Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Կեղծ Ներգաղթեալներ…

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

refugee_021216

Հետզհետէ առաւել սուր բնոյթ ստացող ներգաղթեալներու հրատապ թղթածրարը ժամանակի թաւալումին եւ աշխարհագրական ընդարձակման հետ կը դրսեւորէ բոլորովին նոր երեսներ, որոնք անակնկալի կը մատնեն «գիտուն» Արեւմուտքը: Աշխարհի ներկայի բազմաթիւ խնդիրներն ու հակամարտութիւնները լուծելու անատակ, այսպէս կոչուած, մեծ պետութիւններուն, միջազգային կազմակերպութիւններուն եւ կառոյցներուն համար ներգաղթեալներու տագնապի նոր դրսեւորումները կը բարդացնեն արդէն իսկ անելի մատնուած իրավիճակը: Ստեղծուած նոր կացութիւնը աւելի կը սրէ լարուածութիւնը յատկապէս Եւրոպայի այն երկիրներուն մէջ, ուր կառավարութիւն-ժողովուրդ յարաբերութիւնները այնքան ալ սիրալիր չեն, եւ ուր մարդոց հանգիստ քունը խանգարուած է ներգաղթեալներու ներկայութեան պատճառով:

Բրիտանական «Սփեքթէյթըր» շաբաթաթերթը եւ Պի.Պի.Սի. անդրադարձած են տագնապի տարբեր երեսներուն:

«Եւրոպական Միութեան պաշտօնատարները բացայայտած են, որ «ներգաղթեալներուն» մեծամասնութիւնը ներգաղթեալ չէ. ի՜նչ խառնաշփոթ…», գրած է Տուկլաս Մուրրայ բրիտանական հեղինակաւոր «Սփեքթէյթըր» թերթի իր յօդուածին մէջ: Ըստ անոր, նոյնիսկ Եւրոպական Միութեան պաշտօնատարները այժմ ի վերջոյ կը խոստովանին, որ` «բազմաթիւ անձեր, որոնք  մենք «ներգաղթեալներ» կ՛անուանենք, իրականութեան մէջ ներգաղթեալներ չեն: Անոնք տնտեսական թափառականներ են, որոնք իրաւունք չունին եւրոպական քաղաքացիներ անուանուելու»:

Նոյնիսկ Ֆրանս Թիմմերմանս` Եւրոպական Խորհուրդի փոխ նախագահը, վերջերս յստակացուց այս կէտը: Ըստ անոր, Եւրոպա ապաստանածներուն աւելի քան 60 առ հարիւրը Հիւսիսային Ափրիկէի երկիրներէն (Մարոք, Թունուզ եւ այլն) պանդուխտ աշխատաւորներ են, որոնք պէտք չէ  Եւրոպա գտնուին: «Անոնք մարդիկ են, որոնք դուք կրնաք ենթադրել, թէ պատճառ չունին գաղթականի կարգավիճակ ստանալու դիմում ներկայացնելու», ըսաւ ան: Շուէտի պաշտօնատարները եւս եկած են  նոյն եզրակացութեան` նշելով, որ միայն անցեալ տարի շուրջ 80 հազար երիտասարդներ, որոնք այդ երկիրը ժամանած են իբրեւ «ներգաղթեալներ», իրականութեան մէջ այդպիսին չեն:

Ներկայիս կ՛ընթանան ամբոխը գոհացնելու սովորական փորձերը որոշ քաղաքական ղեկավարներու եւ պաշտօնատարներու կողմէ, որոնք կը խօսին, թէ ինչպէս պէտք է արտաքսել այս մարդիկը: Բայց անոնք պիտի չարտաքսեն, չէ՞: Իսկապէս կա՞յ մէկը, որ անկեղծօրէն կը կարծէ, թէ Շուէտի իշխանութիւնները ներկայիս կը պատրաստեն 80 հազար կեղծ ներգաղթեալները երկրէն արտաքսելու ծրագիր մը: Կամ ենթադրենք, թէ` 60 առ հարիւր պատկերը ճիշդ է Գերմանիոյ համար, եւ թէ 60 առ հարիւր մարդիկ, որոնք անցեալ տարի միայն հասած են Գերմանիա, այդ երկիրը պէտք չէ գտնուին: Տրուած ըլլալով, որ Գերմանիա վերջին 12 ամիսներուն աւելի քան մէկ միլիոն անձ ընդունած է, այժմ իր հողերէն պիտի արտաքսէ՞ շուրջ 750 հազար կեղծ ապաստանեալի իրաւունք խնդրողներ: Անշուշտ ո՛չ: Գերմանիոյ իշխանութիւնները նոյնիսկ պիտի չփորձեն ատիկա ընել: Եւրոպայի մէջ ամէն ոք գիտէ ատիկա: Եւ ո՛վ որ դուրսէն կը հետեւի իրադարձութիւններուն, նոյնպէս գիտէ ատիկա: Երկրագունդի վրայ ամէն ոք գիտէ, որ Եւրոպայի ներկայի ղեկավարները իրենց սեփական օրէնքը պարտադրելու կամքէն ու միջոցներէն զուրկ են: Ուրեմն, յաւելեալ մարդիկ Եւրոպա պիտի հասնին յառաջիկայ տարի, ատկէ տարի մը ետք, եւ այսպէս` շարունակաբար… գիտնալով, որ  երբ ներսն ես` այլեւս ներսն ես: Եթէ փաստերը Շուէտէն այլ բան ըլլային, Գերմանիոյ եւ Եւրոպայի այլ երկիրներուն մէջ ներկայիս կը պատրաստուէին ամբողջ ցամաքամասէն հարիւր հազարաւոր մարդիկ վերադարձնելու դէպի  անոնց հայրենիքները: Բայց փաստերը այդպէս չեն: Եւ այսպէս, ներգաղթեալները պիտի բազմանան,  եւ քաղաքական ղեկավարները պիտի շարունակեն ձեւացնել, շփոթեցնել: Եւրոպական ժողովուրդներ արդարօրէն աւելի եւ աւելի պիտի զայրանան այն փաստէն, որ իրենց ցամաքամասը կը խլուի իրենցմէ:

«Սփեքթէյթըր»

The_Spectator_Magazine_18_September_2010_Front_Cover

Բրիտանիոյ Պահպանողական կուսակցութեան  շաբաթաթերթին` «Սփեքթէյթըր»-ի առաջին թիւը հրատարակուած է  6 յուլիս 1828-ին, զայն դարձնելով ամէնէն հին շարունակաբար հրատարակուող անգլերէն թերթը: «Սփեքթէյթըր» այժմ կը պատկանի  Տէյվիտ եւ Ֆրետերիք Պարքլէյններուն, որոնք նաեւ սեփականատէրն են «Տէյլի Թելեկրաֆ» օրաթերթին: «Սփեքթէյթըր»-ի գլխաւոր նիւթերու դաշտերը քաղաքականութիւնն ու մշակոյթն են: Անոր խմբագրականները ընդհանրապէս կը զօրակցին Բրիտանիոյ Պահպանողական կուսակցութեան: Շաբաթաթերթը նաեւ կը բովանդակէ արուեստի էջեր` գիրքերու, երաժշտութեան, օփերայի, շարժապատկերի եւ պատկերասփիւռի մասին:

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>