Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Դաշնակցութեան 125-Ամեակի Տօնակատարութիւն Քեմպրիճի Մէջ

$
0
0
Tsoler_012416

Ցոլեր Մկրտիչեան

mano_012416

Մանօ Անսուրեան

Կիրակի, 24 յունուարին Քեմպրիճի Հայ կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Դաշնակցութեան 125-րդ տարեդարձի տօնակատարութիւն, որուն բացումը կատարուեցաւ «Մեր հայրենիք» քայլերգով, ապա ՀՄԸՄ-ի Քեմպրիճի սկաուտները դրօշակներով մտան սրահ, իսկ ՀՅԴ «Արամ Մանուկեան» մասնաճիւղի անդամները ՀՅԴ-ի հիմնադիրներուն նկարները եւ զինանշանը զետեղեցին բեմին վրայ:

ՀՅԴ «Արամ-Դրօ» կոմիտէի ներկայացուցիչ Մանօ Անսուրեան հակիրճ կերպով ներկայացուց Դաշնակցութեան պատմութիւնը այդ շրջանին մէջ, ուր անիկա սկսած է գործել 1907-էն սկսեալ: Օրուան հանդիսավար Ցոլեր Մկրտիչեան բարի գալուստ մաղթեց պաշտօնական հիւրերուն, պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներուն եւ շուրջ 250 ներկաներուն:

Բացման խօսքէն ետք ՀՅԴ «Արամ Մանուկեան» Երիտասարդաց միութիւնը ցուցադրեց տեսերիզ մը, որ կ’անդրադառնար 125 տարիներու ընթացքին շարք մը դաշնակցական հերոսներու կեանքին, անկէ ետք Մանէ Գարաեագուպեան արտասանեց Ե. Չարենցի «Գովք Հայաստանին», ապա Կարինէ Գարաեագուպեան ջութակով նուագեց 2 կտոր Կոմիտասէն:

Hagop-Der-Khatchadourian_012416

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան

Օրուան պատգամը փոխանցեց Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, որ Դաշնակցութեան գործունէութիւնը իր հիմնադրութենէն` 1890-էն մինչեւ օրս ներկայացուց շրջաններով եւ հանգրուաններով: Ան հաստատեց, որ Հայաստանի երկրորդ անկախացումէն ետք Դաշնակցութիւնը դարձեալ հայրենիքին մէջ է եւ կը գործէ ամէնուրեք` միջազգայնացնելով Հայ դատը, միացեալ ազատ եւ անկախ Հայաստանի հեռանկարով: Պատգամէն ետք Համօ Արզումանեան կիթառի նուագակցութեամբ երգեց «Ախպերս ու ես» եւ «Հայ հերոսներու երգը», իսկ Ալիս Պչագճեան երգեց «Հզօր Հայաստան»-ն ու «Լեռներ հայրենի»-ն:

Պաշտօնական յայտագիրը վերջ գտաւ ներկաներուն մասնակցութեամբ «Մշակ Բանուոր» քայլերգի կատարողութեամբ, որմէ ետք սրբազան հայրը կատարեց սեղաններու օրհնութիւնը: Խրախճանքին Զարեհ Քենտրճեան ազգային եւ յեղափոխական երգերով խանդավառեց երեկոն:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>