Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Բարոյական Յաղթանակներէն Անդին (Վարդանանքի 1565-Ամեակ)

$
0
0

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

538166

Վարդանանցի իմաստը այն է, որ պարսիկները մեր դարաւոր ազգային հաւատամքին, ինքնութեան, համոզումերուն եւ պայքարի համակարգը խախտել եւ բնաջնջել ուզեցին, եւ այդ պատճառով մենք ոտքի կանգնեցանք եւ դարձանք դրօշակ` յանուն ազգային հոգեւոր, կրթական, եւ մշակութային արժէքներու պաշտպանութեան:

ԿՈՄԻՏԱՍ ՎՐԴ. ՅՈՎՆԱՆԵԱՆ
(Հայրենի պատմագէտ եւ գիտահետազօտող կրօնաւոր)

Սրտացաւ ու հայրենապաշտ հայորդիներ  միահամուռ եւ առանց երկմտանքի տիւ եւ գիշեր կ՛արձագանգեն, թէ ահազանգող սփիւռքահայ կեանքին մէջ ու հայրենի երկնակամարին տակ ա՛լ ի՛նչ կը նշանակեն բարոյական յաղթանակները, երբ ազգը ճակատագրուած է դիմագրաւել համայնակուլ եւ հրաշածին թաքուն թէ բացայայտ պէս-պէս սադրանքներ:

Արդ, ո՞վ է մեզ թոյլ տուեր, որ մենք պարագաներու եւ պայմաններու  բերումով հեռու մնանք հազարամեակներու հնութեամբ կենսաշող ազգային շտեմարանի հարստութեան գիտակցութենէն:

Որո՞ւ հաշուոյն յաճախ մենք կ՛ուրանանք անցեալի մեր փառաւոր ու անկրկնելի քաղաքակրթական նուաճումներուն իսկութիւնը եւ անտարբերի պատմուճանը հանդերձած` կուլ կու տանք այսօրուան մեր ախտավարակ կեանքի դժբախտութիւնները:

Ինչո՞ւ հանապազօրեայ աղօթքի չենք վերածեր եւ նորահաս սերունդներու սեփականութիւնը չենք դարձներ աւելի քան հինգ հազարամեայ մեր նախնեաց հրաշափառ գիտական թէ մշակութային, հոգեւոր ու բարոյական արժէքներու հայեցակարգերը, որոնցմով մարդկութիւնն անգամ կը հպարտանայ եւ կը հրապուրուի:

Այլ խօսքով, հայոց պատմութեան դարաւոր անցեալի հետ մեր ներկայի հոգեմտաւոր կամրջումին մասին ինչպիսի՞ յանձնառութեամբ մեր պարտքը կը կատարենք: Եւ կամ ինչու պէտք է անյապաղ կատարե՛նք:

Մամիկոնեանք սերունդի 1565-ամեակն է:

Եթէ երբեք 451-ին Յազկերտներու Պարսկաստանը ուզեց իր քաղաքական ու զինուորական ուժով ծունկի բերել հայութիւնը` անոր պարտադրելով իր սեփական` զրադաշտական հաւատամքն ու կրօնը, հաւաքական ըմբռնումներն ու համոզումները, եթէ երբեք Սասանեան կայսրութիւնը իր երբեմնի համայնակուլ վարքագիծով փորձեց ծունկի բերել հայոց պետական աւագանին եւ իր հակակշիռին տակ առնել ամբողջ Հայաստանի ղեկավարումը, եթէ երբեք Տղմուտ գետի ափին թշնամի հզօր բանակը` ապաւինած իր փիղերուն, ամէն միջոցի դիմեց փշրելու հայ ժողովուրդի արիական ծագում ունեցող սիրտն ու կամքը, եթէ երբեք պատմակերտ դաշտին` Աւարայրի հողին վրայ հայոց թշնամի տիրակալ ուժը իր գերազանց առաւելութեամբ փորձ կատարեց ընկճելու ու բարոյալքելու հայոց հաւաքական գիտակցութեան եւ նուիրաբերումին ամէնէն թանկագին առանձնայատկութիւնը` ազգային արժանապատուութիւնը, ապա հայութիւնը ինչո՛ւ այսօր, իր կարգին կը տօնակատարէ  սրբազան իմաստ ու խորհուրդ զգեցող այս պատմակշիռ դրուագը, որուն անունով ենք ապրեր այսքան դարեր:

Արդարեւ, հայ ազգի հնութեան չափ գիր ու գրականութիւն ժառանգած ենք` նոյնինքն Վարդանանց հերոսամարտի փառքն ու բովանդակութիւնը յատկանշող, եւ սերունդներու սեփականութիւնն ենք դարձուցեր հայոց մարտունակութեան եւ քաջասրտութեան կերպարը մարմնաւորող սպարապետ Վարդանի բարեմասնութիւնը:

Փաստօրէն, Վարդանանք հերոսամարտը հայ ժողովուրդի ըմբոստի ու պահանջատէրի դարաւոր նկարագրային առանձնայատկութիւններուն ամէնէն պերճախօս վկայութիւնն է հանդիսացեր, եւ որուն արձագանգը հայութիւնը ինք ապացուցեց Արցախի հերոսական լեռներուն վրայ մարտնչելով զազիր թուրք-ազերիին դէմ:

Ո՛չ, ճիշդ չէ Վարդանանք սխրաքը եւ կամ թշնամիին դէմ սլանալու պատրաստակամութիւնը, անպայման յաղթելու վճռակամութիւնն ու ներքին համոզումը, նահատակութեան ծարաւն ու ազգային իւրայատուկ դիմագիծի պահպանումը առնչել լոկ քրիստոնէական հաւատքին ու ազգային կրօնական մօտեցումներու:

Եթէ երբեք հետագայ դարերու եւ ժամանակներու մեր բոլոր մատենագիրները, գրողները, բանաստեղծներն ու վիպագիրները շեշտը դրած են բարոյական յաղթանակին վրայ` քրիստոնէաւանդ հասկացողութիւններու եւ արժէքներու փառքը հիւսելով, ապա նաեւ` անոնց իւրաքանչիւրի հոգեմտաւոր ապրումներուն եւ զգացումներուն կիզակէտն է եղած Վարդանանք սերունդի ընդդիմանալու եւ թշնամիին դէմ կանգնելու ուժեղ հաւատամքն ու հաստատակամութիւնը, հակառակ այն իրողութեան որ ներհայկական կեանքի մէջ առկայ էին տարբեր մտածումի եւ քաղաքական կողմնորոշումի հաւատացող անձնաւորութիւններ:

Իսկ ինչպիսի՞ պատկեր կը կազմէ հայութեան այսօրն ու ապագան իր բազմաբնագաւառ արտայայտութիւններով:

Արդեօք հաւաքաբար գիտակից ե՞նք, թէ մերօրեայ կեանքին մէջ գոյութիւն ունին  հայանուն յազկերտներ, որոնք ո՛չ միայն թշնամի են հայութեան, այլ նաեւ կ՛ուզեն արմատախիլ ընել անցեալի ու ներկայի հետ առնչութիւն ունեցող հայ քաղաքակրթական ամէն նուաճում եւ հարստութիւն:

Արդեօք վերանկախ հայոց պետականութեան աւագանին իր քաղաքական մտքի հասունութեամբ արժեւորած, գնահատած եւ համապատասխան առաջադրանքներու մասին մտածած է՞, կը մտածէ՞, թէ համաշխարհային ներկայ քաղաքական ու տնտեսական համակարգի ամբողջ տեսադաշտին վրայ կը գործեն նորովի եւ աւելի գազանաբարոյ Սասանեան կայսրութիւններ, որոնք ամէն քայլափոխի կը նկրտին հաշուեյարդարի ենթարկել հայութեան մնացորդացը:

Աւելի՛ն. առհասարակ աշխարհատարած հայութիւնը իր բոլոր գոյներով եւ շերտերով, պատկառելի քաղաքական կարողականութեամբ, ծանրակշիռ դեր ունեցող տնտեսական կարելիութիւններով եւ հզօր ներուժով մասնակի՞ց է հայոց ազգային ծրագիրի  մշակումին, հաստատագրումին եւ կենսագործումին:

Վարդանանք սերունդի տղաքը` ատենի հայութեան ղեկավարները,   միթէ ազգային նմանատիպ ծրագիրներու ջահակիրները չհանդիսացա՞ն` ցոյց տալով հաւատամքի ու զօրութեան եզակի տիպականութիւն:

Ո՞ւր են մերօրեայ Վարդանանց հերոսամարտի այսօրուան ճակատամարտերը  յանուն հայրենիքի անվտանգ ու բարօր գոյառումին, յառաջդիմութեան եւ զարգացումին, հայրենապարպումի կասեցումին, հայահաւաքի ու հողահաւաքի իրաւ առաջադրանքներու ճառագայթումին, ապագայի մեր ընելիքներու յատակագիծերու ջրդեղումին եւ հետապնդումին:

Չափազանցութեան յանձնուած կ՛ըլլա՞նք, եթէ երբեք շեշտադրենք հաւաքական մեր կեանքի իւրաքանչիւր բնագաւառի ողբերգական ու  անըմբռնելի կացութիւնները, երբ այսօրուան ժամանակները մեզմէ կը պահանջեն առաւել լրջութիւն եւ խոհեմութիւն, կազմակերպուածութիւն եւ իրաւ աշխատանքի նախանձախնդրութիւն:

Որպէսզի նորահաս սերունդներու ազգային ինքնուորոյն դիմագիծի ամբողջական հասկացողութիւնները վառ պահենք, պարտաւոր ենք կառչիլ  արժէքներու Վարդանանք տեսակին եւ ատով ապահովել քաղաքակրթական մեր շտեմարանի շարունակականութիւնն ու ողջ էութիւնը:

Այս կը յուշէ պատմակերտ դրուագին 1565-ամեակը:

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Trending Articles