Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Քարիւղի Գինին Անկումը Կ՛ընկղմէ Ազրպէյճանի Տնտեսութիւնը

$
0
0

Baku-oil_020216

Կիւլնար Սալիմովա kyivpost.com կայքին վրայ տեղադրուած իր յօդուածին մէջ կը գրէ, որ Ազրպէյճանի մէջ խանութները մէկ առ մէկ կը փակուին, ապրանքներու գիները կը բարձրանան, ամսականներու վճարումը կ՛ուշանայ, եւ մարդիկ խուճապի մատնուած են:

Ազրպէյճանի ազգային դրամանիշը` մանաթը արագ կերպով կ՛արժեզրկուի: Կ՛արժեզրկուի նաեւ քարիւղը, որ Ազրպէյճանի արտածումներուն 94 առ հարիւրն է եւ պիւտճէին` 73 առ հարիւրը: Դրամանիշը տոլարին դիմաց իր արժէքին մեծամասնութիւնը կորսնցուց, երբ կառավարութիւնը երկրին օտար դրամանիշներու պահեստին կէսը սպառելէ ետք դադրեցաւ աջակցիլ մանաթին:

Սղաճին եւ ամսականներու վճարման ուշացումներուն դէմ բողոքի առաջին ցոյցերը տեղի ունեցան Լենքորան, Ակժապատը եւ Սիյազան քաղաքներուն մէջ: Երկրին բռնապետ նախագահ Իլհամ Ալիեւի կը թուի ժողովուրդը փրկելու ծրագիր մը չունենալ եւ կը միայն կ՛ըսէ,  թէ գիներու վերահսկողութիւն պիտի հաստատէ: Տնտեսագէտ Նաթի Ժաֆարլի ներկայ կացութեան դիմաց նախագահին վերաբերմունքը կոչեց խորհրդային վարչագիտութիւն»:

Ալիեւի մարդկային իրաւանց մարզի մէջ արձանագրած թերութիւնները կը նշանակեն, որ Ազրպէյճան չի կրնար այլ երկիրներու նման Եւրոպական միութեան կողմէ օժանդակութեան վստահիլ:

Յունուար 11-ին քարիւղի մէկ տակառի գինը իջաւ 31 ամերիկեան տոլարի, մինչ անոր արտադրութիւնը Ազրպէյճանին կ՛արժէ 11 ամերիկեան տոլար: Այս ընթացքով կառավարութիւնը դժուարութիւն պիտի ունենայ ֆինանսաւորել Պաքու-Թիֆլիս-Կարս երկաթուղիի նման ծրագիրներ:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>