ՏՕՆԻԿ Տ
«1918-ի ամրան վերջին ու խռովայոյզ օրերն էին: […] Բոլորի հայեացքը դէպի այն տունն էր ուղղուած, ուր օր ու գիշեր տքնում էր Արամը, փրկութեան ելք փնտռելով հայկական ահաւոր դժոխքից»: («Արամի Կեանքից», Վ. Նաւասարդեան)
29 յունուարին ամբողջացաւ Հայաստանի Ա. անկախ հանրապետութեան հիմնադիր Արամ Մանուկեանի մահուան 97-ամեակը: 28 յունուարին Հայաստանի մէջ նշուեցաւ «Հայոց բանակի օր»-ը: Երկու տարբեր առիթներ, որոնք բնաւ չառնչուեցան, մանաւանդ Հայաստանի մէջ: Առիթները իրար կապելու եւ այդ մասին երկար գրելու մտադրութիւն չունինք: Անտեսելով բնութիւնն ու տրամաբանութիւնը, ունինք մէկ ըսելիք` 28 յունուարը պիտի չըլլար, եթէ չըլլար 29 յունուարի յիշատակութեան պատճառը յառաջացնող մարդը:
Նախապէս զանազան յօդուածներով անդրադարձ կատարուած է Արամ Մանուկեանի տան անխնամ եւ լքուած վիճակին: Զանազան յօդուածներու անդրադարձով հանդերձ, ո՛չ մէկ հակազդեցութիւն նկատուեցաւ, բացի «ֆէյսպուք»-ի էջերով կարգ մը անհատներու դժգոհութիւններէն, որոնք կը դատապարտէին Հայաստանի Ա. անկախ Հանրապետութեան հիմնադիրի տան հանդէպ ցուցաբերուած կեցուածքը` յատկապէս Հայաստանի ներկայ իշխանութիւններուն կողմէ:
Եթէ ժամանակի եւ պայմաններու բերումով երկրին իշխանութիւնները իրենց գոյութեան պատճառը անտեսած են, նոյն արդարացումները պէտք չէ ունենայ այդ ժամանակահատուածի եւ բոլոր ժամանակներու կազմակերպութիւնը` իր աւանդով, սովորութիւններով, կազմակերպական եւ պատմական արժէքներով` լքելու համար մշակութային եւ պատմական արժէք ներկայացնող Արամ Մանուկեանի տունն ու գերեզմանը:
Բոլոր ամեակներէն, սահմանադրութիւններէն, քաղաքական գործընթացներէն, կառավարութիւններէն, ընտրութիւններէն, պատգամաւորներէն եւ քննադատութիւններէն կարեւոր արժէք փրկելու խնդիր գոյութիւն ունի այստեղ: Եթէ պատմութեան, մօտիկ պատմութեան արժէքը փրկելու փորձ չենք կատարեր, եթէ շարունակենք շուքի մէջ պահել, «արժեզրկել», լքել ներկայ հանրապետութեան հիմքը` մնացեալը անիմաստ կը դառնայ: Ներքաղաքական իրադարձութիւններ, տօնախմբութիւններ, ամեակներ, նշումներ… բոլորը անիմաստ պիտի դառնան, եթէ անցեալը անարժէք է ու լքուած: Եթէ միամիտ եւ մակերեսային բաղդատութիւն մը ընենք Թուրքիոյ Աթաթուրքին եւ Մանուկեանին միջեւ, կը գտնէք երկու պետութիւններուն, իւրաքանչիւրի` իր արժէքի յիշատակին հանդէպ ցուցաբերած վարմունքին տարբերութիւնները:
Որպէսզի գալիք «խռովայոյզ օրերուն» մեր հայեացքը դէպի «տուն մը», կամ գերեզման մը ուղղելու հասցէ ունենանք, նոր հասցէի լաւագոյն հիմքը Արամ Մանուկեանի յիշատակին հանդէպ վարուելակերպի սրբագրութիւնն է: