Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17090

Վարդանի Ճառը

$
0
0

Vartan1_020416

«Շատ պատերազմներ եմ մտած, դուք ալ ինծի հետ. տեղ կար, որ քաջութեամբ յաղթեցինք թշնամիներուն, տեղ ալ կար, անոնք մեզի յաղթեցին. բայց աւելի շատ յաղթած ենք, քան` յաղթուած: Ո՛վ որ կը փախչէր վատանուն կը համարուէր աշխարհի մէջ եւ անողորմ մահ կ՛ունենար. իսկ ո՛վ որ քաջութեամբ առաջ կ՛անցնէր, ազգի մէջ քաջի անուն կը ժառանգէր եւ անցաւոր ու մահկանացու թագաւորէն մեծամեծ պարգեւներ կը ստանար: Եւ ահա մենք` ինքներս, մեզմէ ամէն մէկը շատ վէրքեր ու սպիներ ունինք մեր մարմիններուն վրայ եւ շատ քաջութիւններ են եղած, որոնց համար մեծամեծ պարգեւներ ենք ստացած:

«Այժմ, կ՛աղաչեմ ձեզի, իմ քա՛ջ նիզակակիցներ, մանաւանդ որ ձեզմէ շատերը քաջութիւնով բարձր էք ինձմէ եւ հայրենական գահով ալ բարձր էք, բայց երբ ձեր յօժար կամքով ձեզի առաջնորդ եւ զօրագլուխ կարգեցիք զիս, թող ախորժելի ու բաղձալի թուին իմ խօսքերը մեծերուդ եւ փոքրերուդ ականջին: Չվախնանք, չխրտչինք հեթանոսներու բազմութիւններէն եւ ոչ ալ մահկանացու մարդու ահագին սուրի դէմ թիկունք դարձնենք, որպէսզի, եթէ Տէրը յաղթութիւնը մեզի թողու, սատկեցնենք անոնց զօրութիւնը եւ բարձրանայ ճշմարտութեան կողմը: Իսկ եթէ հասած է ժամանակը, այս պատերազմի մէջ սուրբ մահով վճարենք մեր կեանքը, ընդունինք ուրախ սրտով, միայն թէ մեր քաջութեան մէջ վատութիւն չխառնենք:

«Մանաւանդ չեմ մոռցած, թէ ինչպէս ես եւ ձեզմէ ոմանք ժամանակ մը խաբեցինք անօրէն իշխանին, ինչպէս անպիտան աղայի մը, երբ երեսանց կատարեցինք անոր ամբարիշտ կամքը. բայց ծածուկ, Տէրը ինքը վկայ է մեզի, թէ ինչպէս անբաժան էինք մնացած խորհուրդով: Դուք ինքներդ ալ գիտէք, թէ հնարք կը փնտռէինք ազատելու համար մեր սիրելիներուն կեանքը, որոնք մեծ նեղութեան մէջ էին, որպէսզի անոնց հետ միասին կռուէինք անօրէն իշխանի դէմ հայրենի աստուածատուր օրէնքներու համար: Եւ երբ չկրցանք անոնց օգնել` այժմ անկարելի բան է, որ մարմնաւոր սիրոյ համար Աստծուն փոխանակենք մարդոց հետ:

«Արդ, երկու երեք կռիւներու մէջ ինքը` Տէրը մեծ զօրութեամբ օգնեց մեզի, որով քաջի անուն ժառանգեցինք եւ արքունի զօրքը չարաչար ջարդեցինք, մոգերուն ալ անողորմ կերպով սատկեցուցինք եւ քանի մը տեղերէ կռապաշտութեան պղծութիւնը սրբեցինք, թագաւորին անօրէն հրամանը անարգեցինք, ծովուն խռովութիւնը իջեցուցինք, լեռնացած ալիքները դաշտացան, բարձրագէզ փրփուրները ոչնչացան, գազանացած կատաղութիւնները դադրեցան: Ան, որ ամպերու վրայէն կ՛որոտար, խեղճացած` սովորական բնութենէն ալ ցածցաւ, խօսելով մեզի հետ: Ան, որ բերանացի հրամանով իր չարութիւնը կը կատարէր սուրբ եկեղեցիի վրայ, այժմ աղեղով նիզակով ու սուրով կը կռուի: Ան, որ կը կարծէր, թէ մեր քրիստոնէութիւնը մեր հագած հագուստին պէս է, այժմ փոխել չի կրնար, ինչպէս` մեր մարմնի գոյնը եւ գուցէ չկարենայ ալ փոխել մինչեւ վերջ: Որովհետեւ անոր հիմքը ամուր կերպով անշարժ վէմի վրայ է դրուած, ոչ թէ միայն երկրի վրայ, այլեւ վերը, երկնքի մէջ, ուր ո՛չ անձրեւ կու գայ, ո՛չ քամի կը փչէ եւ ո՛չ ալ հեղեղ կը բարձրանայ:

«Վախը թերահաւատութեան նշան է. թերահաւատութիւնը մենք շատոնց հեռացուցած ենք մեզմէ, անոր հետ թող երկիւղն ալ փախչի մեր մտքերէն ու խորհուրդներէն»:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17090

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>