Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

«Վաւերագրական Լուսանկարչութեան Գաղափարները Դժուար Մէջտեղ Կու Գան, Բայց Խորունկ Են, Աշխարհի Հետ Յարաբերութեան Դրսեւորում Են», «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Արա Օշական

$
0
0

Հարցազրոյցը վարեց` ՍԻԼՎԻ ԱԲԷԼԵԱՆ

Վերջերս Լիբանան կը գտնուի արուեստագէտ եւ լուսանկարիչ Արա Օշականը, որ լիբանանահայութեան եւ իր ընտանեկան անցեալին վերաբերող լուսանկարներ նկարելու ծրագիրով կը գտնուի հոս: «Ազդակ» հարցազրոյց մը ունեցաւ լուսանկարիչին հետ` իմանալու անոր այցելութեան նպատակին, նախորդ փուլին իրականացուցած ծրագիրներուն եւ գործունէութիւններուն, ինչպէս նաեւ ապագայի հեռանկարներուն մասին:

«ԱԶԴԱԿ».- Կը պատմէ՞ք արուեստի մէջ ձեր անցած ճանապարհին մասին:

ԱՐԱ ՕՇԱԿԱՆ.- Լուսանկարչութեան սկսայ, որովհետեւ կ՛ուզէի գրող ըլլալ: Մեր ընտանիքին մէջ քանի մը գրող կայ: Երբ ընտանիքիդ մէջ գրողներ կան, որոշ ընթացք մը կ՛ունենաս գրելու, բայց նոյն ատեն կ՛ուզես միշտ իրենց շուքին տակէն դուրս գալ, որովհետեւ եթէ իրենց ըրածը կրկնես, ոչինչ ըրած կ՛ըլլաս: Պէտք է քու ձեւդ գտնես: Ուսանեցայ գրականութիւն եւ բնագիտութիւն, որ ապրուստի համար գործածեցի: Սկսայ անգլերէնով գրել: Կարճ-կարճ գրութիւններ ունէի եւ կ՛ուզէի յարմար լուսանկարներ դնել: Նկարիչ ընկերներէ խնդրեցի, որ լուսանկարեն ինծի համար, բայց չսիրեցի նկարները: Ես սկսայ նկարել: Եւ այսպէս,  լուսանկարչութիւնը դիւրութեամբ ու հեզասահութեամբ մտաւ կեանքիս մէջ, եւ անցայ լուսանկարչութեան: Այն գործը, որ կ՛ուզես աշխատիլ, պէտք է նաեւ նկարագիրիդ հետ ալ կապուած ըլլայ: Գրելու համար պէտք է ժամերով նստիս, գրես, սրբագրես: Ես նկարագիրով նստակեաց չեմ, միշտ շարժումի մէջ եմ: Լուսանկարչութիւնը շարժում է. վաւերագրական լուսանկարչութիւնը փողոցը, մարդոց հետ գործ ունի եւ անընդհատ շարժում կ՛ենթադրէ. ասիկա իմ նկարագիրիս հետ աւելի համապատասխանեց: Սկսայ պատրաստել տարբեր ծրագիրներ, որոնք մօտ են ինծի, իմ ինքնութեանս. ինծի համար ամէնէն կարեւոր հարցը այն է, թէ ո՛վ ենք, ի՛նչ ենք, ո՛ւր ենք, ո՛ւրկէ կու գանք: Նկարչութեան միջոցով կը փորձեմ մօտենալ այս հարցերուն` նկարելով տարբեր տեղեր, որոնք կապ ունին իմ անցեալիս հետ: Ո՛չ միայն իբրեւ հայ, այլ` աշխարհի քաղաքացի, որովհետեւ հայութեամբ մեծցած եմ, հայութեան ճամբով կը փորձեմ  միջազգային գաղափարներու շուրջ աշխատանք ծաւալել: Լոս Անճելըսը նկարած եմ, Արցախը, բանտերու մէջ նկարած եմ, Քալիֆորնիոյ ամէնէն մեծ երկրագործական տարածքին վրայ գործեր կատարած եմ, 20 տարի ալ Եղեռնէն վերապրածներու հետ աշխատած եմ: Ես եւ ընկերս` Լեւոն Փարեանը, տարիներով մեր վերապրողներուն հետ հարցազրոյցներ կատարած ենք: Ուրեմն 20 տարի նկարելէն ետք, 2015-ին Լոս Անճելըսի ամէնէն կարեւոր կեդրոններէն մէկուն մէջ ցուցահանդէս կազմակերպեցինք: Վերապրողներու մեծ-մեծ նկարները դրինք մինչեւ 16 ոտք հասնող կառոյցերու վրայ:

Եղեռնը ամբողջովին խանգարած է մեր պատմութիւնը, ընտանիքները, վայրերը. քաղաքական հարցերէն զատ` ընդհանուր խանգարում մը կայ մեր պատմութեան մէջ, պատմութեան ընթացքը խանգարուած է: Լիբանանեան պատերազմն ալ նորէն իմ ընտանիքիս կեանքի ընթացքը խանգարած է, որովհտեւ մենք հոս էինք. ես հոս ծնած եմ, յետոյ փախուստ տուած ենք Միացեալ Նահանգներ: Կատարած աշխատանքս այս գաղափարներուն կը կապուի: Արուեստին մէջ պատասխան չկայ: Արուեստը կը փորձէ միայն հարցումը ուղղել, այդ ալ` ճիշդ ձեւով:

Վաւերագրական լուսանկարչութիւնը աշխարհի հետ շփումի արուեստ է. նման չէ նկարչութեան, ուր միտքիդ մէջ եղածը կը յանձնես պաստառին, որովհետեւ լուսանկարչութիւնը աշխարհի հետ շփում, կենդանի կապ կ՛ենթադրէ: Վաւերագրկան լուսանկարչութեան գաղափարները դժուար մէջտեղ կու գան, բայց աւելի խորունկ են, աշխարհի հետ յարաբերութեան մէջ են:

«Ա.».- Ի՞նչը կը նկատէք ձեր մեծագոյն ձեռքբերումը:

Ա. Օ.- Երկու բաժինով կարելի է պատասխանել այս հարցումին. այն գործս, որ իմ ամէնէն սիրելի գաղափարս կրցաւ մէջտեղ բերել, եւ այն գործս, որ ամէնէն շատ ընդունուեցաւ հասարակութեան կողմէ:

Իմ գործերէս ամէնէն շատ ընդունուեցաւ վերապրողներու հետ ըրած ծրագիրս, որ կազմակերպեցինք Լոս Անճելըսի քաղաքի կեդրոնին մէջ եւ երկու տարի ետք` Կլենտէյլի մէջ: Բոլոր թերթերը գրեցին, հարիւրաւոր մարդիկ եկան, տեսան: Մեր խումբը մրցանակ ալ ստացաւ` «Կլոպըլ թինքըրզ 2015»: Շատ հետաքրքրական էր: Ստեղծեցինք հսկայ կառոյցներ, որոնց վրայ տեղադրեցինք վերապրածներուն դէմքերը միայն, երբ կառոյցներուն մէջտեղը կանգնէիր, կը շրջապատուէիր վերապրածներու աչքերով: Այդ տարածքին մէջ եղողը եւ դիտողը երրորդ-չորրորդ սերունդի ականատես կը դառնար: Այդ տարածքին մէջ պահը կը փոխանցուէր նկարէն` դիտողին: Իրօք լայն տարածում գտաւ:

Բայց ինծի շատ աւելի մօտիկ են սփիւռքի եւ ինքնութեան հարցերը, թէ ո՛վ ենք, ի՛նչ ենք: Ի՞նչ ըսել է` ապրիլ սփիւռքի մէջ: Լոս Անճելըսի, Արցախի եւ Պէյրութի ծրագիրս ինծի համար շատ կարեւոր է. նկարած եմ Լոս Անճելըսը, որ անմիջական միջավայրս է. Արցախը որպէս սփիւռք հայ գացած ու նկարած եմ. հոն հայրենիք է, վերադարձ մը կայ, որպէս սփիւռք` յարաբերութիւն կայ հայրենիքին հետ: Այս ծրագիրին երրորդ մասը Պէյրութն է, ուր ծնած եմ, հոս ալ վերադարձ մը կայ, բայց` հսկայական բացակայութենէն ետք: Տեսէք`բոլոր գործերուս մէջ ալ կայ ընթացքը խանգարելու գաղափարը, զոր փորձած եմ մէջտեղ բերել:

«Ա.».- Ի՞նչ են ձեր նոր ծրագիրները: Ի՞նչ նպատակով այցելած էք Լիբանան:

Ա. Օ.- Լոս Անճելըս, Արցախ եւ Պէյրութ հիմնական ներկայութիւններն են իմ կեանքիս մէջ: Արցախը հայրենիքս է, Պէյրութ` ծննդավայրս, Լոս Անճելըս` ապրած վայրս: Արդէն երրորդ անգամն է, որ Պէյրութ կ՛այցելեմ այս գործով: 1975-էն առաջուան ներկայութիւնը դեռ հոս  է ձեւով մը. ընտանիքս, մարդիկ… Դեռ հօրս շատ լաւ կը ճանչնան հոս, մեր ընտանեկան ներկայութիւնը կայ Պէյրութի մէջ… ծնողքս հոս պսակուած են, ներկայի եւ անցեալի յարաբերութեան հարց մը կայ: Վաւերագրական լուսանկարչութիւնը դժուար կը յարաբերի անցեալին հետ, որովհետեւ վաւերագրական լուսանկարները ներկայի մասին են, չես կրնար անցեալը նկարել, այսօրը կը նկարես միայն: Լուսանկարին համար անձերը, տեղը կարեւոր են, բայց ամէնէն կարեւորը կառոյցն է, որուն միջոցով կը դրուին հարցումները: Մենք բազմերես ինքնութիւն ունինք եւ անընդհատ մէկէն միւսը կ՛անցնիք: Չենք կրնար ըսել` ամբողջովին հայ ենք կամ ամբողջովին ամերիկացի կամ արաբ, բայց մեր ինքնութիւնը մէջտեղ կու գայ մէկէն միւսը անցնելու ընթացքին: Չենք կրնար ըսել, որ արաբերէն չենք գիտեր: Հայաստանի մէջ ալ ռուսերէն կը խօսին, հոն ալ բազմերես ինքնութիւն կայ: Ամբողջովին յստակ չէ մեր ինքնութիւնը ի՞նչ  է, որովհետեւ տարբեր բաներէ բաղկացած է. նկարներուս կառուցաւորումը ատոր մասին  է, անյայտութիւն, անյստակութիւն կայ նկարներուս մէջ` այս գաղափարին հետ կապուած: Այս ծրագիրս ապագային գիրքով պիտի հրատարակուի:

Լոս Անճելըսի մէջ ցուցահանդէս կազմակերպելու պատասխանատու եմ, նոր գործ մըն է ինծի համար: Յաջորդ ցուցահանդէսը պիտի ընենք հայկական փոսթ մեմըրիի մասին. փոսթ մեմըրին, երբ ժողովուրդ մը ողբերգական վիճակէ մը կ՛անցնի, բայց եկող սերունդները կը զգան այդ եղածը յիշողութեան պէս, որովհետեւ մեզի այնքան անցած են այդ վիճակները, պատկերները այնքան փոխանցուցած են սերունդէ-սերունդ, որ մեր յիշողութիւններն են կարծես: Այս ցուցահանդէսին պիտի ապահովենք մասնակցութիւնը հայ արուեստագէտներու:

Ունիմ նաեւ այլ ծրագիրներ, որոնք, սակայն, դեռ զարգացած չեն: Կայ այսօրուան նկարները հին նկարներու միացնելու գործ մը, որ ընթացքի մէջ է:

Արցախ շատ կը սիրեմ. ժողովուրդը, կեանքի պարզութիւնը. մարդոց կեանքը դժուար է Արցախի մէջ, տնտեսական պայմանները վատ են, բայց կը լաւանայ. Երեւանէն  շատ տարբեր է, մարդիկ աւելի շատ պարզ են, անոնց ազգային ջիղը շատ զօրաւոր է: Շուշիի մէջ երկար ժամանակ անցուցած եմ, դժուար է դեռ Շուշիի կեանքը, չէ վերականգնած ամբողջովին: Վերաբնակեցման մասին ծրագիր մը ըրած եմ Շուշիի մէջ: 2012-ին 16-18 արուեստագէտներ հաւաքուեցան Շուշիի մէջ` ծրագիր մը ներկայացնելու: Ես որոշեցի փլատակ շէնքերէն մէկը վերաբնակեցնել նկարներով: Ամառը նկարեցի մարդիկ եւ անոնց նկարները փլատակ շէնքի մը պատուհաներուն մէջ դրի, այսինքն` վերաբնակեցուցի շէնքը նկարով: Շատ լաւ ընդունուեցաւ ժողովուրդին կողմէ:  2016-ին ուրիշ ծրագիր մըն ալ ըրած եմ Արցախի մէջ: Նիւ Եորքի մէջ ցուցահանդէսս կը ներկայացուէր, մինչ ես նոյն ժամանակ Արցախ գացի այն ընտանիքին քով, որուն տունը նկարած էին, եւ որուն նկարը դրուած էր ցուցահանդէսին: Այդ ընթացքին սքայփով ցուցահանդէսին կապուեցանք: Ցուցահանդէս այցելողները կրնային տեսնել նկարին մէջի ընտանիքը` սքայփի պաստառէն: Արուեստագէտ կին մըն ալ սկսաւ երգել Նիւ Եորքի մէջ, մինչ նոյն ատեն արցախցի ընտանիքին հայրը սկսաւ նուագել: Այսպէս, իսկական կապ մը ստեղծուեցաւ, կամրջային գործ մը եղաւ Արցախի եւ Նիւ Եորքի միջեւ:

Ունիմ գիրք մըն ալ, զոր նոր հրատարակեցի` նկարի եւ երաժշտութեան մասին: Երաժիշտ Գոռ Մխիթարեանը նկարեցի 10 տարի: Գիրքին գաղափարը նկարի եւ երաժշտութեան միջեւ կամուրջ մը ստեղծելն էր: Ամբողջ գիրքը կազմաւորուած է երաժշտութեան կշռոյթով:

Արհեստագիտական համակարգ մըն ալ օգտագործեցի այս գիրքին համար: Ուրեմն յատուկ պատրաստուած APP մը պատրաստեցինք, որ գիրքին մէջ որոշ նկարներ կը ճանչնայ, եւ երբ ճանչնայ նկարը, Գոռի երաժշտութիւնը կը նուագէ: Գոռ նկարին հետ երաժշտութիւնը կը լսես: Նկարի եւ երաժշտութեան համադրում մըն է գիրքը:

Ծրագիրներ կան ու պիտի ըլլան:

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>