ՆՈՐԱՅՐ ԲԱԳԼԱՅԵԱՆ
Մայքը եւ ես անծանօթներ էինք: Մեր առաջին հանդիպումը տեղի ունեցաւ 1986-ին, Պուրճ Համուտի մէջ: Երբ մեր հանդիպումները օրական կրկնուեցան, ինքնաբերաբար վերածուեցաւ բարեւի ետքէն խօսակցութեան, եւ դարձանք մտերիմներ: Մեր նիւթերուն մեծամասնութիւնը կրօնքն էր, եւ կը պատահէր, որ շատ մը կիրակիներ միասին եկեղեցի յաճախէինք:
Մայքը իր երիտասարդութեան ենթարկուած է ինքնաշարժի ծանր արկածի մը, որուն իբրեւ հետեւանք կը կաղար ու կը թոթովէր, բայց միշտ փառք կու տար, որ Աստուած զինք փրկած էր հրաշքով ու կազմած է ընտանեկան բոյն` ունենալով հաւատարիմ կին մը եւ 2 զաւակներ` 1 դուստր, 1 որդի, ուստի երջանիկ էր: Աստուածաշունչին մէջ գրուած է, թէ Աստուած հաւատացեալը կը փորձէ. այդպէս պատահեցաւ Մայքին: Սկիզբը զրկուեցաւ աչքի լոյսէն, սակայն կը շարունակէր փառք տալ, ապա տեսողութենէ զրկուած ըլլալու պատճառով փորձանքով մը զրկուեցաւ քալելէն, բայց ամէն այցելութեան փառք կու տար: Կը հիանայի իր հաւատքին: Օր մըն ալ լսեցի, որ 21 տարեկան զաւակը անակնկալօրէն մահացած էր: Այսպէս գրեթէ տասնեակ տարի մը այդպէս ապրեցաւ Մայք` թէ՛ անդամալոյծ, թէ՛ աչազուրկ, թէ՛ երիտասարդ զաւկէ զուրկ, նաեւ` մարմնային անտանելի ցաւերով:
Մեր վերջին հանդիպումը եղաւ 1 յունուար 2016-ին: Անկարող էր նոյնիսկ խօսելու, երբ ձայնս լսեց իր ծանր ցաւերուն մէջ ջանք թափեց արտայայտուելու եւ վերջին խօսքը եղաւ. «Ասոր ալ փառք, Նորա՛յր»:
Հին կտակարանին մէջ կը կարդանք Հայր Աբրահամի փորձութեան մասին: Աստուած հայր Աբրահամէն ուզեց իր սիրած զաւակը զոհել իրեն համար, եւ հայր Աբրահամ պատրաստուեցաւ զոհելու: Աստուած հաւատարմութիւնը տեսնելով` գթաց եւ զաւակը թողուց, որ ապրի հօրը հետ: Բայց Աստուած Մայքը զրկեց թէ՛ առողջութենէն, եւ թէ 1 հատիկ մանչէն: Բայց եւ այնպէս Մայք կը շարունակէր գոհունակութեամբ փառք տալ Աստուծոյ մինչեւ իր կեանքին վերջին օրն ու վերջին շունչը:
Սիրելի՛ Մայք, քու կեանքդ պէտք է օրինակ դառնայ խրճիթներու մէջ բնակողներէն մինչեւ պալատներու մէջ ապրողներուն, նոյնիսկ կրօնական հաստատութիւններուն մէջ գտնուողներուն: Աստուածը սիրեցիր ու պաշտեցիր, ցաւերուդ մէջ չշեղեցար հաւատքէդ, մնացիր հաւատարիմ կրօնքիդ` հաւատալով, որ դրախտին արժանանալու միակ միջոցն այս է: