Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17090

Պեպօ Սիմոնեանի «Գմբէթ Արեգ» Գիրքի Շնորհահանդէս

$
0
0
Աւետիս Ռազմիկ

Աւետիս Ռազմիկ

Ուրբաթ, 29 յունուար 2016-ին երեկոյեան ժամը 8:00-ին տեղի ունեցաւ «Նոր սերունդ» մշակութային միութեան կազմակերպած, Պեպօ Սիմոնեանի յետմահու հրատարակուած «Գմբէթ արեգ» գիրքին շնորհահանդէսը, Սահակեան-Լեւոն Մկրտիչեան վարժարանին մէջ:

Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց Անի Եփրեմեան: Ան ըսաւ, որ ձեռնարկը առիթ է յարգանքի տուրք մատուցելու հայ գրականութեան ազնուական ու խոնարհ անձնաւորութեան մը, յանուն հայեցի դաստիարակութեան աշխատած եւ Մեսրոպի հզօր բարբառն ու ոգին աւանդող հայ քերթողի մը, որ Սահակեան-Լեւոն Մկրտիչեան քոլեճի յարկին տակ տասնամեակներ ամբողջ ծառայեց իբրեւ արիասիրտ դաստիարակ, ներհուն տնօրէն, վաստակաշատ կրթական մշակ եւ մանաւանդ հայ գրականութեան եւ հայոց լեզուի ու պատմութեան հմուտ ուսուցիչ` բազմաթիւ նոր սերունդներ հասցնելով:

Ա. Եփրեմեան շնորհակալութիւն յայտնեց Գասեմճեան եղբայրներուն եւ յատկապէս Գրիգոր Գասեմճեանին` անոնց նիւթական օժանդակութեան համար, առանց որուն` անկարելի պիտի ըլլար «Գմբէթ արեգ» հատորին հրատարակութիւնը:

Պեպօ Սիմոնեանին թոռնիկը` Արեգ Պետրոս Տիգրան Գալայճեան արտասանեց «Գմբէթ արեգ»-էն բանաստեղծութիւն մը:

Դոկտ. Արմէն Իւրնէշլեան

Դոկտ. Արմէն Իւրնէշլեան

Նորայր եպս. Աշըգեան

Նորայր եպս. Աշըգեան

Ապա բեմ բարձրացաւ օրուան առաջին բանախօսը` դոկտ. Արմէն Իւրնէշլեան, որ լուսարձակի տակ առաւ արուեստին արժէքն ու անոր կենսատու աղբիւր ըլլալը` շեշտելով, որ այս պարագային գրականութիւնը, ի մասնաւորին բանաստեղծութիւնը հրաշալի առիթ է հաղորդակցելու արուեստի հրաշքին հետ: Ան բանաստեղծը նկատեց գեղեցիկի արարիչ: Ըստ Իւրնէշլեանի, «Գմբէթ արեգ» հատորին ամբողջ ընթացքին ի յայտ կու գայ, թէ Սիմոնեան ծնունդն է արարիչ ցաւին, եւ որ` ան կ՛ապրի իր գրականութեամբ: Բանախօսը դիտել տուաւ, թէ Եղեռնը ապրած ծնողներու ծնունդ բանաստեղծին պարտքն է անէութենէ փրկել նահատակներուն երազները եւ արձագանգ դառնալ անոնց աճիւններու ճիչերուն: Բանախօսին համաձայն, Պեպօ Սիմոնեանի հոգիէն բխած բանաստեղծութիւնը կը վերածուի չհամբարձած աճիւններէ կազմուած խաչքարի, որուն քանդակագործը նոյնինքն բանաստեղծն է: «Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին  առիթով լոյս տեսած այս հատորը տուրք մըն է սուրբ նահատակներուն», հաստատեց Իւրնէշլեան:

Ապա բանաստեղծութեամբ մը ելոյթ ունեցաւ Անի Եփրեմեան, որմէ ետք ան բեմ հրաւիրեց օրուան երկրորդ բանախօսը` Կիպրոսէն հրաւիրուած հրապարակագիր Աւետիս Ռազմիկ: Ան իր խօսքին մէջ հիմնականօրէն կեդրոնացաւ Սիմոնեանի կեանքին եւ անոր վերաբերող յիշատակներուն վրայ: Ըստ Ռազմիկի, խառնուածքով բանաստեղծ, կոչումով ուսուցիչ, գործունէութեամբ ազգային եւ մշակութային գործիչ էր Պեպօ Սիմոնեան, որ հիմնադիր դէմքերէն էր «Նոր սերունդ» մշակութային միութեան: Աւետիս Ռազմիկ անդրադառնալով մոլութիւններուն մէջ միայն գրքամոլութեան դրական ըլլալուն` յայտնեց, որ գրքամոլութիւնը Սիմոնեանի կենսագրութեան գիծերէն մէկը կը նկատուէր: Անոր համաձայն, Պեպօ Սիմոնեան շեշտակի թուլութիւն ունէր այն աշակերտներուն հանդէպ, որոնք հետաքրքրութիւն ունէին հայագիտական նիւթերու նկատմամբ: Ան խօսքը եզրափակեց` առաջարկելով մէկտեղել Սիմոնեանի բոլոր գործերը:

Անկէ ետք Արէն Տօներեան (դաշնամուր) եւ Ալեք Տօներեան (ջութակ) նուագեցին երաժշտական կտորներ: Ապա բեմ բարձրացաւ Պեպօ Սիմոնեանի երախտագէտ աշակերտներէն, նոյնինքն բարերար` Գրիգոր Գասեմճեան, որ ներկաներուն պատմեց իր յուշերէն:

Շնորհահանդէսի աւարտին կաթողիկոսարանի տպարանի տեսուչ Նորայր եպս. Աշըգեան «Պահպանիչ»-ով փակեց շնորհահանդէսը:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17090

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>