Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Հալէպ, Հալէպի Մէջ, Հալէպէն Հեռու. Բաց Զրոյց Ներսի Եւ Դուրսի Միջեւ (Դ.)

$
0
0

ԻՇԽԱՆ ՉԻՖԹՃԵԱՆ.- Ուրախ եմ, որ դպրոցը յիշեցիք: Ամէնէն էականը, ըստ իս, որ մատնանշեցիք: Երբ դպրոցը դադրի, գաղութին զարկերակը կը դադրի բաբախելէ, կարծեմ այդպէս ալ ըսած էր, առիթով մը, Շահան սրբազան, հարցազրոյցի մը ընթացքին: Ուրախ եմ, որ սուրիահայ գաղութը բաց թողուց իր դպրոցները, կրցաւ զանոնք անքանդելիի առաջին սահմանէն ներս առնել: Յատուկ յուզումով եւ խանդավառութեամբ կը հրատարակենք մեր հայերէն պլոկին (hayerenblog.wordpress.com) վրայ Հալէպէն, Դամասկոսէն ու մանաւանդ սահմանամերձ Գամիշլիէն հայ աշակերտներու շարադրութիւնները: Անոնցմէ մեր երակները ուժ կ’առնեն: Եւ ասիկա իբրեւ հռետորութիւն մի՛ ընդունիք, կը խնդրեմ:

Անդին` պիտի տեսնէք, թէ որքա՛ն արագ կ’անցնիմ բացասականի ափը. իրողութիւնները մեզ յոռետես դարձնելու հակամէտ են, սակայն այդ ալ լաւատեսութեա՛ն հաշուոյն տեղի կ’ունենայ, հոգ մի՛ ընէք, այլապէս այսքան ժամանակ տրամադրելը այս հարցերուն` անիմաստ պիտի ըլլար. քիչ չէ թիւը այսօր այնպիսիներու` կազմակերպութիւն կամ անհատ, որոնք համոզուած են, որ դպրոցը` հասութաբեր հաստատութիւն մը չէ: Դպրոցին կը մօտենան իբրեւ գործարանի մը, որ… ի՞նչ կ’արտադրէ: Այո՛, այդպէս է արդարեւ, հայերէնի գիտակ հայ արտադրող գործարան մըն է հայ դպրոցը` առաջին հերթին, կամ` ի միջի այլոց: (Բազմահոլով «ոգիի խնդիր»-ը` այնքան բռնաբարուած ու շահագործուած այդ նիւթը պահ մը մէկդի ձգենք): Եօթանասունը անց հայախօս մարդոց այսօր կը հանդիպինք Եւրոպայի մէջ, որոնք արտադրութիւնն են Երուսաղէմի, Մելքոնեանի, Եգիպտոսի եւ այլ գաղութներու: Եւ մխիթարիչ է այս երեւոյթը, երբ մանաւանդ անոնք իրարու հետ ալ հայերէն կը խօսին: Կիլիկեցի վերապրող թրքախօս հայը կրցած էր իր զաւակները հայախօս դարձնել: Ասիկա` յատկապէս լիբանանեան մեր օրինակէն մեկնած: Եւ հիմա, անհամեմատելի լաւ պայմաններու մէջ դպրոց բանալն ու պահելը մեծ հարցականներու վերածուած են Միջին Արեւելքի մէջ: Մարտահրաւէր ու հերոսութիւն դարձած են: Յստակ չէ` ինչո՞ւ: Կամ ալ, թերեւս, շատ յստակ է: Որբերու սերունդը կրցաւ, սակայն յղփացած սերունդներ կը դժուարանան իրենց կարողութիւնը ի գործ դնել: Այս է կեանքի իրականութիւնը: Եղեռնին ուժը մենք կը թերագնահատենք: Մահէն կու գայ անիկա եւ մահուան դէմ դնելու զօրութիւն ունի: Ճիշդ աս է հարցը արդէն դիմադրողականութիւն կոչուածին: Պատերազմէն յետոյն է աս: Կարմիր ծովէն անցքը, եթէ կ’ուզէք: Սուրիոյ օրինակով տեսանք, որ պատերազմը չի կրնար քանդել դպրոցը, բայց յղփացումը կրնայ:

Դպրոց եւ մամուլ` սփիւռքեան երկու մասնաւոր աշխարհներ են, որոնց կ’ուզեմ անդրադառնալ հոս: Ես այն տպաւորութիւնը ունիմ, որ մեր ընկերութեան մէջ, համապատասխան վայրերուն մէջ, բանալի անձեր ի սպառ կը բացակային, որոնք կրնան ճակատագրական փոփոխութիւն կատարել: Օրմանեան սրբազանի մը կարճատեւ ներկայութիւնը Ս. Էջմիածին, Գէորգեան ճեմարանի իբրեւ տեսուչ, ճակատագրական դեր ունեցած էր` սերունդի մը ճամբայ բանալով: Մենք Օրմանեան չենք` պիտի ըսէք անմիջապէս: Հապա ի՞նչ է ձեր անունը: Անուն մը հարկ է ունենալ:

