ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ
Այս տարի Փետրուարեան համաժողովրդային ապստամբութեան 97-ամեակը կը զուգադիպի նաեւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան ստեղծման 100-ամեակին: Երկու պատմական դէպքեր, որոնք նոր շունչ եւ ոգի տուին մեր ազգին` լուսաւոր եւ հերոսական էջեր բանալով անոր պատմութեան մէջ:
Անշուշտ ընթերցողը պիտի հարցնէ, թէ ինչո՞ւ Փետրուարեան ապստամբութիւնը կապեցինք Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան ստեղծման 100-ամեակին հետ: Պատասխանը յստակ է: Հայաստանի Հանրապետութիւնը իր ստեղծման առաջին իսկ օրէն ժողովրդավարական կարգերով օժտուած պետութիւն մըն էր: Նոյնքան ընդդիմութեան ազատութիւն տրուած էր, որքան կառավարութիւնը կրնար ինքզինք պաշտպանել: Աւելի՛ն. Վրաստանի եւ Ազրպէյճանի մէջ հալածուած պոլշեւիկները (թունդ հակապետական կուսակցութիւն) ապաստան գտած էին Հայաստանի մէջ, եւ կառավարութիւնը անոնց գործելու իրաւունք տուած էր այնպէս, ինչպէս` միւս ընդդիմադիր տարրերուն: Օրէնքը ո՛չ միայն հաւասարութիւն ապահոված էր բոլոր ազգերուն եւ կրօններուն միջեւ, այլ նաեւ Ա. հանրապետութեան բոլոր կառավարութիւնները հաւասար կարելիութիւններ ընձեռած էին քաղաքացիներուն` առանց որեւէ խտրութեան:
Հայ պոլշեւիկները, շինծու լուրեր տարածելով, օգտագործելով ռուսական յեղափոխութեան «Հաց, ազատութիւն եւ խաղաղութիւն»կարգախօսը եւ օգնութիւն ստանալով Թուրքիոյ մէջ ծաւալած քեմալական շարժումէն, տիրացան իշխանութեան: Իշխանութիւնը ստանալէ ետք ո՞ւր մնացին «Հաց, ազատութիւն եւ խաղաղութիւն» կարգախօսին արժէքները: Ո՛չ միայն հացը, ազատութիւնը եւ խաղաղութիւնը, այլ նաեւ հանրապետութեան ազատութեան եւ ժողովրդավարութեան արժէքներն ալ ոտնակոխուեցան, եւ անոնց փոխարէն` ծնունդ առաւ միակուսակցական համակարգը, որ վերջ դրաւ ազատութիւններու դրախտին:
Ազատութիւններու խախտումներու պայմաններուն մէջ ժողովուրդը ընդվզեցաւ պոլշեւիկեան քաղաքականութիւններէն: Այսպիսով, ժողովուրդի կամքէն ու առօրեայ կեանքի դէմ բողոքէն ծնունդ առաւ Փետրուարեան ապստամբութիւնը: Անիկա եղաւ հանրապետութեան ազատութեան ու ժողովրդավարութեան սկզբունքները վերականգնող ուժը: Անիկա եղաւ Խորհրդային Միութեան մէջ առաջին համաժողովրդային շարժումը, որուն արձագանգները տարածուեցան միութեան բոլոր անկիւնները եւ գաղափարական ջուր տուին ազատութեան ծարաւներուն: Խօսքի, կրօնի, հաւաքի եւ քաղաքական բիւրեղացման դրօշը բարձր պահող պատմական դէպքն էր անիկա, որ մեր հայրենիքի դաշտերուն իբրեւ մատաղ արիւն թափեց ժողովրդավարութեան խորանին առջեւ:
Այսօր Փետրուարեան ապստամբութեան յիշատակի յարգանքը մեր ազգային պետականութեան համար ունի երկու կարեւոր աժէքներ, որոնք հետեւեալներն են.
Ա.- Առաջին հանրապետութեան 100-ամեակի ձեռնարկներ մէկը պէտք է նկատուի Փետրուարեան ապստամբութեան յիշատակի ոգեկոչումը, որովհետեւ անիկա տեղի ունեցաւ, որպէսզի վերականգնէ Ա. հանրապետութեան կարգերը, որոնք հիմնուած էին ազատութեան եւ ժողովրդավարութեան սկզբունքներուն վրայ.
Բ.- Ներկայ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, իբրեւ Ա. հանրապետութեան ժառանգորդ, պէտք է նաեւ ամրապնդէ Փետրուարեան ապստամբութեան ժողովրդավարական արժէքները` ծաւալուն պայքար մղելով ընդդէմ շուկաներու մենաշնորհներուն եւ փտածութեան: