Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Հոյլերուն Բոյրը` Զարեհ Խրախունին

$
0
0

ՄԱԹԻԿ ԷՊԼԻՂԱԹԵԱՆ

wpaeb8c578_0a_06-(1)Հազուադէպ է հոյլի մը յստակ տեսողութիւնը ջինջ եւ պայծառ երկնքի մը անծայրածիր տիեզերքին մէջ, սակայն այդ աստղերուն բոյրը ըմբոշխնելը երեւակայութենէ հեռու մտածում մըն է:

Ես լիաթոք շնչած եմ պոլսահայ մեր գրականութեան աստղերուն բոյրը` յանձինս Զարեհ Խրախունիի` Արթօ Ճիւմպիւշեանի:

Հայկական Պոլիսը, որ մեր դարաւոր թշնամիին պատմական մայրաքաղաքը դարձած էր, ճանչցած էի առանց տեսնելու, հոն ծնած ու ապրած ստեղծագործ գրիչներու սեւ մելանին ընդմէջէն:

Կեանքիս բախտաւոր ժամերէն էին այսօր մեզմէ առյաւէտ բաժնուած Զարեհ Խրախունիի հետ հանդիպումներս Թաքսիմի իր տան մէջ:

Ուղիղ տասը տարի առաջ 2005 թուականի դեկտեմբեր ամիսին էր, առաջին անգամ Պեթիին եւ Շառոյեան ամոլին հետ մեկնեցանք Պոլիս. Լեւոնը հրաւիրուած էր Կոլոտ Պատրիարք Բաղեշեցիի մասին տեղի ունենալիք գիտաժողովին: Ինծի համար ալ առիթ էր տեսնել մեծ հօրս եւ հօրեղբօրս ծննդավայրը: Հրատարակութիւններուս տարածման նպատակով` ծանօթանալ նաեւ տեղւոյն տասնեօթ հայկական կրթօճախներուն, որոնց այցելութիւնը թոյլատրելի չըլլալը տեղեկացայ հասնելէս ետք:

Պոլսահայ տեսարժան վայրերուն` պատրիարքարան, եկեղեցիներ, Ս. Փրկիչ ազգային հիւանդանոց, «Մարմարա» օրաթերթի խմբագրատուն, Սկիւտարի եւ Շիշլիի գերեզմանատուներ, «Արաս» հրատարակչատուն, Թիւքուազ գրատուն, սիրոյ սեղաններ, Կեդրոնական վարժարան` այս բոլորին մէջ լուսանցքի վրայ կը մնայ տէր եւ տիկին Արթօ Ճիւմպիւշեաններուն տան ընթրիքի երեկոն, ներկայութեամբ` «Մարմարա» օրաթերթի խմբագիր Ռոպէր Հատտէճեանի, փոխխմբագիր` Մաքրուհի Պէօիկ Յակոբեանի, Սիլվա Կոմիկեանը այդ երեկոյին փայլեցուց ասմունքներու փունջով մը:

IMG_0097

Բնիկ պոլսահայ Խրախունիի տան կահաւորումը աւելի նման էր դղեակի կամ թանգարանի` հմուտ հնագէտի ճաշակով յարդարուած: Միշտ մեզ կը դիմաւորէր պաշտօնական զգեստով, դասական փողկապով:

Ուշագրաւ էին նստասենեակի դիւանին ետեւ մէկ շարքի վրայ գեղակազմ քառասուն-յիսուն հատորներ, որոնք համաշխարհային դասական գրականութեան գոհարներն էին, գերմաներէն լեզուով:

Պոլիս երկրորդ այցելութեանս` 2007 թուականի ամրան գրեթէ յաճախակի կը  հանդիպէի, վերջին հանդիպումս  անցուցինք իր աշխատասենեակի գրասեղանին վրայ, կողքին գտնուող մահճակալը ցոյց տալով` յայտնեց, թէ այստեղ իր մեծ մօր ննջասենեակը եղած է անցեալին: Երեւոյթ մը, որ հազուադէպ է թափառական հայու տիպարին ի տես:

Գրականութենէն անդին, երբ խօսեցաւ Սուրիոյ մասին, ընդարձակ տեղեկութիւններ տուաւ Փալմիրի եւ այլ հնագիտական վայրերուն շուրջ:

Զարեհ Խրախունիի անուան եւ գրականութեան ծանօթ եմ շուրջ քառասուն տարիներէ ի վեր, լիբանանահայ հրատարակիչ լուսահոգի Յովհաննէս Հաննէսեանի մակագրութեամբ «Լուսնապարտէզ» բանաստեղծական գրքոյկը իմ բարձի գիրքս եղած էր ուսանողական տարիներուս, մանկական խաղավայրի պարունակով, հտպիտի, կարուսելի, ծաղրածուի, թռչող հայելիներու, աթոռներով անիւի նկարագրութեան ընդմէջէն ան վերլուծած էր մարդկային էակի կեանքը: Գիրքը լոյս տեսած էր Պէյրութ այցելութեան առիթով, քաղաքացիական պատերազմը նախորդող տարիներուն: Ան սփիւռքահայ գրագէտներու ընտրանիի բախտաւորներէն էր, որոնց գործերը հրատարակուած էին Երեւանի մէջ, խորհրդային տարիներուն:

Զարեհ Խրախունի Անմահն Յովհաննէս Թումանեանի մանկական հեքիաթներու  արեւմտահայերէնի պատշաճեցման աշխատանքներուն սկսած է վաթսունական թուականներէն ի վեր, որոնք հրատարակուած էին Պոլսոյ, Փարիզի եւ Երուսաղէմի մէջ:

Մանկավարժական տեսակէտէ յարմարագոյն հեքիաթներով եւ բոլորովին նոր տարազաւորումով ու նկարազարդումով մանկապատանեկան «Թումանեան մատենաշար» արեւմտահայերէնով կազմելու գաղափարն ու ձեռնարկը երբ ներկայացուցի պրն. Արթոյին, սիրայօժար ընդառաջեց, ոչ միայն ցարդ հրատարակուած վեց- եօթը հեքիաթները տրամադրել, այլեւ եռանդով  լծուեցաւ շարքին թիւը տասներկուքի ամբողջացնելու տենդագին աշխատանքին:

Քսանմէկերորդ դարու արդի հաղորդակցական միջոցները մատչելի չէին մեր սիրելի Խրախունիին, փոխադարձ նամակագրութիւնը դասական դրութեամբ խորքին մէջ վայելք մըն էր, Խրախունին ունէր պաշտօնական անթեթաւոր նամակաթուղթ, սովորական թուղթի կէս չափով, այդ ընտրութիւնը ըրած ըլլալու էր համապատասխան իր մանր,  սակայն գեղեցիկ եւ ընթեռնելի ձեռագրին: Պահարաններուն վրայ նոյնքան գեղագիր եւ խնամուած հասցէները արձանագրուած լատիներէն տառերով, երջանկութեամբ կը ստանայի նամակատուփէս:

Նոյն շրջանին պարբերաբար կը ղրկէր իր հեղինակած գիրքերը` իմաստալից մակագրութիւններով, այս բոլորը եւ նամակագրութեան թղթածրարը կը մնան Հալէպի այլ արժէքաւոր հաւաքածոներուս եւ անձնական ճոխ գրադարանիս հետ:

Հեռակայ դրութեամբ մեր այս գործակցութիւնը չսահմանուեցաւ բնագրի աշխատանքներով: Մատենաշարի գծագրիչ հալէպահայ արուեստագէտ Յակոբ Տոլմաճեանի վրձինի իրագործումներու նախագիծը կը ղրկէի եւ իր արուեստաբանի գրաւոր մեկնաբանութիւնները նիւթի եւ նկարի պատշաճեցման մասին, ժամանակի իրերուն տարազներուն դէմքի արտայայտութիւններուն եւ շրջապատի շուրջ կը գրէր, որ մեր կողմէ կ՛ընկալուէր մեծ հաճոյքով:

Հրատարակչական այս աշխատանքը, շուրջ երկու տարիներու երկարութեամբ, տասներկու գիրքերու առանձին գրքոյկներու տպագրութիւնը պսակուեցաւ գեղակազմ  հատորի մը լոյս ընծայումով, որուն յառաջաբանին  վերջին պարբերութիւնը կը վկայէ մեծ մարդու մը համեստ հոգին, երբ կ՛ըսէ.

«Կը մաղթեմ, որ արեւմտահայերէնի վերածումի ընթացքին մեծանուն հեղինակին բնագրէն կատարուած պարտադիր շեղումներն ու փոքր յաւելումները բարեացականութեամբ կ՛ընկալուին գրասէրներու կողմէ, եւ վարպետին այս տասներկու հեքիաթները կ՛արժանանան խանդավառ ընդունելութեան` հայկական մեր կրթարաններէ եւ հայօրէն ապրող տուներէն ներս»:

Մինչեւ Հալէպէն դուրս գալս 2012 թուականի աշնան,  յաճախակի հեռաձայնային կապի մէջ էի, տիկին Մարլենը կ՛ըլլար ընկալուչը վերցնողը, որ մեր որպիսութեան մասին հարցնելէ ետք` Արթո՞ն կ՛ուզէք, փոխանցեմ», կ՛ըսէր: Խաղաղ օրերուն երազս էր զինք հիւրընկալել անկրկնելի Հալէպի մէջ, արդէն ուշ էր, յառաջացած տարիքի պատճառով չէր համարձակեր նման ճամբորդութիւն մը կատարել:

Վերջին շրջանին մտահոգութեամբ մօտէն կը հետեւէր մեր կացութեան: Առողջութիւնը վատթարացած էր, արդէն կը մօտենար ինիսունին, աւելի քան քսանհինգ հատորներու հեղինակ, պատշաճութիւնները յարգող Խրախունին որպէս փիլիսոփայ բանաստեղծ, անտիպ կտոր մըն ալ կտակած էր իր մահուան առիթով հրատարակելի` որպէս մնաք բարովի խօսք: Իր կարապի երգն էր այդ:

 ԵՐԹ

Փոքր ամպի մը նմանակ
Ո՜վ գիտէ երբ. ի՞նչպէս փրթած
Ազատ  անտէր ու միայնակ
Ես կը տարուիմ հովուն շունչէն
Աստղալոյսերն ամէն մարած
Երկնքին մէջ խաւարամած
Դէպի անյայտն անհանգրուան
Յուսալով որ տեսնել գոնէ
Տարտամ նշոյլ մը հեռաւոր
Որ մօտենար հետզհետէ
Եւ առնէր զիս գորովագին
Եր ծոցէն ներս ճաճանչալիր –
Մինչդեռ ահա՛ կը քաշքշուիմ
Անարձագանգ ու անտեսուած
Գիրքերուս հետ հոգեհատոր
Դէպի վիրապն անբարեյոյս,
Անոնք որպէս հաւատաւոր
Հաւատարի՛մ փոսառուներ յաւերժալոյս`
Կը կայծկլտան կը բոցկլտան իմ ետեւէս
Որ չմնամ լուսակարօտ յուսակորոյս:

8 մարտ 2014

Մահուան հետ հաշտուած է, եւ համակ համեստութիւն, իր գրական վաստակը փոսառուներու լոյսին կը նմանցնէ, մութին մէջ կայծկլտող այդ լոյսը կը նմանի անջրպետի անմահութեան մէջ փայլող հեռաւոր աստղերուն, որ կարելի է նմանցնել Զարեհ Խրախունիի նման փայլուն վաստակի մը մեր գրականութեան երկնակամարին վրայ:

Ժընեւ


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>