Մամուլի պարագան բաւական հետաքրքրական ու կարեւոր է, մանաւանդ` սփիւռքի մէջ: Մեր ունեցած-չունեցածը հոն մթերուած կը գտնուի: Մօտիկ անցեալին Անդրանիկ Ծառուկեան, Սիմոն Սիմոնեան, Պօղոս Սնապեան կրցած էին «իրենց» թերթերը վերածել յատուկ աշխարհի մը, յատուկ նկարագրով ու նպատակներու հետապնդումով, իրենց բոլոր թերութիւններով հանդերձ: Ժամանակները տարբեր են, գիտենք բոլորս, ժամանակները կը փոխուին: Ատենին կային գրոց-բրոց դպրոցականներ, կը հաւաքուէին իրենց ուսուցիչներուն շուրջ, որոնք եւս կային: Այսօր ո՞վ որո՛ւ շուրջ հաւաքուի: Հ. Յակոբոս վրդ. Տաշեանին շուրջ կը հաւաքուէին իր աշակերտները Վիեննայի Մխիթարեան վանքին մէջ եւ բառեր կը հաւաքէին, կը ցանկագրէին, կը քննարկէին, բառի մարզանք կ’ընէին, եթէ կ’ուզէք: Ճիշդ է` այդ շրջանին բանասիրութիւնը, լեզուագիտութիւնը տարբեր թափով ու տարբեր մթնոլորտի մէջ յառաջ կ’երթային, եւ այդ համախմբումը արձագանգն էր այդ թափին: Դատարկ անցելապաշտութիւն չէ ըրածս, որ մատնանշումէ անդին չ’անցնիր ու անօգուտ է առանձինն` ինքն իր մէջ: Հարկ է անցնիլ այսօրուան եւ տեսնել այսօրուան համար կարելիութիւններ, որոնք միշտ ալ կան: Այսօր, նոր ժամանակներու արհեստագիտութեամբ, կան համացանցային խաղեր: Թերեւս այսօր ալ կան նման մարզանքով զբաղողներ: Թերեւս հարկ է սպասել տակաւին լաւ բաներու: Ողբերգականը, ամէն պարագայի, միայն պատերազմը` ինք չէ, կը տեսնէք, այլ` տեղ մը յաղթուած պատերազմի չանդրադարձող ինքնախաբէութիւնը:

«Չանդրադարձող ինքնախաբէութիւն»-ը ինծի` ձեր երբեմն գործածած «գոյերթ» բառը յիշեցուց, որուն համար հոս կ’ուզեմ փակագիծ մը բանալ: Կ’ենթադրեմ, որ Սարգիս Կիրակոսեանն է այս բառին գիւտարարը: Աստուած հոգին լուսաւորէ, սակայն այդ բառը ինծի կը յիշեցնէ, որ մերկ ու պարզ «երթ»-ը (որ նաեւ անունն է Սուրիահայ գրողներու համախմբումի ձեր տարեգիրքին) երթալ մըն է, սանկ` անորոշ յառաջընթաց մը, անբաւարար, իսկ «գոյերթ»-ը մեր գոյութեա՛ն ընթացքն է, որ շատ աւելի լուրջ բան մը ըլլալու է, կը խորհիմ: Այստեղ, ուրեմն, թոյլ տուէք ինծի կամայական երկու խմբակ կազմել երթի եւ գոյերթի. առաջինը, այսպէս թէ այնպէս, քալողներու խմբակն է, իսկ երկրորդը` գոյութեան երթին գիտակիցներու խմբակը: Ալ ո՞վ ո՛ր խմբակին մաս կը կազմէ` ինք կ’որոշէ: Իմ բնութագրումովս, սոսկ երթին մասնակիցները «չանդրադարձող ինքնախաբէութեան» զոհերն են:

Բայց հարկ մըն է նախ հարցումը դնել. ի՞նչ կացութիւն է այս, անուն ունի՞ այս կացութիւնը, երբ Միջին Արեւելքի մէջ հայկական վարժարանէ շրջանաւարտը կոճկուած հայերէնի մը, բերանացի կամ գրաւոր, չի տիրապետեր. երբ պաշտօնաթերթերու մէջ ուղղագրական իսկ սխալները բնական երեւոյթ դարձած են. երբ հայերէնի ուսուցիչ ունենալը կամ գտնելը շռայլութիւն կարելի է համարել: Այս երեւոյթներուն ցանկը երկար է: Գոյութեան ի՞նչ «ամրոցներու» մասին կը խօսինք: Ամպեղէ՞ն: Գրաւուա՞ծ են մեր բերդերը: Մենք մեզի հարց կու տա՞նք, թէ ի՛նչ կացութեան մէջ կը գտնուինք: Ես վստահ չեմ, որ այս հարցումը ձեւականութենէ մէկ քայլ անդին անցած է: Տակաւին, վտանգաւորը այն է, տագնապներո՛ւն տագնապը, որ տագնապին մաս կազմող, տագնապը յառաջացնո՛ղ տարրերն են, որ տագնապին մատնանշումը կ’ընեն, մտահոգութիւն ու ցաւ կը յայտնեն, իբր թէ կ’անհանգստանան: Ճիշդ` քաղաքականութեան մէջ եղածին պէս: Գողը կը խօսի գողութեան մասին, անսուրբը` սրբութեան: Ինչ որ Էրտողանը կ’ընէ երբեմն: Ահաւասիկ` ցաւերուն ցաւը, աղուէսը կարգուած է հաւնոցին պահապան: Աղուէսը հաւերուն ապահովութեան մասի՞ն կը մտածէ, թէ՞ ոչ իր անձնական շահին: Պատասխանը պարզ է: Յուսադրիչ երեւոյթներու փնտռտուքով կրնաս ժամանակդ սպաննել:

Յուսահատութիւնը յոյսին համար է, անոր հականիշը չէ, անոր օգնանիշն է, ինչպէս կասկածը հաւատքին համար գործելու է: Այլապէս ինքնանպատակ յուսահատութիւնն ու կասկածը կրնանք ենթադրել, թէ ո՛ւր կ’առաջնորդեն:

Երբ այս տողերը մեր հայաստանցի քոյրերն ու եղբայրները կը կարդան, անմիջապէս կը կարծեն, որ սփիւռքի թաղման արարողութիւնն է, որ կը կազմակերպուի: Ո՛չ, սիրելինե՛ր, ձեր կացութիւնը շատ աւելի գէշ է: Համապատասխան հաստատութիւններ ունենալով հանդերձ, պետական նեցուկ ունենալով հանդերձ, համապատասխան ձեր բացթողումները մտահոգիչ են:

Մարդուժի խնդիրը կարելի է չորս աստիճաններու վրայ դիտել`

1.- Մարդուժ չունինք,
2.- Մարդուժ չենք պատրաստեր,
3.- Մարդուժ չենք կրնար պատրաստել,
4.- Մարդուժ չենք ուզեր պատրաստել:

Չորս աստիճաններն ալ գոյութիւն ունին, եւ ես կը կարծեմ, որ չորսն ալ լուրջի չեն առնուած: Կարելի է օր մը մանրամասնութիւններու անդրադառնալ: Նոյնիսկ կարեւոր է:

Խօսքը Միջին Արեւելքէն դուրս տանելով, արեւմտեան աշխարհի մէջ միջինարեւելեան կամ կիսամիջինարեւելեան կարգ մը գաղութներու պարագային, ուր լեզուն կը պակսի, բայց «հայկականը» առաւելաբար տոլմային հոտէն կ’առնեն ոմանք, որ չեմ արժեզրկեր, բնականաբար, գիտակցական գէշ-աղէկ կացութիւն մը յառաջացած է: (Գէշի եւ աղէկի միջեւ պայքարը, սակայն, իր աւարտով երբեք յստակ չէ: Երբեմն գէշն է գերակշիռ, երբեմն` աղէկը): Հոն ալ նոյնն է պարագան: Հարցումը չի դրուիր: Կացութիւնը լրջութեան չի հասնիր: Կարծէք` մեր գոյութիւնը կը նմանի մէկ շաբթուան կամ նոյնիսկ մէկ օրուան համար գնումի գացող ու սառնարանը լեցնող ուսանողի մը հապճեպ կացութեան: Մինչ գիտենք, որքա՜ն եւ որպէ՜ս կը լեցուէին մեր նախնեաց հայրենիքին մէջ մառանները: Մեր մառանները այսօր գրեթէ դատարկ են, եւ մենք յաւերժութեան մասին կը խօսինք, երկու վայրկեանը մէկ:

Գերմանիոյ մէջ ալ մշակութային լաւ ու բարձրորակ ձեռնարկներ տեղի կ’ունենան վերջին տարիներուն, մասամբ` Հայաստանէն ներածուած ուժերով, «Հայկական մշակութային շաբաթ»-ներ, ուր միտք բանին մեր մշակոյթի ցուցադրութիւնն է, յատկապէս` գերմանացիին կամ օտարին: Մեզի հետ գրեթէ կապ չունի ան: Կարծես մշակոյթը, գրականութիւնը, երգն ու պարը ըլլային հագուստ, որ կը հագնիս, կը ցուցադրես, կը վայելես, կ’ուրախանաս, կը հպարտանաս, կը հանես եւ կ’անցնիս… գործիդ (դարձեալ` գործնականութիւնը մեր, որ միշտ կը հալածէ մեզ): Մենք մեր մարմինն է, որ չենք զգար, զայն հագուստի վերածած ենք: Իսկ գաղութային կազմակերպչական կեանքի մէջ, ընդհանրապէս, միօրեայ թիթեռնիկի կենսահորիզոնը ի՞նչ ձեռքբերում կը խոստանայ: Տոլման` լիցքը կը լիցքաւորէ, եւ լաւ է այդ մէկը: Ազգագրութիւնը միայն ճաշը, պարն ու երգը չեն բացայայտօրէն:

Ինծի համար քանի մը տարի առաջ բաւական հետաքրքրական նորութիւն մըն էր Սուրիոյ գաղութին սփիւռքը Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն մէջ, ուր զարգացած եւ երիտասարդ ուժեր մէկտեղուած էին եւ կարելիութիւնը ունէին իրենք իրենց ուղղելու իրենց գոյութեան վերաբերող հարցումներ:

Պակսողը, վրիպողը թերեւս աւելի յստականան հետեւեալ օրինակով: Վերջերս կ’ուսումնասիրէի Գարեգին վրդ. Յովսէփեանցի նամակները: Շատ բնական է, որ իր նամակներուն մէջ գլխաւորաբար իր կատարած աշխատանքին մասին պիտի խօսի մարդը: Գիտնական մարդուն տեղեկագրած տողերուն մէջ, սակայն, իր աշխատանքին կապուած կիրքն ու խանդը այնքան զգալի են, եւ խանդով կատարուած գիտութիւնը, կարծէք, տարբեր բնորոշումի մը պէտք ունի: Այդ խենթ խանդն է, որուն ուզէք` «հաւատք» անունը տուէք, ուզէք` «ոգի» ըսէք, թէեւ ոգին շատ լլկուած է, կամ` «խենթութիւն»: Վերը ակնարկեցի հաւատք-գործ հակադրութեան: Համալսարանին մէջ ալ, մեր ուսանողութեան շրջանին, կային դասախօսներ, որոնք սոսկ տեղեկութիւն կը փոխանցէին` գիրքերու մէջ շարադրուած չոր ծանօթութեան պէս, ուրիշներ, փոխանցուածին կողքին, հորիզոն կը բանային, կը ստիպէին, որ երթայիր, աւելի պրպտէիր, աւելի քննէիր:

Դպրեվանքի մեր ուսուցիչներէն երջանկայիշատակ Գարեգին վեհափառը գիւղական կեանքէ տպաւորիչ օրինակ մը տուած էր անգամ մը` ինքնանորոգումի ակնարկելով: Մօտաւորապէս կը յիշեմ խօսքերը. «Երբ մեր գիւղացիները տեսնէին, որ տուեալ տարի բերքը լաւ չէր, հողը չորցած կամ հիւանդ էր, կէս մեթր կը փորէին իրենց պարտէզը, վար կ’իջնէին, հողը կը «դարձնէին», որ լաւ արդիւնքի հասնէին յաջորդ տարի»: Կը կարծեմ, որ նման հողադարձի մը կարիքը կայ: Կան նաեւ նման այլ ձեռնարկներ, երբ հողագործը առատ թրիք ու քակոր կը տեղադրէ հողին վրայ, որպէսզի աղտը դրական արդիւնք տայ, հողը կենդանացնէ: Աղտը մաքրութիւն կը գործէ: Այս երկու օրինակներն ալ, մէկը` ինքնապեղումով, միւսը` աղտին միջնորդութեամբ, կրնան կացութիւն փոխել: Մեզի ներսուզում կամ արտաքին աղտ պէտք է: Մեր սեփական աղտը իր բուժիչ յատկութիւնը կորսնցուցած է: Ներսուզման համար վայր չէ մնացած, խորովածի հոտը թափանցած է ամէն տունէ ու քունէ ներս: Ուրեմն զարթնումը կը մնայ անհրաժեշտ, Շնորհալիի «Զարթիք»-ով կամ Սասունցի Դաւիթի կանչով` ամէն մարդ թող ազատ զգայ, ամէն ոք իր ճաշակը ունի: Դուք կը խօսիք յեղափոխութեան մասին: Զարթօնքն ալ կապ ունի անոր հետ վստահաբար:

Կը տեսնէք, թէ պատերազմը մինչեւ ո՛ւր կը հասնի: Մեր դրան առջեւն է ան:

Այպանելու խնդիր մը դրած էք` Սուրիայէն հեռացողին ու հոն մնացողին միջեւ տարբերութիւնը շեշտելով: Բնական է, որ այդ տարբերութիւնը կայ ու պիտի ըլլայ, որ նման է, նոյնը չէ, դուրսինին ու ներսինին` իմ եւ ձեր միջեւ եղած տարբերութեան: Այպանումի խնդիր ես պիտի չուզէի դնել ընդհանրապէս, այլ, ճիշդ հակառակը, աւելի սերտացում` գացողի եւ մնացողի միջեւ, որովհետեւ այդ երկու կողմերուն միջեւ կապը սուրիական հայրենիքին իմաստն է, որ պիտի խորացնէ:

«Համազգային համախոհութեան» հարց կ’արծարծէք, «սրումներ», «բեւեռացումներ» իբրեւ այդ համախոհութեան հականիշ կը սահմանէք: Կը կարծէ՞ք, որ մեր բեմերուն վրայ այսօր անգիտակցաբար ծափահարուող մշակոյթի սպասաւորները «համախոհ» տարրեր եղած են մեծաւ մասամբ: Օրինակ, Պարոնեան կամ Օշական, քիչ թէ շատ ծափահարուած տիպարներ մեր գրականութենէն, կը կարծէ՞ք, որ համազգային խնդիրներու մտահոգութիւն չունեցող մարդիկ եղած են: Ընդհակառա՛կը: Բայց բեւեռացումներու գացած են, որպէսզի կարենան ազգայինին տալ տարբեր շեշտ ու խորք: Դուք զիրենք «մաքրակրօ՞ն», «այլախո՞հ», «զարտուղի՞», «ընդդիմադի՞ր» կը կոչէք. ազատ էք: Սակայն առանց այդ կարծեցեալ կամ իրական մաքրակրօնին, այլախոհին, զարտուղիին, ընդդիմադիրին` մշակոյթ կարելի չէ ունենալ: Այլախոհութեան բարիքին համը առնելու համար չի բաւեր, օրինակ, Պարոնեանի մը մասին ձեռնարկ կազմակերպել, ներկայ ըլլալ «հոծ բազմութեամբ», ինչպէս սովոր ենք գրել, ու ծափահարել, այլ` կարդալ մանաւանդ արտադրուած երկերը, սորվելու, հասկնալու, այսինքն` ներկային մէջ հոսեցնելու համար զանոնք, եւ տեսնելու համար, որ ճահիճը լքելու պայմաններ ու ձեւեր կան` մեզմէ շատ տասնամեակներ առաջ մտածուած:

«Համազգային համախոհութիւն», «Հայաստանը` ամէն բանէ վեր», «հայաստանակեդրոն մտածելակերպ» եւ նման ինքնին բարենպատակ լոզունգներ, գրաւոր կամ բերանացի, յաճախ կրկնուող, գաղափարախօսական սնանկութեան արդիւնք են: Մտածա՞ծ ենք երբեւէ թութակաբար կրկնուող այդ փակ յղացքներուն ու անոնց բացումին մասին: Այս յղացքներուն գէթ ուրուագծային բացատրութեան իսկ չեմ հանդիպած: Հայրենասիրութիւնը «հալած իւղ» կամ դեղահատ չէ, կը կարծեմ: Ժամանակն է, որ անդրադառնանք, եւ ասիկա` ի հաշիւ գալիք սերունդներուն մանաւանդ, որ լոզունգով ինքնութիւն չի կերտուիր: Աստուած իսկ, «խորին խորհուրդ»-ը, որ «ի վեր է քան զմիտս եւ զխորհուրդս», աստուածաբանութեան միջոցով առարկայ կը դառնայ գիտութեան: «Վեր եղող» բաները պէտք է մէյ մը վար առնել, մեր յարաբերութիւնը ճշդելու համար անոնց հետ: Քանակային, որակային ու այլ իմաստներով այսօր Հայաստանը հայութեան կեդրոնը չէ, ուզենք կամ չուզենք, եւ ես վստահ չեմ, որ այդ կեդրոնը ըլլալու որեւէ կարելիութիւն ունի՞ ապագային: Հոգեբանութեան մէջ փափաքը իբրեւ իրականութիւն կը թարգմանուի տեղ մը, իրականութիւնը մեր փափաքներուն կառուցումն ու պատասխանն է տեղ մը: Այդ տեղը, սակայն, ամէն անգամ կարելի չէ ըլլալ: Հայկական պետականութիւնը ուժեր համախմբելու հայրական ու պետական արժանիքը զարգացնելու հասունութեան հարկ է որ ձգտի, եւ այսօրուան վիճակը այդ մէկը ցոյց չի տար դժբախտաբար` հակառակ համախմբումի անունով կատարուած բոլոր մակերեսային հանդիպումներուն: Բարեբախտաբար համացանցի այս դարուն կրնանք ամէն ձեռնարկի հետեւիլ ծայրէ ծայր ու լաւ տեղեակ ենք, թէ ի՛նչ կը պատահի այդ հանդիպումներուն ընթացքին: Դրամահաւաքով պետականութիւն կարելի չէ ամրացնել, մանաւանդ երբ դրամին ճամբան ալ յստակ չէ: Այնքան ատեն որ սփիւռքը իր բազմակի կարողականութեամբ լուրջի չէ առնուած, անոր կապը Հայաստանին հետ պիտի մնայ անորոշ, նոյնիսկ` անկարելի: Սփիւռքը լուրջի կ’առնուի այն ատեն, երբ ան իբրեւ սփիւռք  ներկայութիւն է Հայաստանի մէջ` իր մշակութային, գիտական, քաղաքական ներդրումով, որ ունենալու է նաեւ իր արտադրումը:

Խօսքին անհրաժեշտութիւնը մեր հայկական ընկերութեան մէջ գրեթէ աւելորդ կը համարուի, դուք ալ կը յիշէք իրաւամբ, ես ըսեմ` «պարապ վախտի խաղալիք» է ան, որովհետեւ գործին հակառակն է` ըստ մեր տտիպ համոզումներուն: Երախտապարտ եմ, որ անոր անհրաժեշտութիւնը դուք կը տեսնէք: Վերջին ձեր հարցումը` ինչո՞ւ հիմա՛, պատերազմին ատեն ո՞ւր էիք: Ան, որ խօսքին անհրաժեշտութեան անդրադարձը ունի, կրնայ նաեւ հասկնալ, որ անոր ժամանակը, առաջն ու յետոյն ինքնաստեղծ են, կամ` ժամանակաստեղծ. ընտրեցէք` ըստ ձեր ճաշակին: Եւ անշուշտ, գիտէք, ես կը խօսիմ… խօսքի՛ն մասին: Մաղթանքս պիտի ըլլայ, որ նաեւ ձեր թերթին մէջ անոր տեղը բացուի, լայննայ, որպէսզի անոր դերը աւելի յստականայ: Պատերազմները կու գան ու կ’երթան, սակայն ներսի ու դուրսի խօսքը, հանդիպող ու զօրացող, կը մնայ: Խօսքը չի սրբուիր: Խօսքը ստեղծարար է:

 

ԶԱՐՄԻԿ ՊՕՂԻԿԵԱՆ.-  Ուրախ եմ, որ անկաշկանդ կը խօսիք, կը քննէք` մեր մշակութային ու ազգային հաւաքական արժէքներու ձեր հաւատարմութենէն ու նախանձախնդրութենէն մեկնելով:

Կը բաժնեմ ձեր այն տեսակէտը, որ հեռու պէտք է մնալ ամէն բան վարդագոյն տեսնելու, մեր փոքր յաջողութիւնները ուռուցիկ ներկայացնելու վատառողջ մօտեցումներէ: Սակայն մեր քննարկումներուն մէջ պէտք է նկատի առնենք նաեւ հարցերուն այլ երեսները:

Ձեր արծարծած հարցերը համահայկական հարցեր են: Սփիւռքի պարագային, սակայն, ներկայ կացութիւնը հետեւանք է նաեւ հայրենազուրկ դարձած ըլլալու մեր իրավիճակին: Արեւմտահայերէնը հայրենազուրկ լեզու դառնալով` աւանդուած է միայն լեզուի ու գրականութեան դասանիւթերով, իսկ դպրոցներէն ներս այդ նիւթերու դասաւանդումը սակաւաթիւ ուսուցիչներու կողմէ միայն ճեղքած է դասի սահմանը եւ աշակերտին` հայերէնի գործածութեան համը տուած, զինք կարդալու, պրպտելու, լեզուն կատարելագործելու մղած:

Գրականութեան կողքին, գիտութեան կամ արուեստի ոլորտներով հետաքրքրուող աշակերտները արեւմտահայերէն համապատասխան գրականութիւն չեն գտած` կարդալու ու իրենց մայրենին անոնց ընդմէջէն եւս զարգացնելու համար: Արեւմտահայերէնը մեզի ծանօթ պատճառներով քայլ չէ պահած ժամանակի բոլոր պահանջներուն հետ: Իսկ մեր կրթական մարմինները, միութիւնները տարիներ շարունակ այս հարցերուն լուծման ուղիներ չեն որոնած, այլ բաւարարուած են որդեգրուած ձեւերը կրկնելով:

Սուրիոյ մէջ, օրինակ, աշակերտը իր ուսումնական բոլոր նիւթերը օտար լեզուով կը սորվի, հայերէնաւանդութիւնը սահմանափակուած է լեզուի ու գրականութեան պահերով: Իսկ գիտութեան կամ արուեստի նիւթերով հետաքրքրուող աշակերտները, եթէ ուզեն յագուրդ տալ իրենց հետաքրքրութիւններուն, ի՞նչ պիտի կարդան… եթէ չկան արեւմտահայերէն գիտական համապատասխան գիրքեր: Անոնք ստիպուած` պիտի դիմեն արաբերէն կամ անգլերէն գիրքերու, լաւագոյն պարագային` արեւելահայերէն գիրքերու, եւ հետզհետէ անոնց լեզուն եւ գրիչը պիտի սնանին արեւելահայերէնի ու արեւմտահայերէնի խառնուրդով մը` աւելի վատթարացնելով կացութիւնը:

Այս դժուարութիւնը մասամբ յաղթահարելու համար, այո՛, ճիշդ էք, քով-քովի պէտք է գալ, տագնապիլ, ինքնանորոգումի ուղիներ որոնել: Բայց ո՞ւր են այդ տագնապողները այսօր, երբ տիրողը անտարբերութիւնն է:

Լեզուն, սակայն, պէտք է ճոխացնել, անոր գործածութիւնը ժողովրդականացնել նաեւ, այդ մէկը կարելի էր ընել` թարգմանական աշխատանքներուն թափ տալով, մասնագիտական բառարաններ ու գիրքեր հրատարակելով եւ արեւմտահայ մեր մշակոյթը կենդանացնելով: Հայաստան, որ ունի պետական կարելիութիւններ, սփիւռքահայ մտաւորականներուն հետ գործակցաբար մեծ դեր կրնայ ունենալ այս փրկարար գործին մէջ` արեւմտահայ նման հրատարակութիւններու պատրաստութեան նպաստելով (անկախ այն իրողութենէն, որ այնտեղ եւս կան լեզուական հարցեր): Արեւմտահայերէնի կենսունակութիւնը ոչ միայն պիտի վերանորոգէ սփիւռքահայ մեր սերունդները, այլեւ պիտի հարստացնէ մեր ազգային մշակոյթը` իր նիւթերու բազմազանութեամբ:

Նախորդ տարիներուն սուրիահայ վարժարաններէն ներս համեստ փորձ մը կատարուեցաւ այս ուղղութեամբ. պատրաստուեցան հայերէնի նոր դասագիրքեր, որոնք, գրականութեան եւ քերականութեան կողքին, կ’ընդգրկէին իւրաքանչիւր կարգի գիտական նիւթերուն, ինչպէս նաեւ հայ արուեստին (թատրոն, երգ, պար, կերպարուեստ) վերաբերող բառամթերք:

Միութիւններն ու ակումբներն ալ մեծ դեր ունին մայրենին կենսունակ պահելու առաքելութեան մէջ: Եթէ իւրաքանչիւրը իր մարզին մէջ հայ պատանին մղէ կարդալու, պրպտելու, կազմակերպուած իւրաքանչիւր ձեռնարկի ընդմէջէն մեր պատմութեան, մշակոյթի գանձերուն ծանօթանալու, անոնց հմայքն ու հարազատութիւնը զգալու եւ զանոնք իր առօրեային անբաժան մէկ մասնիկը դարձնելու, պիտի կարենայ զայն կառչած պահել իր մշակութային արժէքներուն` գոյութիւն ունեցող բոլոր դժուարութիւններուն լոյսին տակ անգամ: Մեր միութիւնները ձեռնարկներ կազմակերպելով պէտք չէ բաւարարուին: Անոնք պէտք է վերածուին մշակութային դպրոցներու:

Հողադարձի մասին կը խօսիք: Պատերազմը ի՛նք այդ հողադարձը կատարեց` խորապէս ցնցելով մեր էութիւնը, քննութեան ենթարկելով մեր դիմադրականութիւնը, ու պահ մը ապրեցանք հայկականը կորսնցնելու վտանգը, վախը, բայց չկորսնցուցինք զայն: Այժմ, երբ խաղաղութիւնը տիրող դարձաւ այլեւս, անբացատրելի ուժ մը կը զգանք մեր երակներուն մէջ ու այդ ուժը պահպանուածը զօրացնելու կրնանք ծառայեցնել, եթէ ծրագիր եւ աշխատելու կամք ունենանք:

Լրջութեան այս նոյն մօտեցումը պէտք է ունենանք թերթին նկատմամբ: Անսխալ ուղղագրութեամբ թերթ մը հրատարակելը հազուադէպ երեւոյթ դարձած է, այո՛: Այսօր շատեր, ցաւօք, հայերէն թերթը լոկ քարոզչութեան կամ լրատուութեան աղբիւր կը համարեն, յատկապէս` լրատուական բաց համակարգի այս ժամանակաշրջանին, երբ վայրկեան առ վայրկեան թարմ լրատուութիւնը հասանելի կը դառնայ ու լրատուադաշտի յորձանուտին մէջ կը ներքաշէ ընթերցողը` մոռնալով յաճախ, որ թերթը գրիչ ու միտք պատրաստելու, լեզու կատարելագործելու կարեւորագոյն գործարանն է: Եթէ այս գիտակցութիւնը ձեւաւորուի, յոյս կ’ունենանք, որ այդ ձեւաւորման ինքնաբերաբար կը յաջորդէ բծախնդիր ու պատասխանատու աշխատանքը:

Գաղութի մեր պատասխանատուները մարդուժի պատրաստութեան գործարաններ ստեղծելու հեռատեսութիւնը ունեցած են, բայց անոնց որակային արդիւնաւէտութիւնը հարկ եղած հետապնդումին չէ արժանացած:

Ի՞նչ է ձեր անունը` կը հարցնէք: Ես կամ մենք պիտի չճշդենք այդ անունը: Յետպատերազմեան սերունդն է, որ պիտի ճշդէ: Բայց ինչպէ՞ս տոկաց գաղութը, ինչպէ՞ս դիմացաւ, որո՞նք էին սուրիահայութեան դիմադրութեան յենարանը կազմող այդ անխախտ սիւները:

Գլխաւորը հաւատքն էր` մեր ստեղծած հայկական այս աշխարհին հանդէպ, ապա, եւ աւելի կարեւորը, վստահութիւնը, կը կարծեմ, բոլոր մակարդակներու վրայ: Երբ աշակերտը դպրոց կը յաճախէ պատերազմի ամէնէն անապահով օրերուն ու իրենց պատուանդանին վրայ կանգնած կը տեսնէ տնօրէնը, ուսուցիչը, դաստիարակը, դպրոցին նկատմամբ իր վստահութիւնը կ’ամրապնդուի: Երբ հայ երիտասարդը, ռումբերու տարափին տակ, տուն, տեղ, աշխատանք թողած` ազգային կառոյցները կը պաշտպանէ ու իր քովը կանգնած կը տեսնէ իր հրամանատարը, իր պատասխանատուն, վստահութիւնն է, որ զինք տոկուն կը պահէ: Երբ յուսալքումի գագաթնակէտին հասած հալէպահայը աղօթքին ապաւինելով` եկեղեցի կ’ուղղուի ու խորանին վրայ անսասան կանգնած իր առաջնորդը կը տեսնէ, յուսահատութիւնը մէկդի կը շպրտէ: Երբ ահաբեկիչներու կողմէ պաշարուած, սնունդէ եւ ջուրէ զրկուած յոգնաբեկ մարդիկ մշակութային սրահ կը փութան ու բեմին վրայ նոյն պայմաններուն մէջ ապրող, բայց մշակութային մեր գանձերով ոգեւորուող երիտասարդներ կը տեսնեն, գոյատեւելու իրենց վճռակամութիւնը կ’ամրապնդեն: Երբ փլատակներուն տակէն դուրս բերուող վիրաւորը զինք փրկելու փութացող հայ տղոց երկարած ձեռքը պինդ կը բռնէ, վստահութեամբ կը վերադառնայ կեանքին եւ, վերջապէս, իրենց զաւակներէն իսկ լքուած մամիկ-պապիկները կամ Պատսպարանի սաները, երբ զիրենք խնամելու պատրաստ կամաւոր հայ կիներուն ու երիտասարդներուն նուիրական աշխատանքը կը տեսնեն, վստահութեան ներքին փայլ մը կը ցոլայ անոնց աչքերուն մէջ:

Փոխադարձ վստահութեան այս մթնոլորտը գաղութի մեր հայկական կեանքը իւրայատուկ ջերմութեամբ օժտած է: Ահա թէ ինչո՛ւ Հալէպի խաղաղութեան հաստատումէն ետք վերադարձողներ կը տեսնենք`, հակառակ շարունակուող կարգ մը դժուարութիւններուն: Վստահութեան բացակայութիւնը աւերներ կը գործէ, կ’ըսուի յիրաւի… Իսկ այստեղ` Հալէպի մէջ, պատերազմին քանդածը կը վերակառուցուի վստահութեան մթնոլորտին շնորհիւ: Կը տեսնէք, չէ՞, թէ ինչե՛ր կրնան յառաջանալ վստահութեան մթնոլորտի ներկայութեան ու բացակայութեան: Վստահութեան մթնոլորտը կրնայ արտագաղթ կասեցնել, փտածութիւն վերացնել, յառաջդիմութեան ու բարօրութեան թափ տալ նաեւ մեր հայրենիքէն ներս, եթէ անվերապահօրէն ձեւաւորուի:

Այպանումի մասին կը խօսիք: Այպանումի հարց չէ, որ կը դնենք, այլ մօտեցումները յստակացնել եւ մեկնաբանել կը փորձենք: Մենք միասնաբար պէտք է ամրապնդենք դուրսի եւ ներսի կամուրջները: Ահա այս է մեր իսկ զրոյցին նպատակը: «Գանձասար»-ի  յօդուածներուն տակ դրուած ստորագրութիւնները, ներսի եւ դուրսի գրիչներուն հանդիպումը անոր էջերուն վրայ, այս նպատակին կը ծառայեն:

Ձեր ըսածին հիման վրայ վար առնենք վեր գտնուող սրբութիւնները պահ մը եւ մեր զրոյցը տեսականէն գետնի վրայ արձանագրուող զարգացումներուն փորձենք մօտեցնել:

Այլախոհն ու ընդդիմութիւնը բնականաբար միշտ ներկայ պիտի ըլլան իրենց խօսքով ու գործով, մեր գոյութիւնը երաշխաւորող էական հարցերու շուրջ համախոհութիւն գոյացնելը չի նշանակեր ամէն հարցի մէջ համախոհ ըլլալ ու նոյնանման մտածել, սա ճահիճի մէջ խրուիլ պիտի ըլլար իրաւացիօրէն: Բայց էական հարցեր կան, որոնց շուրջ մեր համախոհութիւնը աւելի ուժեղ կը դարձնէ մեզ, այնքան` որքան տարակարծութիւնն ու կարծիքներու բազմազանութիւնը այլ հարցերու մէջ: Այդ հիմնահարցերուն մաս կը կազմեն, օրինակ, Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը, դատապարտումն ու հատուցումը, Արցախի հարցը: Էականը բոլոր կողմերուն միջեւ (սփիւռք-հայրենիք, իշխանութիւն-ընդդիմութիւն) ճիշդ ու վստահելի յարաբերութեան եղանակ ստեղծելն է, որպէսզի կարենանք ճիշդի՛ն համար եւ ոչ թէ իրարու դէմ պայքարիլ: Մէկը միւսին գոյութիւնը արհամարհելու կամ չէզոքացնելու իրաւունք չունի: Բոլորը պէտք է կարենան ապրիլ ու զարգանալ, անկախ այն բանէն, թէ ո՞վ զո՛վ ճիշդ կը գտնէ, զո՞վ` սխալ: Հայրենիքը մեր սերունդներուն համար ներշնչումի աղբիւր է վերջապէս, պետական երիտասարդ գոյութիւն մը, որուն պէտք է գուրգուրալ, իւրաքանչիւրը իր ոճով, իր ըմբռնումի ձեւով: Թէ այդ պետութիւնը որքանո՞վ հայրութիւն կ’ընէ իր զաւակներուն, որքանո՞վ համընդհանուր շահերուն մասին կը մտածէ, որքանո՞վ հայութեան կեդրոնը դառնալու պայմաններ կը ստեղծէ` քննարկելի հարցեր են, որոնք սակայն չեն նսեմացներ անկախ հայրենիք ունենալու մեր առաւելութիւնը:

Մեր թերթին մէջ խօսքին, շահեկան խօսքին լայն տեղ տալու տրամաբանութեամբ կը գործենք: Աւելի՛ն. թերթին ճամբով, խօսքին ճամբով նոր հորիզոններ բանալ կը փորձենք: Մեր այս փորձն ալ կը նպաստէ, պիտի նպաստէ վերը յիշուած խանդի, եռանդի խթանումին, որովհետեւ հաւատք ունեցողն է, որ ճիգ կը թափէ` խօսելու, կացութիւն բարեփոխելու, յուսահատութեան ակնարկելով, յոյսին ծնունդ տալու: Խօսքը, վերջապէս, կ’օգնէ համոզում գոյացնելու, մանաւանդ` պատերազմական միջավայրի մէջ, մարդկային ու ոգեղէն արժէքներու տապալման փորձերուն ականատեսը դարձող զանգուածներուն մօտ:

Չէ՞ք կարծեր, որ խօսքը կը խթանէ ընթերցող եւ գրող մարդուժի պատրաստութիւնը նաեւ:

(Շարունակելի)


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>