Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

«Երիտասարդութիւնը Ըսելիք Ու Ընելիք Ունի` Մեր Կեանքին Իր Մասնակցութեամբ, Եւ Այդ Մէկը Պէտք Է Կատարէ Պատասխանատուութեամբ» Արամ Ա. Կաթողիկոս

$
0
0

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի թելադրութեամբ ու Քրիստոնէական դաստիարակութեան եւ Երիտասարդական բաժանմունքներուն կազմակերպութեամբ, չորեքշաբթի, 14 փետրուար 2018-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, մեր Տիրոջ` Յիսուս Քրիստոսի տաճար ընծայման տօնին առիթով, Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ երիտասարդական պատարագ:

 

Երիտասարդներու հոծ բազմութեան ներկայութեան վեհափառը տուաւ իր հայրապետական պատգամը: Ողջունելէ ետք երիտասարդներուն ներկայութիւնը, ան  յայտնեց, որ այս հոգեպարար երեւոյթին դիմաց առաջին հերթին մեր երկնաւոր Հայրը Ինք կ՛ուրախանայ, երբ Իր տան մէջ տեսնէ Իր զաւակները: Այս առիթով վեհափառ հայրապետը անգամ մը եւս շեշտեց եկեղեցւոյ էութիւնը եւ ըսաւ, որ եկեղեցին եկեղեցի կը դառնայ իր ժողովուրդով: «Մենք եկեղեցի կու գանք Աստուծոյ ներկայութիւնը վայելելու ու հաղորդակցութեան մէջ մտնելու Անոր հետ: Այս կ՛իրականանայ սուրբ եւ անմահ պատարագով», նշեց ան: «Պատարագի ընթացքին Աստուած երկինքէն երկիր կ’իջնէ, որպէսզի վեր բարձրացնէ մարդը: Պատարագի ընդմէջէն մարդուն` երկիրէն երկինք բարձրացումը մեր եկեղեցւոյ հայրերը կը կոչեն «մարդուն աստուածացում»-ը, ոչ բառին բուն իմաստով, այլ` խորհրդանիշ Աստուծոյ էջքին ու մարդուն բարձրացման», բացատրեց հայրապետը:

Արդարեւ, նորին սրբութիւնը իր գնահատանքը յայտնեց ի տես երիտասարդութեան գործօն մասնակցութեան ոչ միայն սոյն պատարագին, այլ` ընդհանրապէս մեր եկեղեցական ու ազգային կեանքին մէջ, որ հետզհետէ կ՛աճի ու կը ծաւալի: Վեհափառ հայրապետը յատկապէս ընդգծեց, որ երիտասարդութիւնը պէտք է մերժէ լուսանցքի մէջ մնալը ու իր գործով ու պատասխանատուութեամբ անցնի մայր էջին վրայ: «Սա զգացական արտայայտութիւն մը չէ, այլ իրողութիւն է: Սա ձեւական մօտեցում չէ, այլ մեր ազգին ու եկեղեցւոյ իսկութիւնը կը կազմէ: Ես չեմ կրնար երեւակայել եկեղեցի մը, մշակոյթ մը, ազգ մը, ընկերութիւն մը, համայնք մը` առանց երիտասարդութեան», նշեց ան ու աւելցուց. «Երիտասարդութիւնը ըսելիք ու ընելիք ունի եւ այդ մէկը պէտք է կատարէ պատասխանատուութեամբ, լրջութեամբ, հետեւողականութեամբ: Ա՛յս է, որ մենք կը սպասենք մեր երիտասարդութենէն»:

Աւարտին, նորին սրբութիւնը իր աղօթքը բարձրացուց առ Աստուած եւ խնդրեց, որ Իր երկնային օրհնութեամբ, շնորհքներով ու պարգեւներով պարուրէ երիտասարդներուն կեանքը, որպէսզի Աստուծոյ ներկայութեամբ հզօրացած` անոնք հաւատաւոր մասնակցութիւն բերեն եկեղեցւոյ ու ազգին կեանքին մէջ:

Պատարագէն ետք երիտասարդները ուղղուեցան կաթողիկոսարանին բակը, ուր տեղի ունեցաւ պատշաճ հիւրասիրութիւն` պատրաստութեամբ Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքին «Կապոյտ հրեշտակներ»-ուն: Սիրոյ սեղանը ընթացք առաւ Տէրունական աղօթքով, որմէ ետք անոր շուրջ համախմբուած մեծաթիւ ներկաները առիթ ունեցան իրարու եւ երիտասարդ միաբաններուն հետ զրուցելու:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>