Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Վարդանանց Միացեալ Պաշտամունք Սուրբ Վարդան` Առողջ Նախանձախնդիրը

$
0
0
 Վեր. Հրայր Չոլաքեան

Վեր. Հրայր Չոլաքեան

Վարդանանց տօնին նուիրուած, Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան միացեալ պաշտամունքը տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 4 փետրուար 2016-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Հայ աւետ. Էմմանուէլ եկեղեցւոյ մէջ, Ամանոս:

Պաշտամունքը առաջնորդեց պատուելի Սեւակ Թրաշեան: Այս առթիւ հոգեշունչ աղօթք մատուցեց վեր. Սողոմոն Քիլաղպեան: Ան փառք տուաւ Աստուծոյ, որ հայ ժողովուրդին տարած յաղթանակին պատճառով քրիստոնէութիւնը ամուր հիմերու վրայ հաստատուած` տարածուեցաւ ամբողջ աշխարհի մէջ:

Օրուան պատգամաբեր վեր. Հրայր Չոլաքեան շեշտելով նախանձախնդիր ըլլալու աստուածատուր յատկութիւնը` կարեւոր նկատեց Վարդաններու եւ Ղեւոնդներու տարած բծախնդիր եւ աստուածահաճոյ ընթացքը:

Եւ ըսաւ. «Այս օրուան մէջ, Աւարայրի պատերազմէն 1565 տարիներ ետք, մենք պաշտամունքի կը հաւաքուինք իբրեւ հաւատացեալ հայորդիներ` յիշատակելու Վարդաններն ու Ղեւոնդները, որոնք Աստուծոյ սրբազան խօսքին մէջ թրծուած ըլլալով` կը ցուցաբերեն առողջ նախանձախնդրութիւն, նախ Աստուծոյ ու Անոր խօսքին ու ապա ազգին հանդէպ. անոնք կը ցուցաբերեն հաւատքի հաւասարակշռութիւն` առողջ նախանձախնդրութիւն, որ պատերազմն անգամ կը վերածէ պատեհ առիթի մը` յայտարարելու Աստուծոյ մեծութիւնն ու յաւիտենական ծրագիրները. առիթ մը` յիշեցնելու, որ պատերազմը ո՛չ մեր անձերը փրկելու ու ո՛չ ալ Աստուծոյ վրէժխնդրութիւնը մեր ձեռքերուն մէջ առնելով թշնամին ջախջախելու համար է, այլ նախանձախնդրօրէն պայքարիլը կեանքի համար ու կեանքի տիրոջ փառքը պատմելու համար է:

Եթէ կեանքի մէջ բարելաւումն ու յառաջդիմութիւնը կը պարտինք նախանձախնդիր անձերու, մենք` իբրեւ հայ ժողովուրդ, մեր հաւատքի յաղթանակներն ու անոր մէջ յառաջդիմութիւնը կը պարտինք Սուրբ Վարդաններու եւ Սուրբ Ղեւոնդներու առողջ նախանձախնդրութեան… հաւատքի մէջ իրենց ունեցած բծախնդրութեան…

Մենք այսօր հոս չենք հաւաքուիր պարզապէս յիշատակելու, ոչ ալ Աստուծոյ փառք տալու Վարդանի ու Վարդաններու համար, այլ ուխտելու, որ մեր կեանքի ամէնէն փոքր պայքարէն մինչեւ ամէնէն մեծին մէջ ալ պիտի ըլլանք ե՛ւ նախանձախնդիր, ե՛ւ բծախնդիր, ե՛ւ լաւագոյնին ցանկացող, միշտ թրծուած Աստուծոյ խօսքին մէջ:

Arm-Evang_Choir_020416

Հայ աւետ. Թորոսեան վարժարանի աշակերտներէն Հրակ Մամիկոնեան եւ Լիլիթ Յովհաննէսեան արտասանեցին հայր Վահան Յովհաննէսեանի «Հայր եւ որդի» բանաստեղծութիւնը: Էշրեֆիէի Հայ աւետ. եկեղեցիի երգչախումբը, ղեկավարութեամբ Եսթեր Քիլաղպեանի, երգեց «Լռեց, ամպերը» եւ «Հայուն երգը»:

Օրուան նուիրահաւաքէն գոյացած գումարը, ըստ վերջին տարիներու աւանդութեան, կը տրամադրուի Թեհրանի Հայ աւետ. եկեղեցիներուն:

Պաշտամունքը իր աւարտին հասաւ Տէրունական աղօթքի եւ ՄԱՀԱ եկեղեցիներու միութեան նախագահ վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեանի առաքելական օրհնութեամբ:

Նախանուագներն ու վերջանուագները դաշնամուրի վրայ նուագեց Եսթեր Քիլաղպեան:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>