Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Սուրիա
Քեսապի Մէջ Հանդիսաւոր Շուքով Նշուեցաւ
Սրբոց Վարդանանց Տօնը
Երկար տարիներէ ի վեր Քեսապի 3 յարանուանութիւնները միասին կը տօնեն Վարդանանքը: Այս տարի եւս, հակառակ երկրէն ներս տիրող պատերազմական վիճակին, 4 փետրուարին Քեսապի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ ոգեկոչուեցաւ Սրբոց Վարդանանց նահատակներու յիշատակը:
Ձեռնարկի ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, որուն ընթացքին Քեսապի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ դպրաց դասը մեկնաբանեց Վարդանանց նուիրուած երգերու փունջ մը:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ հայ կաթողիկէ համայնքի հոգեւոր հովիւ Նարեկ վրդ. Լուիսեան:
Օրուան բանախօս Կարօ Մանճիկեան անդրադարձաւ Վարդանանց խորհուրդին: Ան նշեց, թէ Վարդանանց պատերազմը վերջ չգտաւ Աւարայրի ճակատամարտով, այլ շարունակուեցաւ Վահան Մամիկոնեանի օրով` հասնելով մինչեւ Նուարսակի դաշնագիր, շարունակուելով մինչեւ 19-րդ եւ 20-րդ դար` հայ ազատագրական պայքար, մայիսեան յաղթական մարտեր, Արցախի ազատագրական պայքար, աւելցնելով, որ տակաւին մինչեւ օրս կը շարունակուի եւ պիտի շարունակուի, այնքան ատեն որ գոյութիւն ունին Յազկերտներ, Համիտներ, Թալէաթներ, Էրտողաններ: Շարունակելով իր խօսքը` բանախօսը հաստատեց, որ մենք պիտի շարունակենք դիմադրել` հասնելու Վահանեանց յաղթանակներուն:
Եզրափակիչ խօսքը արտասանեց Նարեկ քհնյ. Զերենցեան, որմէ ետք ան «Պահպանիչ»-ով փակեց հանդիսութիւնը:
Քանատա
«Հայաստան» Հիմնադրամի Մոնրէալի
Մասնաճիւղը Կառուցած Է
Արցախի Խանձք Գիւղի Համայնքային Կեդրոնը
«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Մոնրէալի մասնաճիւղը յատուկ հաղորդագրութեամբ մը կը հաստատէ, որ աւարտին հասցուցած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ասկերանի շրջանի Խանձք գիւղի համայնքային կեդրոնի կառուցման աշխատանքները:
Շրջակայ 4 գիւղերուն պիտի ծառայէ կառոյցը, ուր պիտի կեդրոնացուին ընկերային զանազան ծառայութիւններ, ինչպէս` բժշկական, գիւղատնտեսական, արհեստագիտական, նաեւ պիտի ծառայէ որպէս համայնքի հաւաքի կեդրոն:
Միացեալ Նահանգներ
Վահէ Եագուպեան Կ՛արժանանայ
«Ինթել» Գիտական Մրցանակին
Փասատինայի ՀԲԸՄ Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան երկրորդական վարժարանի աւարտական դասարանի աշակերտ Վահէ Եագուպեան վերջերս արժանացաւ «Ինթել» ընկերութեան «Գիտական տաղանդի փնտռտուքի նախաձեռնութեան» մրցանակին, որ կը հանդիսանայ նախահամալսարանական կարեւորագոյն գիտական մրցանակներէն մէկը:
Մրցանքին մասնակցած են Միացեալ Նահանգներու տարածքէն 512 երկրորդական վարժարաններէ աւելի քան 1800 աշակերտներ, որոնցմէ 133-ը մրցանակներու արժանացած է:
Վահէն ներկայացուցած էր` «Ուտելիքներու մաղձաճարպի (քոլեսթերոլ) քանակի նուազեցումը նորարար ոճով` զանոնք վերածելով Տէ. կենսանիւթի» աշխատասիրութիւնը:
Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանին
65 Հազար Ամերիկեան Տոլարի Նուիրատուութիւն
Վերջերս Սան Ֆրանսիսքօ հաստատուած` «Ծովածոցի Հայաստանի բարեկամներ» ոչ շահաբեր կազմակերպութիւնը 65 հազար տոլարի նուիրատուութիւն մը կատարեց Հայաստանի ամերիկեան համալսարանին` կազմակերպութեան անունով կրթանպաստի հիմնադրամ մը հաստատելու նպատակով: Հիմնադրամը օժանդակութիւն պիտի տրամադրէ համալսարանի կարիքաւոր ուսանողներուն:
«Ծովածոցի Հայաստանի բարեկամներ» կազմակերպութիւնը հիմնուած էր Հայաստանի երկրաշարժէն ետք եւ Արցախի ազատագրական պայքարի օրերուն` հոգալու համար հայորդիներուն առողջապահական, կրթական եւ ընկերային կարիքները` աշխատանքը կեդրոնացնելով յատկապէս գիւղական շրջաններուն վրայ: Անոր իրագործած ծրագիրներուն շարքին են` ուսուցիչներու նիւթական յատկացումներ, վարժարաններու նորոգութիւններ, ինչպէս նաեւ համակարգիչներու, գիրքերու եւ նախաճաշներու տրամադրում` վարժարաններու եւ աշակերտներու:
Կազմակերպութեան վերջին նախաձեռնութիւններէն մէկն է բերանի առողջապահութեան ի նպաստ արշաւը, որ իրականացած էր Հայաստանի ամերիկեան համալսարանին հետ համագործակցութեամբ:
«Ծովածոցի Հայաստանի բարեկամներ» կազմակերպութեան նախագահ Սիլվիա Մելիքեան յայտնեց, որ կազմակերպութիւնը հպարտ է կրթանպաստներու այս հիմնադրամին հաստատումով, որմէ պիտի օգտուին նոր սերունդի ուսանողներ, որոնք Հայաստանի ապագան են: Ան գոհունակութիւն յայտնեց, որ իրենց լուման կը բերեն հայրենիքի զարգացման յատկապէս, երբ Հայաստան կ՛ընդունի Սուրիայէն եւ Իրաքէն գաղթականներ, որոնք կը փորձեն իրենց կեանքերը ճիշդ հունի մէջ դնել:
Հայ Դատի Վարժողական Երկու
Ծրագիրներու Մասնակցելու Առիթ
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը սկսած է ընդունելու Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի «Լէօ Սարգիսեան», ինչպէս նաեւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի ամառնային վարժողական ծրագիրներու դիմումնագիրները: Ծրագիրներէն առաջինը պիտի ունենայ Ուաշինկթընի մէջ, իսկ երկրորդը` Կլենտէյլի:
Այս տարուան «Լէօ Սարգիսեան» վարժողական ծրագիրը պիտի կայանայ 20 յունիսէն 12 օգոստոս, իսկ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի ամառնային վարժողական ծրագիրը` 13 յունիսէն 26 օգոստոս:
Առաջինին դիմումնագիրները ամբողջացնելու պայմանաժամը 1 մարտ է, իսկ երկրորդինը` 2 մայիս:
Այս վարժողական ծրագիրներուն մասնակիցները մօտէն կը ծանօթանան ամերիկեան քաղաքական կեանքի ծալքերուն` իրականացնելով շարք մը անհատական եւ խմբային ծրագիրներ եւ մասնակցելով շարք մը աշխատանիստերու եւ դասախօսական ձեռնարկներու:
Ծրագիրներուն մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար այցելել ancawr.org կայքը:
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի վարժողական ծրագիրին մասին տեղեկութեանց համար դիմել` elen@ancawr.org հասցէին կամ (818) 500-1919 թիւին, իսկ «Լէօ Սարգիսեան» վարժողական ծրագիրին մասին պատրաստուած տեսանիւթը կարելի է դիտել www.anca.org/leo-sarkisian-internship կայքէջին վրայ:
Հայոց Ցեղասպանութեան Դասաւանդման
Տարածման Արշաւին Միանալու Կոչ
Ցեղասպանութեան ուսուցման ծրագիրը կոչ կ՛ուղղէ երկրորդական վարժարանի տարիքի զաւակներ ունեցողներուն, որ իրենց զաւակներուն պատմութեան կամ անգլերէնի ուսուցիչներուն ծանօթացնեն Հայոց ցեղասպանութեան մասին ուսուցման ծրագիրի նոր դասանիւթերը:
Սոյն դասանիւթերը ձրիաբար կը տրամադրուին ուսուցիչներուն, որպէսզի անոնք առիթը ունենան արդի ժամանակներու ցեղասպանութիւններուն նախատիպը հանդիսացած Հայոց ցեղասպանութեան եւ անոր հետեւանքներուն մասին դասաւանդելու իրենց աշակերտներուն:
Նորագոյն դասանիւթերէն մէկը հիմնուած է ցեղասպանագէտ դոկտ. Կրեկըրի Սթենթընի «Ցեղասպանութեան 10 հանգրուանները» գործին վրայ, իսկ ուրիշ մը` «Վայրի կակաչ»-ը, որ կ՛առնչուի Ցեղասպանութիւնը վերապրած ու կակաչի նոր տարբերակ մը յայտնաբերած բուսաբան փրոֆ. Ճէյ. Ճէյ. Մանիսաճեանի պատմութեան: Հոն կը նշուի, թէ անոր յայտնաբերած կակաչները, հայութեան օրինակով, կը շարունակեն աճիլ իրենց հայրենիքէն դուրս, պարզապէս որովհետեւ Մանիսաճեան կրցած էր անոնց կոճղէզները Ցեղասպանութենէն առաջ Եւրոպա հասցնել:
Հետաքրքրական այլ դասանիւթ մըն է Մերձաւոր Արեւելքի նպաստամատոյցի պատմութեան նուիրուած` «Տէյ շել նաթ փերիշ. Ամերիքա էնտ տի Արմինիըն ճենոսայտ» դասանիւթը: Յաւելեալ տեղեկութեանց համար այցելել www.genocideeducation.org կայքը:
Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ Ծխական
Համայնքի Ներկայացուցիչները
Կը Ծանօթանան Նոր Հոգեւոր Հովիւին
Յունուար 25-ին թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան մեկնեցաւ Սան Ֆրանսիսքօ` ընկերակցութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ միաբանութեան անդամներէն Պարոյր վրդ. Շէրնէզեանի, որ նշանակուած է Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ եւ շուտով պիտի ստանձնէ իր ծառայական առաքելութիւնը: Այս այցելութեան նպատակն էր հայր սուրբը ծանօթացնել եկեղեցւոյ ժողովականութեան եւ համայնքի ներկայացուցիչներուն:
Ծանօթացման հանդիպումը տեղի ունեցաւ «Խաչատուրեան» Հայ կեդրոնի «Սարոյեան» սրահին մէջ, ուր ներկայ էին գաղութի պատկան մարմիններու ներկայացուցիչները:
Ողջոյնի խօսքեր արտասանեցին Խորէն Ա. քահանայ, հոգաբարձութեան ատենապետ Ռոստոմ Այնթապլեան եւ գործակից կազմակերպութեանց ներկայացուցիչները, որոնք յաջողութիւն մաղթեցին նոր հովիւին: Առաջնորդ սրբազանը ներկայացուց հայր Պարոյրը, խօսեցաւ անոր վաստակին մասին եւ յաջողութիւն մաղթեց նոր առաքելութեան մէջ:
Պարոյր վրդ. Շէրնէզեան, իր կարգին, շնորհակալութիւն յայտնեց առաջնորդ սրբազանին եւ համայնքի ներկայացուցիչներուն եւ շեշտեց Սան Ֆրանսիսքոյի ծխական համայնքը գործակցաբար նոր ծաղկումի առաջնորդելու անհրաժեշտութիւնը:
Զաւէն Գույումճեանի Ի Յիշատակ
Կրթանպաստի Հաստատում
Յունուար 10-ին, Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ եւ «Ռոզ Հիլզ» գերեզմանատան մէջ տեղի ունեցած արարողութիւններէն ետք, Պերճ եւ Փոլին Գույումճեան ամոլի բնակարանին մէջ տեղի ունեցաւ հանգուցեալ Զաւէն Գույումճեանի յիշատակին նուիրուած հոգեճաշ, որուն ընթացքին հանգուցեալին դասընկերը` Պէյրութի Նշան Փալանճեան ճեմարանէն տոքթ. Մհեր Պապեան (1965-ի շրջանաւարտ) ներկաներուն եւ ընտանեկան պարագաներուն յայտարարեց, թէ Զաւէն Գույումճեանի յիշատակին հաստատուած է ուսողութեան կրթանպաստ մը, որ ամէն տարի պիտի յանձնուի Ճեմարանի շրջանաւարտներուն մէջ ուսողութեան դասանիւթի լաւագոյն աշակերտին:
Զաւէն Գույումճեանի խումբ մը դասընկերներուն նախաձեռնութեամբ իրականացած այս կրթանպաստին նպատակն է վառ պահել ուսողութեան մէջ իւրայատուկ աշխատասիրութիւն ցուցաբերած իրենց դասընկերոջ յիշատակը:
Սլովաքիա
Հայկական Խաչքարի Օծում
Յունուար 31-ին Սլովաքիոյ Քոշիցէ քաղաքի Սուրբ Ենա Միլոստիւի ուղղափառ տաճարին մէջ, Չեխիոյ եւ Սլովաքիոյ ուղղափառ եկեղեցւոյ արքեպիսկոպոս Ռաստիսլաւ եւ Միխայելովիցէի ու Քոշիցէի արքեպիսկոպոս Եուրա Ստրանսքի մատուցեցին Ս. պատարագ` ի յիշատակ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն:
Աւարտին տեղի ունեցաւ եկեղեցւոյ բակին մէջ տեղադրուած Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած հայկական խաչքարի օծման կարգը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Չեխիոյ եւ Սլովաքիոյ ուղղափառ եկեղեցւոյ արքեպիսկոպոս Ռաստիսլաւ, Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի ներկայացուցիչ Անուշաւան եպս. Ժամկոչեան, Կեդրոնական Եւրոպայի եւ սկանտինաւեան երկիրներու հայրապետական պատուիրակ Տիրան վրդ. Պետրոսեան, Հունգարիոյ, Չեխիոյ եւ Սլովաքիոյ հոգեւոր հովիւ Բարսեղ վրդ. Փիլաւճեան: Պաշտօնական հրաւէրով ձեռնարկին ներկայ էր նաեւ Չեխիոյ եւ Սլովաքիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Տիգրան Սէյրանեան: