«Արմէնփրես» կը գրէ, որ քարիւղի գինի անկումէն տնտեսութիւնը կաթուածահար Ազրպէյճանի իշխանութիւնը, ինչպէս բազմաթիւ բնագաւառներու մէջ, ռազմական ոլորտին մէջ եւս կանգնած է շատ լուրջ խնդիրի առջեւ, ինչպէ՞ս դուրս գալ 10 ռազմական կառոյցներու մէջ ծառայող շուրջ 200 հազար զինուորներու, յատկապէս պաշտպանութէան նախարարութեան կազմին մէջ գտնուող զօրամիաւորումներու մէջ ծառայող 80 հազարէն աւելի զինուորներու եւ զինամիաւորներու ռազմա-սպառազինական ապահովման համակարգի ճգնաժամէն:
Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես-ը, ըստ «Խազար» ռազմական հետազօտութիւններու հիմնարկին, ճգնաժամէն նուազ կորուստներով դուրս գալու համար Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը որոշած է ջնջել կամ իրարու միացնել նախարարութեան կազմին վրայ գտնուող շարք մը ռազմական միաւորներ, նուազեցել զինուորներու աշխատավարձերը, սահմաններուն վրայ կրկնակի աշխատավարձով ծառայող հազարաւոր զինուորներուն տրուող աշխատավարձը նուազեցնել զօրանոցային մակարդակի, նուազեցնել հազարաւոր պայմանագրային զինուորներու աշխատավարձերը կամ ընդհանրապէս կրճատել անոնց պաշտօնները, ջնջել զինուորներու համար նախատեսուած լրացուցիչ (արձակուրդի, կենցաղային իրերու, 13-14 աշխատավարձերու, նիւթական օգնութեան եւ այլն) վճարումները , խիստ նուազեցնել ռազմափորձերու, մարտական-մարտավարական փորձերու թիւը, յետաձգել զինուորներու բնակարաններու շինարարութեան եւ վերանորոգման աշխատանքները, յետաձգել նոր զէնքեր, ռազմական սարքեր եւ սպառազինութիւն եւ այլն:
«Մէյտան Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայքը կը հաղորդէ, որ յիշեալ քայլերու գործադրութիւնը արդէն սկսած է, հազարաւոր զինուորներու աշխատավարձերը նուազած է, վճարումներուն մէջ լուրջ ընդմիջումներ ստեղծուած են եւ այլն:
Կայքը կը յայտնէ, որ Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան ղեկավարութիւնը կ՛աշխատի հասարակութենէն պահել կացութիւնը եւ լրատուամիջոցներուն կ՛արգիլէ այդ մասին յայտնել:
Ըստ կայքի, եթէ «հնարաւոր ելեւմտական տնտեսման» վերոնշեալ միջոցառումները կեանքի կոչուին, ապա Ազրպէյճանի զինեալ ուժերու մարտունակութիւնը պիտի նուազի, հասարակութեան մէջ բանակի հետ կապուած անորոշութիւն պիտի ստեղծուի, լրատուամիջոցներուն մէջ պիտի մեծնայ յանցագործութիւններու, զինուորներու մահերու եւ այլ ժխտական դէպքերու թիւը:
«Ազրպէյճանի բանակի ներկայ կառուցուածքը շատ ֆինանսներ պահանջող, սակայն այդ միջոցներուն համապատասխան մարտական պատրաստուածութիւն չունեցող բանակի կառուցուածք է: Բանակը կը հանդիսանայ ղեկավարութեան փտած նպատակներու իրականացման միջոց: Այստեղ միլիառներով ելեւմտական միջոցներ կ՛իւրացուին, եւ ոչ ոք կը պատժուի: Պաշտպանական ծախսերը կը գտնուին փտածութեան եւ կաշառակերութեան թիրախին մէջ: Հակառակ պարագային, հանրութիւնը պիտի տեղեկացուէր պաշտպանական պիւտճէի ծախսերու մանրամասութիւններուն, մեծ թիւով կասկածելի հարցերու մասին, ներառեալ հասարակութենէն զինուորներու մահուան դէպքերը չէին պահեր: Եթէ նախապէս պաշտպանական ծախսերը կը կազմէին 3 միլիառ տոլարէն աւելի, ապա այժմ ատիկաչի կազմեր նոյնիսկ 2 միլիառ տոլար: Փաստօրէն Ազպէյճանի պաշտպանական ծախսերը մանաթի արժէզրկումէն նուազագոյնը մէկ միլիառ տոլար կորսնցուցած է: Պաշտպանական ծախսերուն նուազագոյնը 50 առ հարիւրը կը նախատեսուէր արտասահմանէն ներածուող զէնքերու, ռազմական սարքերու, տարբեր սարքաւորումներու ձեռք բերման վրայ: Ներկայիս քարիւղի գինի անկման հետ կապուած նման նպատակներով վճարումներու համար պիւտճէին մէջ լուրջ ելեւմտական դժուարութիւն ստեղծուած է, եւ այդ իրավիճակը մինչեւ տարուան կէսը աւելի պիտի վատանայ: Ազրպէյճանի իշխանութիւնը կանգնած է հերթական լուրջ խնդիրի առջեւ: Սակայն այս անգամ խնդիրը միայն անոր խնդիրը չէ, որովհետեւ բանակը Ազրպէյճանի անվտանգութեան գլխաւոր պատասխանատու կառոյցն է», կը գրէ կայքը:
Ազրպէյճանական լրատուամիջոցներու համաձայն, Ազրպէյճանի 2016 թուականի պետական պիւտճէին մէջ պաշտպանական ոլորտի համար ծախսերը նախատեսուած է 1 միլիառ 837 միլիոն 237 հազար մանաթ, ինչ որ կը կազմէ ամբողջ պիւտճէական ծախսերու 12,6 առ հարիւրը:
2015 թուականի պետական պիւտճէին մէջ Ազրպէյճանի ռազմական ծախսերը նախատեսուած եղած են 3 միլիառ 783 միլիոն մանաթ, որ կը կազմէր 2015-ի պետական պիւտճէի 17,9 առ հարիւրը:
«Մինուալ.ազ» կայքը յայտնած է, որ այս տարուան 1 յունուարէն սկսեալ Ազրպէյճանի մէջ զինուորներուն աշխատավարձը արդէն 30-50 առ հարիւրով նուազեցուած է:
«Ազատլիկ.ինֆօ» կայքն ալ յայտնած է, որ Ազրպէյճանի 2016 թուականի պետական պիւտճէին մէջ այժմէն իսկ 1,3 միլիառ մանաթ լրացուցիչ բաց ստեղծուած է: