ՐԱՖՖԻ ՏՈՒՏԱԳԼԵԱՆ
Շուրջ շաբաթ մը առաջ Երեւանի «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ հանդիպեցայ հայաստանցի ընկերոջս` Գարիկին: Ինքն ալ, ինծի նման, Պէյրութ կ՛երթար անձնական կիսաւարտ գործեր կարգի բերելու նպատակով: Մինչ կը սպասէինք մեկնումի ազդանշանին, հալէպցի ծանօթ զոյգ մը` Գօգոն եւ իր կինը, եկան եւ տեղաւորուեցան մեր մօտ: Բարեւելէ եւ առողջութեան ու ընտանիքի մասին փոխադարձ հարցուփորձէ ետք սկսանք խօսելու Սուրիոյ եւ Հայաստան ժամանած սուրիահայ փախստականներուն մասին:
– Այս ճամբորդները կը տեսնէ՞ք, 90 տոկոսով սուրիահայ փախստականներ են. բոլորն ալ Պէյրութ կ՛երթան` «Հայ տուն» ծրագիրով Քանատա արտագաղթելու: Ճիշդը` իմ տղաս ալ գնաց, հիմա կ՛ուզէ, որ մենք ալ մեր թուղթերը յանձնենք եւ ետեւէն հասնինք Թորոնթօ,- ըսաւ Գօգոն:
– Մի րոպէ, մի րոպէ… «Հայ տուն» ծրագրով ո՞նց Քանատա են արտագաղթում: Ես էլ մինչեւ հիմա հաւատում էի, որ հայերի տունը Հայաստանն ա. էդ ե՞րբ փոխուեց յանկարծ,- զարմացած հարց տուաւ Գարիկը:
– Ես ի՛նչ գիտնամ: Ես Հալէպի գործս պահած եմ, Երեւանի մէջ ալ հարց չունիմ, հանգիստ կ՛ապրիմ, բայց հիմա տղաս ու թոռնիկներս հոն են, Քանատա՛: Կրնային հոս ալ մնալ, նիւթականի խնդիր չունինք, բայց հոն աւելի լաւ ապագայ կայ եղեր: Հիմա մի՛ մեղադրէք… Պէյրութ գացող այս բոլոր սուրիահայերը անգործ մնացեր են, ապրուստի դժուարութիւններ ունին, Հալէպ ալ շատ վտանգաւոր է, ատոր համար «Հայ տուն»-ով Քանատա պիտի դիմեն,- բացատրեց Գօգոն:
– Դէ որ տե՛նց ա, ուրեմն սահմանամերձ հայերին էլ ներառենք «Հայ տուն» ծրագրում: Նրանք էլ են անգործ, ապրում են թշուառութեան մէջ, հացի ու բժշկի փող չունեն, ամէն օր գնդակոծւում են ազրպէյճանական դիրքերից, կեանքները վտանգուած ա, տալիս են զոհեր… բա հիմի ի՞նչ անենք` սաղին հաւաքենք, տանենք Քանատա՞… Որ ի՞նչ անեն, որ Հայաստանը հեռուի՞ց սիրեն,- բարկացած ըսաւ Գարիկը, որուն ընտանիքը կու գար Տաւուշի սահմանամերձ շրջաններէն, իսկ ինք 90-ական թուականներուն արցախեան ազատագրական պատերազմի զինուորագրեալներէն եղած է:
Գօգոն, ի հարկէ, նմանօրինակ արձագանգ չէր սպասեր Գարիկէն պարզ այն պատճառով, որ Երեւանի մէջ հաւանաբար շատ լսած էր հայաստանցիներու արտագաղթելու ցանկութիւններուն մասին: Հաւանաբար շատ հայաստանցիներ բարի նախանձ արտայայտած էին, երբ իրմէ տեղեկացած էին Քանատա տեղափոխուելու իրեն ընձեռուած հնարաւորութեան մասին:
– Էսա՛, չզարմանաք, հիմի արդէն շատ հայաստանցիներ կը փորձեն սիրիական քաղաքացիութիւն ձեռք բերել, որպէսզի նրանք էլ թողնեն գնան: Մինչեւ էսօր սփիւռքի նախարարութիւնով «Արի՛ տուն» էինք քարոզում, հիմի էլ «Հայ տուն»-ով Քանատա ենք տանում: Ես սենց բան պատկերացնել չէի կարող, սա արդէն ապսուրտ ա,- բորբոքած շարունակեց Գարիկը:
Գօգոն զարմացած ինծի կը նայէր` հաւանաբար միջամտութիւնս ակնկալելով: Ես ալ բացատրութիւն չունէի, կը ճանչնայի Գօգոն ու իր կինը եւ գիտէի իրենց նախընտրութիւնը: Քանատան չէ՛ր կրնար իրենցը ըլլալ: Չէի կրնար հարցականի տակ առնել իրենց հայրենասիրութիւնը, բայց միաժամանակ կը հասկնայի յառաջացած այս տարիքին զաւակին ու թոռնիկներուն հետ ըլլալու իրենց ցանկութիւնը: Կը հասկնայի նաեւ Գարիկին բարկութեան պատճառը: Արիւն ու քրտինք թափած էր ան` յանուն հողահաւաքի եւ հայահաւաքի: Իսկ հիմա ի՞նչ տեղի կ՛ունենայ…
– Ո՞ւմ մեղադրենք, ո՞ւմ բողոքենք, լսողը ո՞վ ա,- կը մրթմրթար ան քիթին տակէն:
Վերջապէս օդանաւի մեկնումին ազդանշանը տրուեցաւ: Գարիկը, Գօգոն, իր կինը եւ ես անխօս բարձրացանք օդանաւ:
Գրեցէ՛ք ինծի:
rafdoud@aol.com