ՌՈՊԵՐԹ ԱՌԱՔԵԼԵԱՆ
Թատերագիր, բեմադրիչ, բանաստեղծ, համամարդկային սիրոյ եւ ազատութեան երգիչ Կարսիա Լորքա, ծնած` Սպանիա, 1898-ին, թատերական աշխարհին յայտնի է «Արիւնոտ հարսանիք», «Մարիանա Պենեթա», «Երմա», «Տոնիա Ռոսիթա» եւ բազմաթիւ այլ թատրերգութիւններով:
Ըստ Լորքայի մարդասիրական ըմբռնումներուն, անձը պարտաւոր է հետեւիլ բանական եւ բնական օրէնքներուն:
Մարդկային ազատութիւնը Լորքային համար ամէն բանէ վեր է: Լորքայի թատրերգութիւնները լրջօրէն խթանած են սպանական ազգային եւ համամարդկային թատրոնի զարգացումը: Իր ազատատենչ գաղափարներուն եւ քաղաքական հայեացքներուն համար ֆրանքոյականները 1936-ին, առանց դատ ու դատաստանի, գնդակահարած են Լորքան:
Լորքայի ստեղծագործութիւնները զօր. Ֆրանքոյի իշխանութեան 36 տարիներու ընթացքին արգիլուած էին Սպանիոյ մէջ: Միայն բռնապետի մահէն ետք` 1975-ին սկսան արդարացնել հանճարեղ գրողը:
«Պեռնարտա Ալպայի տունը» թարգմանուած ըլլալով բազմաթիւ լեզուներով` մինչեւ օրս կը զարդարէ աշխարհի առաջնակարգ թատրոններու խաղացանկը:
Թատերախաղին մէջ արծարծուած թեմաները բազմազան են, որոնցմէ մէկը հասարակութիւն-անհատ հարցն է, կեանքի կարծրացած, չգրուած օրէնքներուն եւ այդ օրէնքներու դատին ենթակայ, բեկուած ճակատագիրները: Թատերախաղի բոլոր կերպարները այդ դատին զոհերն են, որոնք կ՛ապրին այն միջավայրին մէջ, ուր գիւղացիները կը պատրաստուին սպաննել իր ապօրինի նորածինը խեղդած երիտասարդ մայրը, սակայն թատերախաղին գերխնդիրը պայքարն է սիրոյ եւ ազատութեան բնական իրաւունքի համար:
Թատերախաղին թեման մարդկային իրաւունքներու սահմանափակման դէմ է, որ դրսեւորուած է մէկ ընտանիքի ներքին մթնոլորտի պարզ դիպաշարի մէջ. մեռած է ընտանիքին հայրը, եւ հասուն աղջիկները ութ տարի սուգ պիտի պահեն: Գնչու փեփեն այստեղ ազատութեան խորհրդանիշ է, որուն կը ձգտին բոլորը: Միջավայրը, ուր կը կատարուին դէպքերը, կը նմանի տարրալուծարանի, ուր փորձութեան կ՛ենթարկուին` մարդկային արժանապատուութիւնը, խիղճը, կամքն ու երազանքները:
Երբ աղջիկները կ՛ապստամբին բռնակալ մօր դէմ եւ կը փախչին դէպի ազատութիւն, Պեռնարտան կ՛ազդարարէ.
«Գացէ՛ք, աղաւնինե՛րս, սակայն ամէն տեղ նոյնն է, ո՞ւր պիտի փախչիք այս աշխարհէն: Այս կեանքը մեծ զնտան մըն է: Երբ ձեր ճերմակ ճախրանքը զարնուի այս զնտանի պատերուն, դուք թեւաբեկ կը վերադառնաք ձեր բոյնը, հասկցած, որ ազատութիւն կոչուածը միայն ձգտում մըն է…»:
Ապստամբները իսկապէս ալ կը վերադառնան գլխիկոր ու թեւաբեկ, գունաւոր երազները քարշ տալով իրենց ետեւէն: Թատերախաղի աւարտին Ատելան` հերոսուհին, յանուն սիրած տղամարդուն, անձնասպան կ՛ըլլայ, սակայն ողբերգական աւարտը արուեստի ապրեցնող ուժին շնորհիւ` հանդիսատեսին մէջ չի սպաններ լաւատեսութիւնը աշխարհի ու մարդոց հանդէպ:
«Պեռնարտա Ալպայի տունը» համայն մարդկութեան տունն է, որ երէկ, այսօր եւ միշտ տեղ կը գտնեն բռնութիւնն ու բիրտ ուժը. «Ի՞նչ ընել»:
Հայկական տարբեր թատերախումբեր յաճախ անդրադարձած են Լորքայի սոյն թատրերգութեան` շեշտելով իրենց ժամանակաշրջանի գեղագիտութիւնն ու խնդիրները:
Արուեստի մէջ ժամանակը միշտ կը թելադրէ նոր պահանջներ: Այդ պահանջներուն հրամայականով «Արեգ» թատերախումբի աւագ սերունդը նոր եռանդով, նոր ոգեշնչումով ու նոր գեղագիտութեամբ կու գայ ըսելու իր խօսքը, որուն առջեւ նոր հորիզոններ կան: