Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Հայոց Ցեղասպանութեան Վերաբերող Վէպերու Ցանկը Հարստացաւ Փաուլօ Գազազեանի «Պոլսոյ Անգղերը» Հատորով

$
0
0

ՌՈՒԲԻՆԱ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ

12107182_1071688862871029_7403643684909929331_n

Հակառակ անոր որ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերող վէպերը թիւով շատ են, սակայն անոնցմէ իւրաքանչիւրը ունի իր յատկանշական գիծը, որ զինք կը զանազանէ մնացեալներէն:

36016557les-vautoursՓաուլօ Գազազեանի «Պոլսոյ անգղերը» վէպին պարագային, պատմութեան գերակշռող ներկայութիւնն է, որ զայն կը զատորոշէ Հայոց ցեղասպանութիւնը իբրեւ հիմնական առանցք ունեցող այլ վէպերէ: «Սալոն տիւ լիվր ֆրանքոֆոն»-ի նախաձեռնութիւններուն ծիրին մէջ, «Ա. Համաշխարհային պատերազմի դժբախտութիւնները» նիւթով կլոր սեղանին ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ 30 հոկտեմբերին Պիէլի մէջ, Փաուլօ Գազազեան իր խօսքին մէջ նշեց, թէ հիմնական նպատակը, որ կը հետապնդէր այս գիրքի հրատարակութեան ընդմէջէն, նախ հայ, ապա նաեւ ֆրանսախօս ընթերցողը քաջածանօթ դարձնել է «Հայոց ցեղասպանութեան պատմութեան»: Ան այս եզրերով կ՛անդրադառնայ 1890-ական թուականներէն մինչեւ 1920-ական թուականներուն համաշխարհային քաղաքական եւ դիւանագիտական իրավիճակին, Օսմանեան կայսրութեան այլ պետութիւններու, յատկապէս Գերմանիոյ հետ, յարաբերութիւններուն եւ անոնց հոլովոյթին: Գազազեան նաեւ կ՛անդրադառնայ հայերէն բացի փոքրամասնութիւն կազմող ազգութիւններուն եւ անոնց կեանքի պայմաններուն` Օսմանեան կայսրութեան մէջ, եւ վերջապէս գերմանացի, ամերիկացի, ռուս, նոյնիսկ շուէտացի եւ եգիպտացի դէմքերուն,  որոնք իրենց համապատասխան, սակայն անհերքելի դերը խաղացած են Հայոց ցեղասպանութեան պատմութեան մէջ:

Վերոյիշեալ կլոր սեղանին ընթացքին, ինչպէս նաեւ աւելի ուշ զրոյցի մը ատեն, Գազազեան փափաք յայտնեց, որ հայոց պատմութեան դպրոցական գիրքերուն մէջ «Հայոց ցեղասպանութեան պատմութիւն» խորագիրին տակ մանրամասնուին վերոյիշեալ դէպքերը եւ դէմքերը, ինչպէս ինք ըրած է «Պոլսոյ անգղերը» պատմական վէպին մէջ,  որովհետեւ, ըստ գրողին, անընդունելի է չճանչնալ պատմական բնոյթ ունեցող մանրամասնութիւններ, որոնք ուղղակիօրէն կամ անուղղակիօրէն դերակատար եղած են հայ ազգի պատմութեան եւ ճակատագիրին մէջ, ինչպէս նաեւ կարելի չէ մասնակի գիտութեամբ եւ գիտակցութեամբ Հայ դատը պաշտպանել: Արդարեւ, կողմնակալութենէն խուսափելու համար Գազազեան պատրաստած է 2000 էջերու վրայ երկարող վաւերագրական փաստաթուղթ մը, զոր հետագային ամփոփած է մօտաւորապէս 600 էջերու մէջ: «Պոլսոյ անգղերը» պատմական վէպին կառոյցը եւ Գազազեանի ոճը յստակօրէն կը ցոլացնեն գրողին գիտական եւ առարկայական մօտեցումն ու մտածելակերպը: Զրոյցին ընթացքին ան հաստատեց, որ յատուկ սէր ունի պատմութեան հանդէպ եւ այս գիրքին հրատարակութեամբ  կը փորձէ վէպ մը յառաջ բերելու մարտահրաւէրը յաղթահարել: Գազազեան նաեւ յայտնեց, թէ այս պատմական փաստաթուղթը վերածած է պատմական վէպի` գիրքը աւելի եւս հետաքրքրական դարձնելու համար երիտասարդ ընթերցողներուն: Այսպէս, ան հիւսած է Ահարոնեան ընտանիքին պատմութիւնը, որուն հերոսուհին երիտասարդ Կարինէն է:

Աջէն ձախ՝Փաուլօ Գազազեան, կլոր սեղանը վարող Քրիսթիան Թաութըլ եւ Ռամզի Սալամէ

Աջէն ձախ՝ Փաուլօ Գազազեան, կլոր սեղանը վարող Քրիսթիան Թաութըլ եւ Ռամզի Սալամէ

Ան իր ամբողջ ընտանիքի անդամները կորսնցնելէ ետք Ցեղասպանութեան ճակատագրական հարուածներուն իբրեւ հետեւանք, կը յանգի գերմանացի գնդապետ Հանս Գրուկըրի ճամբուն վրայ… Այս պատմական վէպին մէջ ձուլուած են իսկական եւ երեւակայական անձնաւորութիւններ, որոնցմէ երկուքը խորապէս տպաւորած են գրողը. առաջինը` Օթօ Լիման Վան Սանտըրզը, օսմանեան զօրքի 5-րդ ենթաբաժանումի հրամանատարը եւ կայսրութեան մօտ Գերմանիոյ զինուորական պատգամաւորութեան ղեկավարը, որ զուտ դիւանագիտական եւ ռազմավարական մտահոգութեամբ Գերմանիոյ դեսպանին` Վանկընհայմին ուշադրութեան կը յանձնէր օսմանեան պետութեան վերաբերմունքը հայ փոքրամասնութեան նկատմամբ: Հետագային Վան Սանտըրզ հրամանատարը ի նպաստ Սողոմոն Թեհլիրեանին արտայայտուած է այս վերջինին դատավարութեան ընթացքին, երբ ան 1921-ին Պերլինի մէջ ահաբեկեց Թալէաթը: Իսկ երկրորդ տիպարը Եոհաննէս Լեփսիուսն է` Օսմանեան կայսրութեան մէջ Կարմիր խաչի տնօրէնը, որ անխոնջ կերպով տեղեկագիրներ կ՛ուղարկէր Գերմանիոյ դեսպանատուն, ինչպէս նաեւ յօդուածներ կը շարադրէր` վեր առնելով «Հայկական հարց»-ը, որպէսզի անոնք գերմանական թերթերու մէջ լոյս տեսնեն: Հակառակ անոր որ Լեփսիուսի տեղեկագիրները եւ յօդուածները շատ յաճախ տեղ չէին հասներ եւ իրենց նպատակին չէին ծառայեր, մարդասէր գործիչը երբեք չէ յուսահատած: Ըստ Փաուլօ Գազազեանին, հայ երիտասարդը պէտք է ճանչնայ այսպիսի դէմքեր եւ լաւատեղեակ ըլլայ բոլոր այս մանրամասնութիւններէն, որոնցմէ իւրաքանչիւրը իր տեղը ունի «Հայոց ցեղասպանութեան պատմութեան» մէջ: «Պոլսոյ անգղերը» պատմական վէպը, որ Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առթիւ լոյս տեսած է «Սայըր ալ մաշրըք» հրատարակչատան կողմէ, վաւերագրական կարեւոր յղում մը կը հանդիսանայ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերող վէպերու ցանկին մէջ:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>