնակենսագրութեան» մէջ`
«Սերոբի անունը բոլորի շրթունքներուն վրայ էր, բոլորին սիրելի: Անիկա շատ յաճախ կու գար մեր տունը եւ կ’ըլլար եղբայրներուս հետ:
«Սերոբը գեղեցիկ տղամարդ մըն էր, բարձրահասակ, հուժկու եւ արագաշարժ: Վարմունքի մէջ շատ լուրջ եւ խօսքի մէջ խելացի:
«Ես շատ երես առած աղջիկ մըն էի մեր տան մէջ եւ հետեւաբար միշտ կը գտնուէի տղամարդոց մէջ եւ համարձակութեամբ կը խօսէի բոլորին հետ:
«Մեր գիւղէն քանի մը ընտանիքներ կ’ուզէին կանուխէն նշան մը կապել մեր տան հետ, որպէսզի զիս հարս տանին: Ես միշտ համարձակութեամբ կը մերժէի, եւ հօրեղբայրներս ալ իմ կամքը կը կատարէին:
«Անգամ մը հօրեղբայրներս, նորէն կատակով, ուզեցին գիտնալ, թէ ես որո՞ւ հետ նշանուիլ կ’ուզեմ: Այդ օրը Սերոբ ալ եղբայրներուս հետ մեր տունն էր: Ես հօրեղբօրս ըսի.
«Եթէ նշանուիմ, Սերոբին հետ կ’ուզեմ նշանուիլ: Բոլորն ալ խնդացին: Սերոբն ալ խնդաց: Բայց քիչ յետոյ լրջացաւ, լռեց եւ հաց ուտելէ յետոյ մեկնեցաւ:
«Քանի մը ամիս հազիւ անցած էր այդ խօսքի վրայ, երբ Սերոբի տունէն Մըխէն եկաւ իմ նշանը դնելու: Կատակը լուրջի փոխուեցաւ:
«1881-ին (եթէ չեմ սխալիր) ես եւ Սերոբ ամուսնացանք: Ես տասնեւերեք տարեկան էի: Երկու տարի յետոյ ունեցայ առաջին զաւակս` Յակոբը»:
Քրտական եւ թրքական անիրաւութեանց ու շահատակութեանց դէմ հայկական ըմբոստացման առաջին բռնկումներու, ինչպէս նաեւ` ապրուստի ապահովման դժուարին պայմաններու յաղթահարման համար պանդխտութեան ժամանակաշրջան էր:
Սոխորդ գիւղի բնակիչ Վարդանեաններու տունը եւս ճաշակեց պանդխտութեան դառնութիւնը, երբ 1890-ականներու սկիզբը, կնոջն ու անդրանիկ զաւկին` Յակոբին առանձին թողած, Սերոբ գնաց պանդխտութեան:
Սերոբի բացակայութեան Սօսէ իր ուսերուն վրայ վերցուց ընտանեկան օճախի պաշտպանութեան հոգը, ի հարկին նաեւ զէնքով ծառանալով քրտական առօրեայ գողութեանց փորձերուն դէմ: Այդ ամէնը Սօսէի մէջ կռանեց դիմադրականութեան ոգին եւ ան լիովին պատրաստ էր արդէն ֆետայական կեանքին, երբ 1895-ին Սերոբ վերադարձաւ պանդխտութենէն` արդէն դաշնակցական յեղափոխականի «Տղա՛ք, առանց հացի մնացէք, առանց զէնքի մի՛ մնաք» յորդորով պայքարի դրօշը պարզելու համար իր շրջապատին:
Սերոբ իր անձին օրինակով ուղի բացաւ: Կնոջ ու արդէն երկու որդիներուն հետ, իր շուրջ հաւաքած մարտունակ ոգիով երիտասարդներու խումբ մը, Սերոբ իր ունեցած-չունեցածը ծախեց, զէնք ու զինամթերք ապահովեց եւ բոլորով բարձրացան լեռները:
Հազիւ երեք տարի տեւեց Աղբիւր Սերոբի ֆետայական գործունէութեան շրջանը, որուն ամբողջ տեւողութեան Սօսէ ոչ միայն կեանքի մնայուն բաժնեկիցը, այլեւ զէնքի անբաժան ընկերը եղաւ Տարօնի Առիւծին:
Գիւղէ գիւղ եւ քրտական հրոսակներու թէ թրքական զօրքերու դէմ կռիւէ կռիւ, Սերոբ Աղբիւր յեղափոխութեան բոցով պայքարի հանեց ողջ Տարօնի աշխարհը` արժանանալով ժողովրդական ու գուսանական բազում երգերու, որոնց մէջ ըստ արժանւոյն ֆետայի հայուհիի իր տեղը ունեցաւ Սօսէ:
Հայ ազգային-ազատագրական շարժման հանգուցային ծալքերէն մէկը եղաւ, միաժամանակ, Սօսէի մասնակցութիւնը ֆետայական այս բուռն գործունէութեան: Ֆետայական շարժման բարոյական օրէնքներով ֆետային պէտք չէր ամուսնանար, իսկ եթէ արդէն ամուսնացած էր, ընտանիքին հրաժեշտ պէտք էր տար ու անմնացորդ նուիրուէր ազգի ազատագրութեան պայքարին: Իբրեւ իր ատենի ֆետայական շարժման անվիճելի առաջնորդ` Աղբիւր Սերոբ իր իսկ զինուորներուն կողմէ քննադատուեցաւ Սօսէն ու զաւակները իր կողքին պահելու քայլին համար: Բայց զուր անցան ֆետայական կեանքէն բաժնուելու եւ զաւակներու հոգատարութեան նուիրուելու իմաստով Սօսէին ուղղուած նոյնիսկ սրտցաւ յորդորները, որովհետեւ Սօսէ որքան կին էր ու մայր, նոյնքան ֆետայի էր ու իբրեւ այդպիսին մնաց մինչեւ 1899-ի այն սեւ ու մուր օրը, երբ Սերոբ դաւաճանութեան զոհ գնաց:
Սերոբ եւ Սօսէ թաքստոց ընտրած էին Գեալիգիւզան գիւղը: Սերոբի գլխուն համար թրքական իշխանութեանց խոստացած պարգեւներէն այլասերած` հայանուն մատնիչ-դաւաճան մը ոչ միայն իշխանութեանց տեղեկացուց Աղբիւրի թաքստացոցը, այլեւ իբրեւ բարեկամ Սերոբի հիւրընկալութեան արժանանալով` անոր հրամցուց թունաւոր ծխախոտ, որ անշարժութեան մատնեց Տարօնի Առիւծը:
Թուրք զինուորները իրենց յարձակումը գործեցին, Սերոբ անուժ էր դիմադրելու համար, բայց Սօսէ, անդրանիկ զաւակը` Յակոբ եւ երկու եղբայրները` Զաքար ու Մխօ հերոսաբար կռուեցան անարգ թշնամիին դէմ: Սերոբ, Յակոբ զաւակը եւ Սերոբի երկու եղբայրները նահատակուեցան. ծանրօրէն վիրաւորուեցաւ Սօսէ: Թուրք զինուորները կտրեցին արդէն սպաննուած Սերոբի գլուխը, բայց թուրք հրամանատարը թոյլ չտուաւ, որ ձեռք տան Սօսէին: Վիրաւոր Սօսէն նախ ապաքինումի տարուեցաւ եւ ապա բանտ նետուեցաւ:
Փոքր զաւակը տարին քիւրտերը եւ այլեւս չգտնուեցաւ անոր հետքը:
Մնացեալը տխուր, դառն ու դաժան պատմութիւնն է հայ դիւցազնուհիին, որ աւելի քան յիսուն տարի քայլ առ քայլ հետեւեցաւ իր ժողովուրդի կեանքին: Եղաւ Վան եւ ռուսական զօրքերու նահանջէն ետք Վասպուրականի եւ Սասունի գաղթական ժողովուրդին հետ անցաւ Երեւան, ուր մնաց մինչեւ Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդայնացումը եւ հակադաշնակցական ալիքի սաստկացումին հետ անցաւ Պոլիս, հոնկէ ալ` Աղեքսանդրիա, Եգիպտոս, ուր մինչեւ մահ մնաց ու ապրեցաւ Հայկ Խանամիրեանի ընտանիքին հետ:
Տարագիր կեանքը լեցուց Երկրի կարօտով ու անխոնջ վկայութեամբ հերոսական այն պայքարին մասին, որ իրեն վիճակուեցաւ Սասնոյ լեռներուն վրայ, Տարօնի Առիւծին կողքին:
Իր մահէն 45 տարի ետք, 1998-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան 80-ամեակին առիթով, Սօսէ Մայրիկի աճիւնները տեղափոխուեցան հայրենիք ու իրենց վերջնական հանգիստը գտան Եռաբլուրի մէջ:
Սօսէի տիպարը եւ աւանդը կը շարունակեն ներշնչման աղբիւր մնալ հայոց սերունդներուն համար, որոնք Սերոբ Աղբիւրին նուիրուած ազգային-յեղափոխական ծանօթ երգով` անպայման իրենց գլուխը կը խոնարհեն Յեղափոխական Հայուհիի դաշնակցական դէմքն ու շունչը մարմնաւորած Սօսէ Մայրիկի յիշատակին.
Գնդակ որոտաց նոյեմբեր ամսուն,
Պաշարուած ենք մենք, սիրուն իմ Սօսէ.
Վեր առ մոսինը, քաջութիւնն հոս է,
Քո սիրած Սերոբին օրհնեալ օրն այս է:
Ձայն տուաւ Սօսէն` Սերո՛բ ջան հոս եմ,
Զինուած պատրաստուած` ձայնիդ կը սպասեմ.
Քեզ հետ կռուելու, քու կողքին մեռնելու
Ամէն օր, ամէն ժամ պատրաստ է Սօսէն: