Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

«Պեռնարտա Ալպայի Տունը» Ներկայացման Ճիշդ Հասցէատէրը Աւագ Տարիքի Հանդիսատեսն Է» Կ՛ըսէ Բեմադրիչ Ռոպերթ Առաքելեան

$
0
0

IMG_8224Ուրբաթ 19 եւ շաբաթ 20 փետրուարին «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ «Արեգ»-ի աւագ սերունդէն անդամներ լիբանանահայութեան պիտի ներկայացնեն Ֆետերիքօ Կարսիա Լորքայի «Պեռնարտա Ալպայի տունը» երկու արարով թատերախաղը` գեղարուեստական ղեկավարութեամբ եւ բեմադրութեամբ Ռոպերթ Առաքելեանի:

Այս մասին յաւելեալ տեղեկութիւն ունենալու նպատակով «Ազդակ» հետեւեալ հարցազրոյցը կատարեց Ռոպերթ Առաքելեանին հետ:

«ԱԶԴԱԿ».- Նախ ներկայացնենք Ֆետերիքօ Կարսիա Լորքան:

ՌՈՊԵՐԹ ԱՌԱՔԵԼԵԱՆ.- Թատերագիր, բեմադրիչ եւ բանաստեղծ, համամարդկային սիրոյ եւ ազատութեան երգիչ Կարսիա Լորքա ծնած է 1898-ին, Սպանիա: Ապրելով ընդամէնը 38 տարի` Լորքա ստեղծած է թատրերգութիւններու եւ բանաստեղծութիւններու իսկական գլուխ գործոցներ:

Լորքա կը դատապարտէր դրամի ապականիչ ուժը թատրոնի վրայ եւ կը ձգտէր ստեղծել նոր` ժողովրդավար ուղղուածութեան թատրոն:

Գրողին կարծիքով, նիւթապաշտ հանրութիւնը կը խեղաթիւրէ մարդուն էութիւնը եւ բնութեան օրէնքները: Ըստ Լորքայի մարդասիրական ըմբռնումներուն, անձը պարտաւոր է հետեւիլ բանական եւ բնական օրէնքներուն:

Մարդկային ազատութիւնը Լորքային համար ամէն բանէ վեր է:

Լորքայի թատրերգութիւնները լրջօրէն նպաստած են սպանական ազգային եւ համամարդկային թատրոնի զարգացման:

«Ա.».- Ճի՞շդ է արդեօք, որ Լորքային սպաննած են իր ազատատենչ գաղափարներուն համար:

Ռ. Ա.- Լորքայի մահուան իսկական պատճառը վաղեմի թշնամանքը եղած է բանաստեղծի ընտանիքին եւ անոր ազգական Ալպա ընտանիքին միջեւ: Ալպաները խիստ վիրաւորուած էին Լորքայի գլուխ գործոց «Պեռնարտա Ալպայի տունը» թատրերգութեան պատճառով` անտալուսեան բռնակալ մայրիշխանի պատմութիւնը ընկալելով որպէս յարձակում անձամբ իրենց դէմ: Ալպաները մոլի ֆրանքոյականներ ըլլալով` իր ազատատենչ գաղափարներու եւ քաղաքական հայեացքներու համար առանց դատ ու դատաստանի գնդակահարած են Լորքան: Ֆետերիքօ Կարսիա Լորքա, որպէս հեղինակ, արգիլուած էր զօրավար Ֆրանքոյի իշխանութեան 36 տարիներուն ընթացքին: Միայն բռնապետին մահէն ետք, 1975-ին սկսան պարզաբանել, թէ ի՛նչ կատարուած է 1936-ի օգոստոս 19-ին` արդարացնելով հանճարեղ գրողը:

«Ա.».- Ինչո՞ւ յատկապէս` Լորքայի «Պեռնարտա Ալպայի տունը» թատերախաղը եւ ի՞նչ նորութիւն պիտի բերէ այդ ներկայացումը մեր թատերական կեանքին մէջ:

Ռ. Ա.- «Պեռնարտա Ալպայի տունը» թարգմանուած ըլլալով բազմաթիւ լեզուներով` մինչեւ օրս կը զարդարէ աշխարհի առաջնակարգ թատրոններու խաղացանկը:

Հայկական բեմին վրայ այդ թատերախաղը պարբերաբար ներկայացուած է տարբեր սերունդներու կողմէ: Վերջին անգամ անիկա ներկայացուած է Երեւանի Գ. Սունդուկեանի անուան թատրոնին մէջ, ուր Պեռնարտայի դերով հանդէս եկած է անուանի դերասանուհի Վարդուհի Վարդերեսեանը: Արուեստի մէջ ժամանակը կը թելադրէ նոր պահանջներ: Այդ պահանջներու հրամայականով աւագ արեգականները պէտք է ստեղծէին երիտասարդական նոր թատերախումբ մը, որ պիտի հանդիսանար «Արեգի» եւ «Գ. Իփէկեանի» կապող օղակը` իրեն հետ բերելով նոր շունչ, նոր գեղագիտութիւն, նոր եռանդ ու նոր ոգեշնչում:

Ի տարբերութիւն միջազգային մրցոյթներու դափնեկիր «Արեգ» թատերախումբի նախորդ տարիներու մանկական բեմադրութիւններու, առաջին անգամ ըլլալով, այս ներկայացման ճիշդ հասցէատէրը աւագ տարիքի հանդիսատեսն է:

Մեկնելով ներկայացման հեռանկարի ակնյայտ յաջողութենէն` վստահաբար կրնանք ըսել, որ 2016-ի փետրուար 19-ին սկսող ելոյթները պիտի ըլլան  թատերական այն մեծ իրադարձութիւնը, ինչին կը սպասէ մեր թատերասէր հանրութիւնը:

«Ա.».- Ինչի՞ մասին է թատերախաղը:

Ռ. Ա.- Թատերախաղին մէջ արծարծուած թեմաները բազմազան են, որոնցմէ մէկը հասարակութիւն – անհատ հարցն է, կեանքի կարծրացած, չգրուած օրէնքներուն եւ այդ օրէնքներու դատին ենթակայ բեկուած ճակատագիրները: Թատերախաղի բոլոր կերպարները այդ դատի զոհերն են, որոնք կ՛ապրին այն միջավայրին մէջ, ուր գիւղացիները կը պատրաստուին սպաննել իր ապօրինի նորածինը իր իսկ ձեռքերով խեղդած երիտասարդ մայրը:

Գլխաւոր հարցը պայքարն է սիրոյ եւ ազատութեան համար: Թատերախաղի հերոսուհիները կը պայքարին իրենց երջանկութեան համար, կնոջ ի վերուստ սահմանուած դերակատարման գիտակցումով եւ ատկէ բխող կեանքի բնական սպասումներով:

Թատերախաղի աւարտին հերոսուհին` Ատելան, յանուն սիրած տղամարդու, անձնասպան կ՛ըլլայ, սակայն ողբերգական աւարտը արուեստի ապրեցնող ուժի շնորհիւ` հանդիսատեսի մէջ չի սպաններ լաւատեսութիւնը աշխարհի ու մարդոց հանդէպ:

«Ա.».- Ի՞նչ չափանիշներով կատարած էք նիւթին ընտրութիւնը:

Ռ. Ա.- Նիւթի ընտրութեան պարագային կարեւորագոյնը ըսելիքն է, այն գաղափարը, պատգամը, որ անհրաժեշտ է փոխանցել հանդիսատեսին` նկատի առնելով ժամանակաշրջանը, միջավայրը, հանդիսատեսին գեղագիտական ընկալումները, դերասանական կարողութիւնները, նիւթական միջոցները եւ այլն: Կ՛առաջնորդուինք ժամանակէն մէկ քայլ առաջ գտնուելու սկզբունքով:

Համաշխարհային դասական հեղինակ Կ. Լորքայի «Պեռնարտա Ալպայի տունը» լիովին կը տեղաւորուէր վերոյիշեալ չափանիշներուն մէջ:

«Ա.».- Ի՞նչ հիմնական դժուարութիւններու հանդիպեցաք նման պատասխանատու աշխատանքի մը իրագործման ընթացքին:

Ռ. Ա.- Բեմադրութիւն մը արդէն իսկ կ՛ենթադրէ դժուարութիւններու անվերջանալի շղթայ մը: Շարունակ խոչընդոտներ են ստեղծագործական եւ կազմակերպչական ճակատներու վրայ: Հարկաւոր է շատ սիրել աշխատանքը, որպէսզի յանուն այդ սիրոյ` կարողանաս տոկալ ու յաղթահարել բոլոր դժուարութիւնները:

Աշխարհի ամենաբարդ երեւոյթը մարդն է, ուրեմն մեր հիմնական աշխատանքը դերասանին հետն է, անոր բեմական շարժման, խօսքի, դիմախաղի, յուզական ներաշխարհի հետ: Մենք նոր կերպարներ կը կերտենք, որոնց փոխյարաբերութիւններուն շնորհիւ կ՛իրագործուի հեղինակին առաջարկած աշխարհը այնքան անկեղծ ու հարազատ, որ նախքան բեմայարդարման, երաժշտութեան, լոյսի, տարազներու, դիմայարդարման ու այլազան առարկաներու ամբողջացումը միայն դերասանական խաղով ստեղծուի նոր ու զարմանահրաշ աշխարհ մը, մերը, անկրկնելին…

«Ա.».- Ուրիշ կերպ կարելի՞ է:

Ռ. Ա.- Շատեր ժամանակ չեն կորսնցներ աշխատելու դերասանի խօսքին եւ խաղին վրայ եւ թեքնիք հնարքներով կը փորձեն շլացնել հանդիսատեսը:

«Ա.».- Կը յաջողի՞ն:

Ռ. Ա.- Այդ վայրկեանին` թերեւս, սակայն յաջորդ օրը հանդիսատեսը ոչինչ կը յիշէ ներկայացումէն, մինչդեռ դերասանական խաղէն ստացած տպաւորութիւնն է, որ ցկեանս կը մնայ հանդիսատեսի յիշողութեան մէջ: «Արեգի» դերասանները գիտեն բեմական խօսքի արժէքը, գիտեն, որ անիկա կը կառուցուի յուզական եւ տրամաբանական շեշտերու, արագութեան, դադարներու եւ մեղեդիի կշռոյթով, գիտեն նաեւ բեմական շարժման, դիմախաղի, իւրաքանչիւր կեցուածքի իմաստն ու լեզուն, կերպարներու հոգիները թափանցելու ուղին եւ այդ հոգիները բեմէն մատուցելու կերպը:

«Ա.».- Ովքե՞ր են դերակատարները եւ քուլիսի ետին աշխատողները:

Ռ. Ա.- Մարդկային բարդ հոգեվիճակները ներկայացնելու պատասխանատուութիւնը դրած ենք «Արեգի» աւագ սերունդի դերասաններու ուսերուն: Դերաբաշխումը կատարած ենք ըստ դերասանական տեսակի, սեռի, տարիքի, հասակի, արտաքին եւ ձայնային տուեալներու…

DSC_6500

Թատերախաղի բարդ ու հակասական ինը կերպարները կը մարմնաւորեն` Փաթիլ Մկրտիչեան, Բալիկ Հաբոյեան, Շուշի Գոճայեան, Լիլիթ Յովհաննէսեան, Մարգարիտա Միքայէլեան, Լիլիթ Գոյումճեան, Բալիկ Թէքելեան, Պեթի Սուլեան, Անժելինա Սարգիսեան եւ Էմմա Քէշիշեան: Իրենց դերերէն զատ աղջիկները կը կատարեն քուլիսային այլազան աշխատանքներ:

Նարեկ Առաքելեան տեքորի եւ երաժշտական ձեւաւորման հեղինակն է:

Սէրուժ Յովսէփեանը ստանձնած է բեմադրիչի օգնականի եւ ձայնասփռումի պատասխանատուութիւնը: Որմազդի հեղինակը Կարօ Ուրֆալեանն է, իսկ տարազները իրագործած է անուանի ոճաբան Սարգիս Ասատուրեան:

Աշխատանքները տակաւին ընթացքի մէջ են, եւ մեզի կը միանան այլ օգնող ձեռքեր:

«Ա.».- Ուրկէ՞ կը սնանին արուեստագէտի երեւակայութիւնն ու ոգեշնչումը:

Ռ. Ա.- Որքան հարուստ են կեանքին եւ գեղարուեստական ստեղծագործութիւններէն ստացած տպաւորութիւնները, այնքան հարուստ են արուեստագէտի ոգեշնչման պաշարները:

«Ա.».- Դուք շուրջ 25 տարի լիբանանեան բեմին վրայ էք` 145 բեմադրութիւններով, ապա թատերական մանկավարժութիւն, այլազան թատերախումբեր, հիւրախաղեր…

Ուրկէ՞ կը սնանի այդ անսահման սպառումը եւ ո՞րն է նոր բան ստեղծելու գաղտնիքը:

Ռ. Ա.- Ես ծնած եմ չքնաղ Լոռիի Դսեղ գիւղը, ապա երկու տարի խորհրդային բանակ Սիպիրի մէջ, Վանաձորի քիմիական գործարան, Երեւան` թատերական ասպարէզ, Այնճար, Պէյրութ…

Այս բոլորին մէջ կրնա՞ք երեւակայել, թէ ի՛նչ պայքարներ կան ապրելու, ստեղծագործելու, արարելու առումով. յեղափոխութիւն, երկրաշարժ, պատերազմ, արտագաղթ… Անսահման հակասութիւններ` տարբեր հասարակարգերու, տարբեր մշակոյթներու եւ մտածելակերպի առումով, անթիւ առնչութիւններ` տարբեր հանճարներու եւ ապաշնորհներու հետ…

Կ՛ըսեն` այդ բոլորին հետ հարկաւոր է պահպանել լաւատեսութիւնը, ըլլալ մարդասէր, ազգասէր ու հայրենասէր, ճշդապահ ու բծախնդիր, ունենալ տաղանդ, աշխատելու տոկունութիւն եւ նպատակին հասնելու կամք: Ամենակարեւորը` ունենալ ճակատագրի բարեհաճութիւն եւ երբեք չկորսնցնել սեփական դէմքը:

Եթէ արուեստագէտը մշտապէս պատերազմի մէջ չըլլայ ինքն իր դէմ, կեանքի եւ աշխարհի դէմ, երկրի ծուռ առանցքին դէմ, ապա չի կրնար փոխել, արարել, նոր բան ստեղծել:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>