Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Քողարկուող Բռնաբարումներ

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

harast_021216

Ներգաղթեալներու թղթածրարի այլ էջի մը անդրադարձած է Իվար Արփի: Անոր յօդուածին խորագիրն է.

«Միայն Գերմանիա չէ, որ կը քողարկէ  ներգաղթած այրերու զանգուածային սեռային յարձակումները… Շուէտի ցուցանիշը ամօթալի է»:

Իվար Արփի կը գրէ, որ Սթոքհոլմի ոստիկանութիւնը զգուշացուցած է չնկարագրելու յանցագործները, որպէսզի  իրենք չամբաստանուին խտրականութեամբ: Օրեր տեւեց, մինչեւ որ ոստիկանութիւնը ընդունեց Ամանորի գիշերը Քէօլնի մէջ նշող կիներու վրայ կատարուած զանգուածային յարձակումներու տարողութիւնը: Գերմանացիները բախտաւոր էին. Շուէտի մէջ նման յարձակումներ տեղի կ՛ունենան աւելի քան տարիէ մը ի վեր, մինչ իշխանութիւնները տակաւին պահմտոցի կը խաղան: Միայն այժմ իրականութիւնը կը բացայայտուի` թէ՛ յարձակումներուն, թէ՛ քողարկողներուն մասին:

Շուէտի վարչապետ Սթեֆան Լովեն դատապարտեց կիներու հանդէպ դրսեւորուող «կրկնակի դաւաճանութիւնը»  եւ հետաքննութիւն խոստացաւ: Բայց ան պէտք է հարցնէ հետեւեալը. ինչո՞ւ ոստիկանութիւնը նոյնիսկ  ծածկեց ճշմարտութիւնը: Պատասխանը կրնայ յայտնաբերուիլ Քէօլնի յարձակումներու արձագանգին մէջ: Շուէտ հպարտ է իր սեռական հաւասարութեամբ եւ նոյնիսկ իգական սեռի արտաքին քաղաքականութեան ռահվիրայ է: Երբ կը հաղորդուի, որ հարիւրաւոր կիներ Քէօլնի մէջ սեռային բնոյթի յարձակումներու ենթարկուած են կազմակերպուած ամբոխի մը կողմէ, շուէտական քաղաքական ղեկավարներու, մտաւորականներու եւ լրագրողներու արձագանգը պէտք է  զայրագին ըլլայ: Փոխարէնը` մեզի ըսուեցաւ, որ Քէօլնի դէպքերը արտառոց չէին: Շուէտի ամէնէն տարածուած թերթին` «Աֆտոնպլատեթ»-ի մէջ հրապարակուած յօդուածով կը պնդուի, թէ խտրականութիւն է նշելը, որ Քէօլնի մէջ յանցագործները նկարագրուած են իբրեւ հիւսիսային ափրիկեցիներ եւ արաբներ, քանի որ գերմանացի այրեր  սեռային յարձակումներ իրականացուցին  փառատօնի ատեն: Վերջին շաբաթներուն յաճախ ըսուեցաւ, թէ իսկական խնդիրը մարդն է, ոչ թէ` որոշ մշակոյթ մը, եւ թէ` Շուէտի մարդիկ աւելի լաւ չեն: Այնուհետեւ անցեալ շաբաթ Շուէտի սեփական պատմութիւնները սկսան ի յայտ գալ: Երաժշտական փառատօնին ընթացքին երիտասարդ տղամարդոց բազմամարդ  խումբերը սեռային բնոյթի ոտնձգութիւններով անհանգստացուցած են աղջիկներ: Ատիկա  սկսած է 2014 թուականին եւ նաեւ տեղի ունեցած է նախորդ տարուան փառատօնին: Ամէնէն կրտսեր զոհերը 12 տարեկան են:

Sweden_021216

Ըստ ոստիկանութեան, եղած են «յարաբերաբար փոքրաթիւ ոճիրներ եւ ձերբակալութիւններ` նկատի ունենալով մասնակցողներու թիւը»:  Ոստիկանութիւնը, բաւական ցնցուած արարքներէն, փորձած է  փառատօնին մէջ այդ խումբերը կարգի բերելու  ռազմավարութիւն մը, որ փաստօրէն անյաջող եղած է: Խնդիրը այն է, որ ոստիկանները կը փորձեն լուծել հարց մը, որուն մասին չեն կրնար հրապարակաւ խօսիլ: Սթոքհոլմի ոստիկանապետը ըսաւ. «Երբեմն մենք չենք համարձակիր ըսելու, որ իսկապէս ինչ են հարցերը, որովհետեւ կը հաւատանք, որ ատիկա պիտի շահագործեն Շուէտի ժողովրդավարականները»: Ինչպէս գիտենք, Սթոքհոլմի ոստիկաններուն հրահանգուած է չյայտնել յանցագործներուն ազգութիւնը, կամ քաղաքացիութիւնը, որպէսզի խտրականութեամբ չմեղադրուին:

….

Ոստիկանները վարժուած են գինովներ զսպելու: Բայց երիտասարդ  տղամարդոց հրոսակախումբեր, որոնք հանրային մեծ հաւաքներու ատեն կը շրջապատեն եւ կ՛անհանգստացնեն կիներ, ո՞վ երբեւէ լսած էր այդպիսի բան: Արաբական աշխարհի մէջ ատիկա երեւոյթ մըն է, որ ունի իր անունը` «թահառուշ ժամայիա»: Երիտասարդ տղոց հրոսակախումբեր երբեմն աղջիկները կը քաշքշեն, անոնց հագուստները կը պատռտեն, երբեմն ալ կը բռնաբարեն: Հինգ տարի առաջ այս ձեւի յարձակման մը նիւթով  մրցանակ շահեցաւ եգիպտական  շարժապատկեր մը` «678»: Երիտասարդ աղջիկներու դէմ այսպիսի յարձակումներու մասին հաղորդուած է Գահիրէի մէջ 2011-ին եւ  2012-ին տեղի ունեցած «Արաբական գարուն» ցոյցերու ամբողջ ընթացքին: Լարա Լոկան` Սի.Էն.Էն.-ի հաղորդավարուհին, որ կը հետեւէր Հիւսնի Մուպարաքի տապալումին, բռնաբարուեցաւ Գահիրէի «Թահրիր» հրապարակին մէջ:

«Թահառուշ ժամայիա»-ն ժամանակակից  չարիք մըն է, որ սկսած է Եւրոպա փոխադրուիլ: Իշխանութիւնները պէտք է տեղեակ ըլլան:

Բայց անոնք չեն կրնար տեղեակ ըլլալ, երբ այսպիսի խնդրի յիշատակում չի քաջալերուիր, որուն պատճառով ոստիկանութիւնը պատրաստ չ՛ըլլար, իսկ հանրութիւնը ոչ միայն խոցելի, այլեւ` խաբուած: Կարելի չէ ըսել, թէ այսպիսի քանի՛ դէպքեր պատահած են, երբ Շուէտի ոստիկանութիւնը քաղաքական նկատառումներ հաշուի առած է` նախքան տեղեկութիւններ բացայայտելը: Արդեօ՞ք անոնք կը կարծեն, թէ ներգաղթեալներու յանցագործութեան մասին աղմկելը ասպարէզի վատ քայլ մըն է, եւ արդեօ՞ք այդ մտածումը կանգնեցուցած է զիրենք` կատարելու իրենց պարտականութիւնը: Մենք` շուէտցիներս, կը հպարտանանք կիներու իրաւունքները յարգելու մեր անզուգական մրցանիշով: Բայց երբ կիներու իրաւունքները կը բախին այլ մշակոյթներ տեղաւորելու նպատակին, ատկէ միշտ կիներն են, որոնք կը տուժեն:

Ճշմարտութիւնը կրնայ ցաւալի ըլլալ, ճշմարտութիւնը քողարկելը վատագոյնն է:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>