Նախագահութեամբ լիբանանահայ գեղանկարիչ եւ քանդակագործ Րաֆֆի Ետալեանի, կազմակերպութեամբ Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան վարժարանի, շաբաթ, 17 փետրուարի երեկոյեան ժամը 7:00-ին Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ «Պետողլեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Արուեստը կեանք է» խորագիրը կրող աշակերտական գործերու ցուցահանդէս: Սրահին մէջ ներկայացուած էին վարժարանի աշակերտներուն եւ շրջանաւարտներուն, 5-21 տարեկան, արուեստի 90 պաստառները:
Վարժարանի վարչական տնօրէն Արամ Գարատաղլեանը բարի գալուստի իր խօսքին մէջ յայտնեց, որ վարժարանի յարկին տակ աշակերտները կը ստանան ամբողջական դաստիարակութիւն, որ կը սկսի հայեցի եւ քրիստոնէական կրթութեամբ, նաեւ` բարձրորակ ուսումով եւ կ՛ամբողջանայ մարզամշակութային տարբեր գործունէութիւններով, որոնց մաս կը կազմեն` երգը, պարը, երաժշտութիւնը, գծագրութիւնը, ճատրակը եւ մարզական տարբեր խումբերը: Գարատաղլեանը նկատել տուաւ, որ վարժարանին տնօրէնութիւնը համահաւասար կարեւորութիւն եւ արժէք կու տայ ուսման եւ մարզամշակութային ծրագիրներուն: «Մենք որպէս արժանաւոր ժառանգորդները հայ ազգին` պարտականութիւն եւ պարտք կը զգանք վառ պահելու մեր նախնիներուն կողմէ մեզի յանձնուած մշակոյթի եւ արուեստի ջահը եւ զայն փոխանցելու մեր յաջորդ սերունդներուն», հաստատեց Գարատաղլեանը` շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր անոնց, որոնք սատարեցին ձեռնարկի յաջողութեան:
Ապա Գարատաղլեանը` ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց օրուան նախագահ Րաֆֆի Ետալեանը: Ան ըսաւ, որ Ետալեանը մասնակցած է տարբեր հաւաքական ցուցահանդէսներու, նաեւ կազմակերպած է իր անհատական ցուցահանդէսները, աւելցնելով, որ Ետալեանի գեղանկարներն ու քանդակները տարածուած են Պէյրութէն մինչեւ Զմմառ, Լիբանանէն մինչեւ Վատիկան եւ Փորթուգալ:
Րաֆֆի Ետալեանը իր ելոյթին մէջ շնորհաւորեց ցուցահանդէսին մասնակից աշակերտները, գնահատեց անոնց ներկայացուցած աշխատանքները, ինչպէս նաեւ` անոնց ուսուցչուհիին տարած աշխատանքը: Ետալեանը ըսաւ, որ արուեստը շատ անհրաժեշտ է մեր կեանքին մէջ: Արուեստը մտքի թռիչք է, ստեղծագործելու մղող հոգեւոր սնունդ է մեր ներաշխարհին եւ կը սորվեցնէ ինքնաճանաչում: Ետալեանը նկատել տուաւ, որ արուեստագէտի մը առաքելութիւնը արուեստի ընդմէջէն իր մշակոյթը ծանօթացնել է աշխարհին: «Մենք` հայերս, տարածուած ենք աշխարհի բոլոր կողմերը, բայց ունինք մէկ մշակոյթ, մէկ արուեստ, մէկ լեզու, մէկ հաւատք, որոնց շնորհիւ կը պայքարինք մինչեւ այսօր` մնալու իսկական հայ» շեշտեց Ետալեանը եւ եզրափակելով իր խօսքը` շնորհաւորեց վարժարանի տնօրէնութիւնը ցուցահանդէսին առիթով եւ ներկայիս հայ դպրոցի դիմագրաւած տագնապալի օրերուն, որպէս հայ արուեստագէտ, իր համեստ ներդրումը բերելով Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան վարժարանին նուիրեց իր գեղանկարներէն մէկը, որպէսզի մօտիկ ապագային վաճառուելով` անոր հասոյթը յատկացուի վարժարանի կարիքաւոր աշակերտներուն:
Վարժարանի գեղարուեստի ուսուցչուհի Վարդ Մեսրոպեանը իր կարգին ելոյթ ունենալով` շնորհակալական խօսք ուղղեց ցուցահանդէսի հովանաւորներուն, վարժարանի տնօրէնութեան եւ ծնողներուն` իրենց քաջալերանքին համար:
Այնուհետեւ բոլոր մասնակիցները` թիւով 32, ստացան վկայագիրներ, իսկ մրցանակակիր աշակերտները ստացան նուէրներ:
Ա. խմբակէն առաջին հանդիսացաւ Սիմոն Մանուկեանը, երկրորդ` Ճոյս Մալտոսեանը, երրորդ` Ռիթա Համալեանը, իսկ գլխաւոր մրցանակը ստացաւ Մարգրիտա Մալտոսեանը:
Բ. խմբակէն առաջին հանդիսացաւ Արին Պոյաճեանը, երկրորդ` Արեւ Պոյաճեանը, երրորդ` Կրէյս Մալտոսեանը, գլխաւոր մրցանակ` Նարեկ Ալեմեզեանը:
Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան վարժարանի աշակերտները իրենց մասնակցութիւնը բերած են նաեւ 2017-ի «Ֆապրիանօ»-ի մրցանքին: Այս առիթով «Ֆապրիանօ»-ի ներկայացուցիչը` Ժան-Քլոտ Նահհաս, որ ներկայ էր ցուցահանդէսին, խօսք առնելով` իր հպարտութիւնը յայտնեց գտնուելու վարժարանին մէջ եւ յայտարարեց, որ «Ֆապրիանօ»-ի մրցումին Ս. Խաչ-Հարպոյեան վարժարանի արդիւնքը գերազանց էր: Նահհաս բացատրեց, որ աւելի քան 500 վարժարաններէ 107 հազար աշակերտներ իրենց մասնակցութիւնը բերած էին մրցումին: Շահեցան հինգ հազար աշակերտներ, որոնցմէ ինը` Ս. Խաչ-Հարպոյեան վարժարանի աշակերտներէն էին: Ան շնորհաւորեց վարժարանի տնօրէնութիւնն ու անձնակազմը այս առիթով եւ մրցանակներն ու վկայագիրները յանձնեց մրցանակակիրներուն: «Ֆապրիանօ»-ի 2017-ի մրցանակակիրներն են` Արեւ Պոյաճեանը, Յակոբ Ուրֆալեանը, Սէրլի Սարայեանը, Մարիսա Լիպարեանը, Անթոնի Թորոսեանը, Դիա-Մարիա Կարապետեանը, Սելին Գոգեանը, Սթեֆանի Փափազեանը, Մելինա Լիպարը: