Փնտռուած ներկայութիւն էիր, անմոռաց ընկերուհի:
Յարգալիր վերաբերմունքդ մեծին ու փոքրին հանդէպ` իւրայատուկ նկարագրի գիծ մըն էր մէջդ, որ կը պարտադրէր կամայ թէ ակամայ յարգանք: Վաստակաւոր ուսուցչուհի կոչումդ կը վկայեն Այնճարի Աւետարանական վարժարանի նախկին աշակերտները. հարազատ մօր նման կը գուրգուրայիր, հայեցի դիմագիծ կերտելու համար չէիր խնայեր աշխատանք ու ճիգ ու համբերութեամբ կը սպասէիր սերունդին ապագայի իրագործումները:
Ճշդապահութիւնը կը պաշտէիր ու չէիր վարաներ քննադատելու մակերեսային մօտեցումները` ամենալուրջ հարցերուն մէջ: Միութենական կեանքը կ՛ըմբոշխնէիր դրական մօտեցումներովդ: Հինը պահելով ու նորարարութեանց հետամուտ ըլլալով` քայլ կը պահէիր շրջապատիդ հետ: Հակառակ տարիքի տարբերութեան` բոլորին ընկերուհի Զարուկն էիր` զուարթաբանութեամբ, հիւմորով, կատակներով ու շինիչ առաջարկներով: Երկար տարիներու ԼՕԽ-ի Այնճարի «Աղթամար» մասնաճիւղին դաստիարակչական յանձնախումբի գործօն անդամներէն էիր. յաճախ կը ծաղկեցնէիր ընկերական մթնոլորտը` ասմունք մը մատուցելով, կամ հանելուկ մը հնարելով: «Վանայ ձայն»-ի հանելուկ – խաղ յայտագիրներուն առաջին զանգողն էիր, ու գեղեցիկ մաղթանք մը եւս կը կցէիր խօսքիդ:
Այնճարի թէ Պէյրութի մշակութային ձեռնարկները քաջալերող` առաջին կարգի վրայ էիր միշտ, ըլլան անոնք մանկական թատերական, խմբերգային թէ պարային ելոյթներ: Ճիշդ ժամանակին ներկայութիւն էիր ազգային ոգեկոչման ձեռնարկներուն եւ չլռող` պատահած վրիպումներուն: Անցնող տարուան (100-ամեակի) ոգեկոչումներուն եւ քայլարշաւներուն կամաւոր մասնակիցը եղար` հակառակ առողջական ոչ թոյլատու վիճակիդ:
Կողակիցիդ` Անդրանիկին հետ, ձեր լումայով եղաք ազգային գիտակցութեան առաջնահերթ կեցուածք որդեգրողներուն շարքին` հաւատալով, որ ամենաչնչին մասնակցութեամբ սատարած կ՛ըլլաք ազգին վերելքին սփիւռքի թէ հայրենիքին մէջ:
Ապրելու զօրաւոր կամք մը ունէիր, հիւանդութիւնդ չէիր ընդուներ. «Բան մը չունիմ, պիտի ապրիմ» կ՛ըսէիր միշտ: Սակայն դուն չկաս այս տարի. 2016-ի առաջին օրերուն հրաժեշտդ տուիր այնքան սիրած կեանքիդ, ու չուեցիր անվերադարձ` լքելով ամուսինդ, հարազատներդ, ու ընկերուհիներդ` շատ սիրած:
Հոտաւէտ բուռ մը խունկ` քաղցր յիշատակիդ:
Հողը թեթեւ գայ վրադ, սիրելի՛ Զարուկ:
Քեզ յարգող ընկերուհիդ`
ՄԱՏԼԵՆ ԽՕՇԵԱՆ